ՊՈԼԻՍ, <<Նիուզ>>.- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի աթոռակից պատրիարքի ընտրութեան համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են երկու հոգեւոր առաջնորդ՝ Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ եպիսկոպոս Չուլճեան եւ Գերմանիոյ հայերու հոգեւոր առաջնորդ Գարեգին եպիսկոպոս Բեկչեան, որոնք ծնած են Թուրքիոյ մէջ եւ հետեւաբար կը լրացնեն թեկնածութեան համար անհրաժեշտ կարեւորագոյն նախապայմանը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ հայ համայնքը պաշտօնապէս դիմած էր Պոլսոյ իշխանութիւններուն Հայոց պատրիարքարանի աթոռակիցի ընտրութիւններ իրականացնելու թոյլտուութիւն ստանալու համար, քանի որ Թուրքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ՝ Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան հիւանդ է եւ չի կրնար լիարժէք կատարել իր պարտականութիւնները:
Ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Պոլսոյ հայ համայնքի աւելի քան 50 հազար անդամ: 54 ամեայ Մեսրոպ պատրիարքը մինչեւ իր մահը պիտի պահպանէ իր տիտղոսը։
<<Հուրրիէթ>> թրքական օրաթերթը Պոլսոյ պատրիարքութեան մասին Հինգշաբթի օր հրատարակած է յօդուած մը, ուր կը նշուի, որ Մեսրոպ սրբազան <<խոր լռութեան>> մատնուած է 2007ին, իր մտերիմ բարեկամ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք: Ըստ <<Հուրրիէթ>>ի, Տինք Մութաֆեանի թելադրանքով ձեռնարկած էր <<Ակօս>> երկլեզու թերթի հրատարակութեան:
<<Հուրրիէթ>>ի թղթթակիցը Մութաֆեան պատրիարքի մասին խօսած է <<Ակօս>>ի խմբագրութեան երկու անդամներու՝ Էթիէն Մահճուպեանի եւ Սեւան Նշանեանի հետ: Այս վերջինը, որ ինքզինք ներկայացուցած է իբրեւ պատրիարքին շատ մօտիկ մարդ, թերահաւատութիւն յայտնած է սրբազանի հիւանդութեան վերաբերեալ, զայն նկատելով անբնական ու կասկածելի:
<<Ես պատրիարքին հանդիպած եմ բազմաթիւ առիթներով: Ինծի համար շատ դժուար է հաւատալ, որ անոր հիւանդութիւնը բնական պայմաններու արդիւնք է>>, յայտնած է Նշանեան <<Հուրրիէթ>>ին: