By Asbarez | Saturday, 09 January 2010

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Նայիրի Նահապետեան որոշած է իր թեկնածութիւնը դնել Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի ընտրութեանց: Աթոռը թափուր մնացած էր, երբ Փօլ Գրիգորեան Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին անդամ ընտրուած էր Դեկտեմբերին:
<<Խորհրդարանին մէջ ներկայացուցիչ մը պէտք ունինք, որ մօտէն ծանօթ ըլլայ տեղական կառավարութեանց աշխատանքներուն: Ես միակ թեկնածուն եմ, որ այդ մակարդակի փորձառութիւնը պիտի կարենայ Սաքրամեթօ հասցնել>>, կ՛ըսէ Նահապետեան:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ կրթական համակարգը բարեկարգելու աշխատանքներուն մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած Նահապետեան 1996ին հանդիսացած էր հիմնադիրներէն մէկը <<Յաջորդ սերունդը>> խորհրդատուական ծրագրին, որուն նպատակն է խորհրդատուական սպասարկութիւններ տրամադրել հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու:
Նաեւ, իբրեւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ, Նահապետեան միջոցներ գտած է իրագործելու կրթական արդիական ծրագիրներ, հակառակ այն իրողութեան, որ վերջին տարիներուն կրթական մարզին ամավարկը յաճախ կը կրճատուէր նահանգին ու քաղաքին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն հետեւանքով:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքին սահմաններէն ներս կ՛իյնան Կլենտէյլն ու Պըրպէքնը, ինչպէս նաեւ Էթուաթըր վիլէճ, Լորըլ Կրով, Լոս Ֆելիզ, Սիլվըր Լէյք, Նորթ Հոլիվուտ, Թոլուքա լէյք, Թոլուքա Վուտզ, Թոլուքա Թերըս, Վէլի Կլէն ու Վէն Նայզ շրջանները: Կ՛ակնկալուի, որ արտակարգ ընտրութիւնը տեղի ունենայ Ապրիլին, իսկ կրկնակի ընտրութիւնները՝ Յունիսին:
Նահապետեան իր ընտանիքին հետ Կլենտէյլ փոխադրուած է 1986ին եւ ուսումը ստացած է Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանին ու համայնքային համալսարանին մէջ: Ան հոգեբանութեան մարզին մէջ իր պսակաւոր արուեստից վկայականը, իսկ ընկերային սպասարկութեանց մարզին մէջ մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է UCLAէն: Ան ներկայիս կը դասախօսէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan