By Asbarez | Friday, 03 February 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը փոքրիկ Հայաստան է: «Սի.Էն.Էն.»ը այսպէս կը սկսի հայ բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի մասին իր տեսագրութիւնը (ռեփորթաժ):
«Պուրճ Համուտը հիմնադրուած է 1930ականներուն՝ հայ գաղթականներուն կողմէ, որոնք Օսմանեան կայսրութեան կործանման շրջանին՝ 1915ին, ջարդերու ենթարկուած էին», կ՛ըսէ «Սի.Էն.Էն.»ի լրագրող Շամս Էլուազեր՝ աւելցնելով, որ հայերը եւ բազմաթիւ պատմաբաններ այդ իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն» կը նկատեն, սակայն Թուրքիա կը շարունակէ հերքել այդ փաստը:
Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեան «Սի.Էն.Էն.»ի լրագրողին ընկերակցած է իր հարազատ Պուրճ Համուտի ամէնէն սիրելի վայրերէն անցնելու ատեն:
«Եթէ ինծի հարցնեն՝ ո՞վ եմ ես, պիտի ըսեմ՝ հայ եմ: Պուրճ Համուտը էական դեր ունեցած է իմ կայանալուս մէջ, այստեղ ձեւաւորուած է իմ հայկական հայրենասիրութիւնս: Այստեղ հայ գրականութիւնն ու հայ մշակոյթը կրկին արմատներ գտան», կը նշէ Պեզճեան:
Պեզճեան հեղինակն է «Միւռոն» ժապաւէնին, որուն մէջ կը նկարագրուի հայկական սրբազան հեղուկի կարեւորութիւնը հայ մշակոյթին եւ կեանքին մէջ առհասարակ: «Այսօր պատրաստուող միւռոնը ուղղակիօրէն մեզ կը կապէ 301 թուականին, երբ Հայաստան ընդունեց քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն, իսկ եկեղեցին հայկական մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ միշտ ալ կարեւոր դեր խաղացած է», կը նկարագրէ Պեզճեան:
Տեսագրութիւնը կ՛եզրափակուի Նիկոլ Պեզճեանի հռետորական հարցով, որուն կը պատասխանէ ինքը՝ ըսելով. «Աշխարհի այս մասին մէջ ինքնութեան մասին այդքան շատ չեն խօսիր. ատիկա ի վերուստ տրուած է: Ինքնութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի յայտնագործութիւնն է. ո՞վ ես դուն: Դուն այն ես, ինչ որ կաս»:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan