ՀՕՄ Ամերիկայ Հայիթիի Աղէտեալ Ժողովուրդին Օգնելու Կոչ Կ՛ընէ

By Asbarez | Monday, 18 January 2010

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ՀՕՄի անդամներուն եւ համակիրներուն, իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հայիթիի ահաւոր երկրաշարժի աղէտեալներուն նպաստելու աշխատանքներուն, ՀՕՄի հաստատած Հայիթիի օգնութեան հիմնադրամին միջոցաւ:

«ՀՕՄը կը ցաւակցի Հայիթիի ժողովուրդին հետ», ըսաւ Սօսի Փօլատեան, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին: Անդրադառնալով Հայաստանի 1988ի աղէտալի երկրաշարժին, ան աւելցուց. «Ինչպէս բոլոր աշխարհը հասաւ մեր օգնութեան, մենք եւս մեր կարելին պիտի ընենք հասնելու այս աղէտեալ ժողովուրդին պէտքերուն»:

Իբրեւ իր ծրագրի հիմնական նպատակներէն մէկը, ՀՕՄը երկրաշարժներէ, փոթորիկներէ, կրակներէ եւ այլ բնական աղէտներէ վերապրողներուն ի նպաստ յատուկ յատկացումներ կ՛ընէ դարէ մը ի վեր: Յունաստանի, Մեքսիքայի կամ Նիւ Օրլինը հարուածած «Քաթրինա» փոթորիկի աղէտեալները ՀՕՄէն օգնութիւն ստացած են:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր գաղութի անդամներուն, որ առատաձեռնօրէն մասնակցին այս հանգանակային արշաւին, գիտակցելով, որ թէ փոքր եւ թէ մեծ գումարները տարբերութիւն մը պիտի ընեն աղէտեալ գօտիէն ներս:

Ձեր տուրքէ զերծ նուիրատուութիւնները կարելի է տրամադրել ՀՕՄի կայքէջին միջոցաւ՝ www.arswestusa.org/donate էջով, ուր Հայիթիի օգնութեան հիմնադրամը (Haiti Relief Fund) ձեր առաջին ընտրութիւնը պիտի ըլլայ: Նուիրատուութիւններու չէքերը նաեւ կարելի է ղրկել ՀՕՄի շրջանային գրասենակ, նշելով ձեր օգնութեան նպատակը՝ ARS of Western USA, Regional Executive, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202-2812:

 

comments

Advertisement