Քոնկրեսականներ Կը Քննադատեն Քլինթընի Թրքամէտ Կեցուածքը

By Asbarez | Monday, 06 February 2012

Ռապըրթ Տոլտ եւ Էտըմ Շիֆ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 304 բանաձեւի գլխաւոր հեղինակներ Էտըմ Շիֆ եւ Ռապըրթ Տոլտ ստորագրահաւաքի մը սկսած են՝ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի դէմ յղուելիք նամակի մը համար, ուր կը քննադատուի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին Քլինթընի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը:

Քլինթըն յայտարարած էր, թէ «պատմական բանավէճ» մը տեղի պէտք է ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով: Այդ յայտարարութեան ակնարկելով՝ քոնկրեսականները կը գրեն, թէ Քլինթըն պէտք է ետ քաշէ իր այդ խօսքը, որովհետեւ անոր կեցուածքը սկսած է գրեթէ նոյնանալու Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան: Անոնք կ՛աւելցնեն, թէ Քլինթըն պէտք է յստակօրէն ընդունի Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը՝ յիշեցնելով, թէ «ցեղասպանութիւն» բառը ստեղծուած էր՝ օրինակ ունենալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Քաջալերելու համար ձեր շրջանի քոնկրեսականները, որ սոյն նամակը ստորագրեն, այցելեցէք http://anca.org/press_releases/press_releases.php?prid=2098 կայքէջը:

comments