Հանդիպում՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Յունաստանի Նախագահին Միջեւ

By Asbarez | Monday, 18 January 2010

ԱԹԷՆՔ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս, Յունուար 15ին, պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի Նախագահ Քարօլոս Փափուլիասի հետ, Աթէնքի նախագահական ապարանքին մէջ, ներկայութեամբ Յունաստանի Եկեղեցւոյ պետ՝ Հերոնիմոս Բ. արքեպիսկոպոսին, եւ հայ ու յոյն բարձրաստիճան հոգեւորականներու պատուիրակութեան:

Հանդիպման պաշտօնական բաժնով տեղի ունեցաւ ողջոյններու փոխանակում եւ Վեհափառ Հայրապետը նախագահ Փափուլիասին փոխանցեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Միշէլ Սլէյմանի բարեմաղթութիւնները: Նախագահը, իր կարգին, ուրախութիւն յայտնեց ազգային միասնական կառավարութեան կազմութեան գծով, եւ մաղթեց որ Լիբանանի միասնականութիւնը իր ազդեցութիւնը ունենայ նաեւ առհասարակ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացին:

Հանդիպման ընթացքին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հանգամանօրէն անդրադարձաւ քանի մը էական հարցերու: Նախ, վեհափառը շեշտեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան ու վկայութեան կարեւորութիւնը համայն քրիստոնեայ աշխարհին համար: Քրիստոնէութեան ծննդավայրին մէջ անոր ամուր պահպանումը ու մանաւանդ իսլամութեան հետ գոյակցութիւնը միջ-կրօնական առումով անհրաժեշտութիւն մը նկատեց հայրապետը:

Ապա, հայրապետը խօսեցաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու դարաւոր կապերուն ու պատմութեան ընթացքին արձանագրած բարեկամական յարաբերութեանց: Պատմական անցեալը վկայակոչելով, Վեհափառ Հայրապետը միջ-եկեղեցական շարժման պատմութիւնը տարաւ մինչեւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութիւնը:

Հանդիպման վերջին բաժնով, վեհափառին ու հանրապետութեան նախագահին խօսակցութիւնները կեդրոնացան Յունաստանի հայ գաղութին վրայ: Վեհափառը հաւաստիացուց, որ Հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց ապրած երկիրներու լիիրաւ քաղաքացիներն են, իսկ Եւրոպական այս ցամաքամասին վրայ՝ Յունաստանի մէջ, ամբողջութեամբ շաղուած երկրի ժողովուրդի կեանքին ու մշակոյթին, պահելով հանդերձ իրենց ազգային աւանդութիւնները, կը ջանան իրենց պատկանած երկրին կեանքը ծաղկեցնել, իրենց արդար վաստակով ու քաղաքացիական պարտաճանաչութեամբ:
Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Իշխանի շքանշանով պարգեւատրեց Նախագահը: Իսկ պարոն Նախագահը Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց Աւետարանի թանկարժէք ոսկեպատ կողք մը:

Նախագահական հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Յունահայոց Առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան, Կոմիտաս արք. Օհանեան, Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան, Մասիս վրդ. Զօպույեան, Մեսրոպ աբղ. Սարգիսեան եւ Յունաստանի թեմի Ազգային վարչութեան անդամներ:

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Յունաստան կ՛այցելէ, Համայն Յունաստանի հոգեւոր պետ, Հերոնիմոս Բ. Արքեպիսկոպոսին յատուկ ու պաշտօնական հրաւէրով:

Օդակայանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնապէս ընդունուեցաւ պետութեան ներկայացուցիչին եւ Յունաստանի եկեղեցւոյ Պետը ներկայացնող մեթրոպոլիտներէ ու եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութեան մը կողմէ:

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ողջունելու եկած էին օդակայան՝ Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանները: Որպէս պետութեան եւ եկեղեցւոյ պաշտօնական հիւրը, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ օդանաւէն էջքին արժանացաւ զինուորական ջոկատի յատուկ պատուի:

Նախագահին հետ հանդիպումէն առաջ, Վեհափառ Հայրապետը նախ ուղղուեցաւ Աթէնքի առաջնորդանիստ եկեղեցին, ուր կատարեց կանոնական աղօթք եւ ապա ուղղուեցաւ նախագահական ապարանք:

Յայտնենք, որ նախագահին հետ հանդիպումէն յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ իրեն Լիբանանի դեսպանատան տուած ճաշկերոյթին:

 

comments

Advertisement