* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
03 February , 2012: Feast of St. Sarkis - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 03 February , 2012: Feast of St. Sarkis - Click here for details

Տինքի Սպանութեան Տարելիցը Կը Նշուի Աշխարհի Տարածքին

Saturday, 23 January 2010     |    |   

Source: Asbarez
Tags: turkey, dink

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Հիւրրիյէթ».- Երեքշաբթի, Յունուար 19ին, թրքական բոլոր թերթերը լման էջերու վրայ արձագանգ հանդիսացան «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան երրորդ տարելիցի լուրին. բազմաթիւ յօդուածագիրներ իրենց զգացումները արտայայտեցին այս կորուստին կապակցութեամբ եւ ժողովուրդը տեղեակ պահեցին ոգեկոչման այն ձեռնարկներէն, որոնք տեղի պիտի ունենային ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին, նաեւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ։
Պոլսոյ մէջ, Երեքշաբթի յետմիջօրէին, «Ակօս» թերթի խմբագրատան դիմաց հաւաքին ներկայ եղան հազարաւոր քաղաքացիներ, հակառակ տեղացող անձրեւին:

Հաւաքին ընթացքին, «Արուեստ՝ խաղաղութեան համար» կազմակերպութենէն քանի մը հոգի խմբագրատան մօտ գտնուող եւ «Էրկենեքոն» կոչուող թաղամասին ցուցատախտակը փոխեցին՝ «Հրանդ Տինքի պողոտայ» ցուցատախտակ մը դնելով անոր փոխարէն: Կազմակերպութեան պատասխանատուները յայտնեցին, թէ իրենք Շիշլիի քաղաքակապետութեան դիմած էին այս փոփոխութիւնը պաշտօնապէս կատարելու համար, սակայն նկատի ունենալով, որ քաղաքապետին հետ իրենց հանդիպումը քանի մը օր ետք տեղի պիտի ունենար, որոշած են անպաշտօն այս փոփոխութիւնը կատարել՝ տարելիցին առիթով:

Ինչպէս հաւաքին կազմակերպիչները արդէն իսկ հաղորդած էին, այս տարուան հաւաքին ընթացքին կարգախօս դարձած էր՝ «Արդարութեան համար. Տինքի համար», որովհետեւ, կազմակերպիչներուն խօսքով՝ «Գիտենք ոճրագործները եւ արդարութիւն կը պահանջենք»:

Հաւաքին ընթացքին ծաղկեպսակներ զետեղուեցան խմբագրատան շէնքին առջեւ եւ մոմեր վառուեցան Տինքի յիշատակին:

Տինքի կինը եւ զաւակները խմբագրատուն կը գտնուէին հաւաքին ընթացքին եւ անոնք եւս շեշտեցին, թէ իսկական ոճրագործները Տինքը ատրճանակով սպաննած երիտասարդները չեն, այլ այդ սպանութիւնը կազմակերպողներեն են, սակայն, դժբախտաբար, անոնք չեն հետապնդուիր իշխանութիւններու կողմէ:

Տինքի զաւակը՝ Արատ (Արարատ) Տինք յայտարարեց. «Այսօր, այս երկրին մէջ, հայերը կրնային բնակչութեան 20 տոկոսը կազմել: 100 տարի առաջ որս էինք Թուրքիոյ մէջ, իսկ այժմ՝ կեր դարձանք»:

Տինքի սպանութեան երրորդ տարելիցին առիթով ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ Անգարայի, Իզմիրի եւ Պուրսայի մէջ: Իզմիրի հաւաքին զուգահեռ, «Պայրաքլը» սրահին մէջ տեղի ունեցան «Յունուար 19ին ի՞նչ պատահած էր» խորագիրով կարծիքներու փոխանակում եւ ժապաւէնի մը ցուցադրութիւն։

Այս առիթով հաւաքներ տեղի ունեցան նաեւ աշխարհի տարածքին. անոնց կարգին նշենք Պերլինի Քոթպուսէր Թոր հրապարակին վրայ կայացած հաւաքը, Քարտիֆի Խաղաղութեան յուշարձանին մօտ ոգեկոչման հանդիսութիւնները, Պրիւքսելի Միշօ հրապարակին վրայ յիշատակութեան հանդիսութիւն եւ Օթթաուայի մէջ կայացած հաւաքը:

Միւս կողմէ, Յունուար 22ին, Պոլսոյ Մխիթարեան սանուց միութեան սրահին մէջ պիտի կազմակերպուի ոգեկոչման հանդիսութիւն մը՝ «Առանց Հրանդի անցնող երեք տարուան ընթացքին՝ Մե՞նք» խորագիրով, որուն իբրեւ բանախօս պիտի մասնակցին Գարին Գարագաշլը, Օրալ Չալըշլար, Իւմիթ Գըվանչ եւ Հայկօ Պաղտատ։

Յունուար 25ին, Պօղազիչի համալսարանին կողմէ, Հրանդ Տինքի ոգեկոչման համար կազմակերպուած է հանդիսութիւն մը, իբրեւ բանախօս ունենալով գանատացի լրագրող, գրագէտ Նայոմի Քլայն։ Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի մեծ դահլիճին մէջ։ Քլայն հանդէս պիտի գայ «Հրանդ Տինք, Մարդկային Իրաւունքներ եւ Արտայայտուելու Ազատութիւն» նիւթով:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Popular Tags
Advertisement