By Asbarez | Tuesday, 14 February 2012
ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանէն աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրը նշած է, թէ օր մը՝ վաղ թէ ուշ, Թուրքիան պիտի ընդունի անցեալը:
«Մենք տարածք չենք ուզեր: Մի՛ վախնաք», նշած է ան՝ դիմելով թուրքերուն: Ան օրինակ բերած է ֆրանս-գերմանական յարաբերութիւնները եւ նշած, որ այսօր Գերմանիան Ֆրանսայէն չի պահանջեր վերադարձնել Էլզասն ու Լոթարինկիան:
«Մեծ թիւով հայեր իմ ըսածիս համաձայն կրնան չըլլալ», նշած է Ազնաւուր: (Մենք բացարձակապէս կը մերժենք Ազնաւուրի այս մօտեցումը-«Ասպարէզ»):
Անդրադառնալով Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին՝ Ազնաւուր նշած է, որ մեծ ուրախութեամբ ընդունած է Ծերակոյտին կողմէ օրինագիծին ընդունումը եւ այս առնչութեամբ շնորհակալական նամակ յղած է նախագահ Սարքոզիին:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan