* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Օպամա Կ՛առաջարկէ 19 Տոկոսով Կրճատել Հայաստանի Յատկացուող Տնտեսական Օգնութիւնը

Tuesday, 14 February 2012     |    |   

Source: Asbarez
Tags: anca, usa, armenia

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Երկուշաբթի, Փետրուար 13ին  ներկայացուած 2013ի ամավարկի նախագիծին մէջ առաջարկուած է 19 առ հարիւրով կրճատել Հայաստանին յատկացուելիք տնտեսական օժանդակութիւնը:

Օպամա առաջարկած է 27,219,000 տոլար տնտեսական օգնութիւն տրամադրել Հայաստանին, ինչ որ 32 առ հարիւրով նուազ է 2012ին Քոնկրեսին կողմէ վաւերացուած տնտեսական օգնութեան չափէն, որ 40 միլիոն տոլար էր։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ 2013ին տնտեսական օժանդակութեան մէջ ներառնուած չեն թմրեցուցիչներու եւ իրաւակարգի նկատմամբ միջազգային վերահսկողութեան ծրագիրի ծիրէն ներս՝ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայաստանին յատկացուելիք 2,824,000 տոլարը եւ Առողջապահութեան համաշխարհային ծրագիրներու ծիրէն ներս յատկացուելիք 2,500,000 տոլար օգնութիւնը։ «Եթէ այդ երկու գումարները աւելցնենք տնտեսական օժանդակութեան հիմնադրամի ծիրին մէջ առաջարկուելիք 27,219,000 տոլար օգնութեան, ապա Հայաստանին համար նախատեսուած տնտեսական օգնութեան ընդհանուր գումարը 32,543,000 պիտի կազմէ, ինչ որ փաստօրէն 19 առ հարիւրով նուազ է 2012ի օժանդակութենէն», նշուած է Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ։

«Մենք տխուր ենք, սակայն զարմացած չենք, որ Օպամա անգամ մը եւս կը փորձէ կրճատել Հայաստանի տնտեսական օգնութեան չափը։ Անոր վարչակազմը առաջարկած է այս տարի 19 առ հարիւրով կրճատել Հայաստանի օգնութեան չափը՝ հակառակ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շրջափակումէն բխող կործանիչ հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի, Իրաքի ու Քոսովոյի մէջ ամերիկեան առաքելութիւններուն ու Ուաշինկթընի տարածաշրջանային նախաձեռնութիւններուն՝ Հայաստանի աջակցութեան», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ Դատի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Ինչ կը վերաբերի ռազմական օգնութեան, ապա Օպամայի վարչակազմը առաջարկած է օտարերկրեայ ռազմական օժանդակութեանց եւ միջազգային ռազմական կրթութեան ու ուսուցման ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հաւասարաչափ օժանդակութիւն տրամադրել՝ յաջորդաբար՝ 2.7 միլիոն տոլար եւ 600,000 տոլար։ 2013ի ամավարկի նախագիծին մէջ Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուելիք օժանդակութեան մասին չի խօսուիր։

Ատրպէյճանի յատկացուած օժանդակութեան գումարը 2012ի 16.6 միլիոն տոլարէն նուազած է 11,029,000 տոլարի, իսկ Վրաստանին յատկացուած օգնութիւնը՝ 66 միլիոնէն 42,660,000 տոլարի։

Միջազգային ռազմական կրթութեան եւ ուսուցման ծիրին մէջ Օպամա առաջարկած է Թուրքիոյ յատկացնել 3.6 միլիոն տոլար։ Առաջարկին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ Թուրքիա կարեւոր դաշնակից մը կը նկատուի Ուաշինկթընի համար:

Նշենք, որ ամավարկին առաջարկը պէտք է քննուի Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ: Քննարկումներուն ընթացքին յատկանշական փոփոխութիւններ կրնան տեղի ունենալ:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement