Կալես (Wales) Կը Ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 02 February 2010

ՔԱՐՏԻՖ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 27ին, Կալեսի առաջին նախարար (վարչապետ) Քարուին Ճոնզ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ ամբողջացնելով Բրիտանիոյ մէկ մասնիկը կազմող այս երկրին մէջ 2001ին սկսած ճանաչման արշաւը:

Արդարեւ, այդ օրերու առաջին նախարար Ռոտրի Մորկըն ծաղկեպսակ մը զետեղած էր Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, իսկ 2002ին, երկրին խորհրդարանը պաշտօնապէս ճանչցած էր Ցեղասպանութիւնը:

Չորեքշաբթի օրուան ձեռնարկին ընթացքին յիշատակուեցան նաեւ հրէական ողջակիզման, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ այլ ցեղասպանութեանց զոհերը: Լոս Անճելըսի <<Սայմըն Ուիզընթալ>> կեդրոնէն կրօնապետ Արոն Հէյըր եւս ելոյթ ունեցաւ նոյն ձեռնարկին ընթացքին՝ հաստատելով Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը:

Ձեռնարկի իրականացման գործին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր համայնքի ղեկավարներէն Ճան Թորոսեանը:

Յատկանշական է, որ ճիշդ երկու տարի առաջ, Քարտիֆի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանը սրբապղծուած էր, իսկ Չորեքշաբթի օրուան ձեռնարկի աւարտին, մասնակիցները ծաղկեպսակներ դրին նորոգուած յուշարձանին առջեւ:

Կալեսի առաջին նախարար Քարուին Ճոնզ անդամ է Բրիտանիոյ իշխող՝ Աշխատաւորական կուսակցութեան, որուն ղեկավարը՝ Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն, Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան աջակցողներէն մէկն է:

comments

Advertisement