* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
03 February , 2012: Feast of St. Sarkis - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 03 February , 2012: Feast of St. Sarkis - Click here for details

Կորտըն Կոչ Կ՛ընէ Արձանագրութիւնները Չկապելու «Այլ Հարցեր»ու Հետ

Monday, 08 February 2010     |    |   

Source: Asbarez
Tags: armenia-turkey, protocols, usa

 <<Ազատութիւն>> ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն, Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դարձեալ յայտարարած է, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները անհրաժեշտաբար պէտք է վաւերացուին ու իրագործուին։ Ան նշած է, որ <<Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը Միացեալ Նահանգներու համար յոյժ կարեւոր է>>։

Կորտըն ըսած է. <<Ինչպէս գիտէք, անցեալ Հոկտեմբերին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուեցան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում նախատեսող արձանագրութիւններ։ Այն ատեն ըսած էինք եւ հիմա եւս կ՛ըսենք՝ կը հաւատանք, որ երկու երկիրները կ՛ընթանան այդ արձանագրութիւնները կեանքի կոչելու ճանապարհով, որովհետեւ ատիկա երկու կողմերուն համար ալ օգտակար պիտի ըլլայ>>։

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը, նշելէ ետք, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը եւ սահմաններու բացումը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, ընդգծած է. <<Մեր համոզումով, հայ-թրքական յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուին անկախ այլ հարցերէ, որովհետեւ այդ մէկը կը բխի երկու երկիրներուն շահերէն>>։

<<Արապիա>> արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը Կորտընի հարցուցած է Քոնկրեսին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին մասին՝ յայտնելով, որ <<Թուրքիոյ մէջ մտահոգութիւններ կը հնչեն, թէ հայ-թրքական համաձայնագիրի վաւերացման տապալումը կրնայ նոր շունչ հաղորդել Քոնկրեսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման ջանքերուն>>։

Կորտըն պատասխանած է. <<Կը կարծենք, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը այլ խնդիրներու հետ շաղկապուած չէ. այդ գործընթացը պէտք է ընթանայ այլ խնդիրներէ անջատ, որովհետեւ ատիկա կը բխի երկու երկիրներու շահերէն։ Մենք երկու երկիրներու կառավարութիւններուն հետ մշտական կապի մէջ ենք՝ քաջալերելով զանոնք յառաջ շարժիլ։ Ինչ կը վերաբերի ձեր յիշատակած օրինագիծին, ապա այդ խնդիրին վերաբերեալ նախագահ Օպաման արդէն իսկ յայտնած է իր տեսակէտը։ Մեր մօտեցումը նոյնն է՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը ինքնին դրական գործընթաց է, եւ անիկա պէտք է շարունակուի>>։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement