Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Մասին Գանատայի Վարչապետին Կոչը Կը Վերահրապարակուի

By Asbarez | Friday, 17 February 2012

 

ՕԹԹԱՈՒԱ.- Հակադարձելով Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ պետական յայտարարութիւններ չկատարելու մասին գանատացի պաշտօնատարներուն կողմէ կատարուած կոչին եւ այդ կոչը դատապարտող Գանատայի Հայ Դատին կողմէ կատարուած քննադատութեան՝ Գանատայի քաղաքացիական եւ գաղթականական հարցերու նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Փետրուար 16ին վերահրատարակած է Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի կողմէ Ապրիլ 24, 2011ին կատարուած այն յայտարարութիւնը, ուր վարչապետը Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կը հաստատէ:

Յիշեցնենք, թէ Երեքշաբթի, Փետրուար 14ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան եւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Գարիճիանիս մամլոյ ասուլիսով մը հանդէս եկած էին Գանատայի խորհրդարանի մամլոյ սրահին մէջ, եւ կոչ ուղղած էին Գանատայի կառավարութեան, որ Հայկական Ցեղասպանութեան գծով երկրի քաղաքական դիրքորոշումը յստակացնեն գանատացի դիւանագէտներուն:

Նոյն օրը, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, ուր Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը պահանջէր, որ աջալրջօրէն հսկէ Հայկական Ցեղասպանութեան գծով կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան առնչութեամբ՝ իր բաժանմունքի պաշտօնատարներուն իմացութեան, եւ եթէ յարկ ըլլայ՝ դաստիարակչական յատուկ ծրագիրով անոնց ծանօթացնէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը դատապարտող Գանատայի կառավարութեան դիրքորոշումը:

Գանատայի կառավարութեան կողքին, երկրի Ծերակոյտն ու խորհրդարանը եւս ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

comments

Advertisement