Իտալիոյ Թորինօ Քաղաքը Կը Ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 22 February 2012

Իտալիոյ Թորինօ քաղաքը եւս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը. այս մասին կը հաղորդէ ֆրանսական «Նովել տ՛Արմէնի»ն: Քաղաքային խորհուրդը որոշումը վաւերացուցած է միաձայնութեամբ:

Բանաձեւին մէջ նաեւ կը պահանջուի Եւրոխորհրդարանէն, որ պարտադրէ Եւրոպական Միութեան անդամութեանց թեկնածու Թուրքիոյ՝ ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Իտալիա-Հայաստան բարեկամութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովը եւս կը պատրաստուի Իտալիոյ խորհրդարանին ներկայացնելու՝ Ապրիլ 24ը իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր յայտարարելու մասին բանաձեւ մը:

comments

Advertisement