Արամ Ա. Թուրքիոյ Եկեղեցական Կալուածները Իրենց Սեփականատիրոջ Վերադարձնելու Կոչ Կ՛ընէ

By Asbarez | Friday, 24 February 2012

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Հինգշաբթի, Փետրուար 23ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ ճանաչումէն հատուցում» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովին:

Ներկայութեամբ հայ թէ օտար իրաւագէտներու, քաղաքագէտներու, ակադեմականներու, ցեղասպանագէտներու եւ ազգային այլազան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրեալ հիւրերու՝ «Ճանաչումէն հատուցում» նիւթով այս համագումարին բացումը կատարեց միջազգային օրէնքի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան:

Անգլերէնով արտասանած իր բացման խօսքին մէջ, դոկտ. Պայրագտարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ապա ներկայացուց եռօրեայ այս համագումարի նիստերուն արծարծելիք գլխաւոր նիւթերը: «100 տարիէ ի վեր արդարութիւնը տակաւին չէ իրագործուած. այս խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան էութիւնը՝ դատական, իրաւական ու մարդկային իրաւունքներու մօտեցումով», յայտնեց դոկտ. Նորա Պայրագտարեան՝ ընդգծելով, որ խորհրդաժողովի քննարկումներուն եզրայանգումները պիտի բանաձեւեն Հայոց Ցեղասպանութեան արդար պահանջատիրութեան «ճամբու քարտէս» մը:

Պայրագտարեան շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս արտասահմանէն եկած հիւրերուն եւ բանախօսներուն, ապա հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը՝ իր պատգամը փոխանցելու:

Դարձեալ անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կերպով բանաձեւեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը՝ մէջբերումներ կատարելով 1948ին ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յայտարարութենէն՝ պարզելով ցեղասպանութեան համապատասխան հիմնաւորումները:

«Ցեղասպանութիւն» եզրը միայն 1944ին մուտք գործեց միջազգային օրէնքի բառարանին մէջ, յայտնեց վեհափառը՝ ընդգծելով, որ խորքին մէջ 1915ին Թուրքիոյ մէջ գործադրուած արարքները իբրեւ ցեղասպանութիւն սահմանուած են նշեալ յայտարարութեան մէջ:

«Տասնամեակներէ ի վեր մենք կեդրոնացած էինք Թուրքիոյ եւ միջազգային ընկերութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ: Խորքին մէջ, վերջերս ընթացք առած ամերիկեան, թրքական թէ ֆրանսական ապահովագրական դատական հայցերը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան Ծերակոյտին որոշումը՝ Թուրքիան մղելու հայոց եկեղեցապատկան կալուածները վերադարձնելու մասին, եւ այս գծով Օգոստոս 27, 2011ին թրքական կառավարութեան որոշումը՝ 1936էն ի վեր բռնագրաւուած եկեղեցապատկան կալուածները փոքրամասնութեանց վերադարձնելու մասին, այս բոլորը եկան վերահաստատելու հատուցման խիստ էական կարեւորութիւնը», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս, ընդգծելով, որ Թուրքիա պէտք է թուրք-օսմանեան իշխանութեանց կողմէ բռնագրաւեալ եկեղեցապատկան կալուածներն ու համայնքային սեփականութիւնները վերադարձնէ իր իրաւական սեփականատիրոջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Ապա, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացուց յատուկ այս առիթով, Լիբանան ժամանած դատախազ Ֆաուսթօ Փոքարի մասին: Նախկին Եուկոսլաւիոյ համար կազմուած Միջազգային դատական ատեանի դատախազը իր շնորհակալական ու երախտագիտական արտայայտութիւններէն ետք ձայնակցեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուցած եզրերու սահմանումին՝ դիտել տալով, որ պէտք է բնորոշել՝ 1915ին պատահածը Օսմանեան կառավարութեան կողմէ կիրարկուած ծրագի՞ր էր, թէ որդեգրուած քաղաքականութիւն: Դատախազ Փոքար յարակից բաղդատականներ կատարեց նախկին Եուկոսլաւիոյ, յատկապէս՝ Սրեպրենիցայի եւ Ռուանտայի ցեղասպանական ջարդերուն ու Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ:

 

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի կողմէ օրուան երկրորդ օտար բանախօսի կենսագրական ծանօթութենէն ետք, Միջազգային դատական ատեանի դատախազ Ճօ Վերհովըն խօսք առնելով՝ յայտնեց, թէ խորապէս տպաւորուած է այս համագումարով: Ան հարց տուաւ, թէ պատահած ջարդերը արդեօք կանխամտածուա՞ծ էին: Ողբերգութիւնը իսկապէս պատահած է, բայց անոր անդրադարձը արդար չէ եղած (ակնարկելով Թուրքիոյ): Ան յայտնեց, որ բազմաթիւ գիրքեր եւ ուսումնասիրութիւններ կարդացած է՝ աւելի մօտէն, ծանօթանալու համար Հայոց Ցեղասպանութեան խորքին ու էութեան: Ան զարմանք յայտնեց, թէ ինչո՞ւ (Թուրքիա) չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ դիտել տալով, թէ որքա՛ն ալ հանրային կարծիքը ճանչնայ եւ ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ կողմէ նմանօրինակ քայլ մը կը մնայ էական: «Անկախ թէ ո՞վ է տիրող իշխանութիւնը՝ պետական կազմն է պատասխանատուն տուեալ հողամասին վրայ պատահած դէպքերուն: Այլ խօսքով՝ անկախ անկէ, որ օսմանցի՞, թէ այլ պիտակի թուրքեր կատարած են ոճիրը, այժմու Թուրքիոյ կառավարութիւնն է պատասխանատուն անցեալին հոն պատահած դէպքերուն», նշեց դատախազ Վերհովըն:

Աւարտին, ներկաները, նախքան հիւրասիրութիւնը, ուղղուեցան մայրավանքի Նահատակաց մատուռը, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած նահատակներու յիշատակին:

comments

Advertisement