By Asbarez | Monday, 27 February 2012
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դատապարտեց Թուրքիոյ մէջ անցնող շաբաթավերջին Խոջալուի պատահարներու առնչութեամբ տեղի ունեցած հակահայ ցոյցերը՝ պահանջելով Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանէն, որ խստօրէն դատապարտէ այդ երկրին մէջ հայերու նկատմամբ ատելութեան հերթական այս դրսեւորումը:
«Պոլսոյ հակահայ ցոյցերուն իրենց օժանդակութիւնը ցուցաբերած են երկրի ներքին գործոց նախարարը եւ կուսակցական գործիչներ: Ակնյայտ է, որ այս ցոյցերը ցեղամոլութեան հերթական դրսեւորումն են Թուրքիոյ մէջ», այս առնչութեամբ յայտարարած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան, որ նաեւ ընդգծեց, թէ թրքական հռետորաբանութիւնը կը վկայէ, որ Թուրքիոյ մէջ կը յամենան Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն դրսեւորուած տրամադրութիւնները:
Յիշեցնենք, թէ անցեալ շաբաթ Պաքու այցելած Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահինի դատապարտած էր Խոջալուի «ցեղասպանութիւն»ը:
Յատկանշական է, որ Պոլսոյ ցոյցերէն մէկը ուղղակի դիրք գրաւած էր հայերու դէմ ու թատերաբեմ կը դառնար հակահայ գրգռութիւններու, իսկ միւսը՝ ընդհակառակը, կը պահանջէր, որ վերջ տրուէր հայերու դէմ այս ատելավառ գրգռութիւններուն եւ ընդգծուէր ազգերու եղբայրութիւնը։ Առաջինին մասնակցողներուն թիւը շատ աւելի մեծ էր, իսկ երկրորդը աւելի տկար մնաց իր ազդեցութեամբ։
Առաջին ցոյցը տեղի ունեցաւ Թաքսիմի մէջ։ Իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու համակիրներուն մասնակցութեամբ կայացած ցոյցին ընթացքին ցուցարարներէն շատերը կը կրէին Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ու Ատրպէյճանի դրօշակները, ու յաճախ կ՛արձակէին ազգայնամոլ լօզունգներ: Պարզուած վերտառութիւններուն մէջ հայերու դէմ նախատական խօսքեր ալ կը կարդացուէին։
Օրերէ ի վեր այս ցոյցին համար որմնազդներ կախուած էին քաղաքին ամէն կողմը ու որմնազդներուն վրայ մեծադիր գիրերով կը կարդացուէր. «Մի՛ հաւատար հայկական սուտերուն» նախադասութիւնը։ Ցոյցին ընթացքին յաճախ արձակուեցան Հրանդ Տինքը սպաննած ոճրագործին ի նպաստ լօզունգներ։
Ցոյցին մասնակցեցան տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ՝ ընդառաջելով հասարակական կազմակերպութիւններու ու քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէ կատարուած հրաւէրին: Անոնք կը պոռային՝ «Խոջալուն մի մոռնար», «Երկու պետութիւն, մէկ ազգ», «Վերջ՝ հայկական սուտերու»։ Ցուցարարները յարգանքի լռութիւն պահեցին, թրքական ու ատրպեճանական քայլերգները երգեցին։ Ցոյցին մասնակցողներուն մէջ կային ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին, Պոլսոյ կուսակալ Հիւսէյն Մութլու, Ատրպէյճանի երեսփոխաններէն Թենզիլէ Ռիւսթեմհանլը։ Նախարարը իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ թուրք ժողովուրդը աշխարհի բոլոր անիրաւուածներուն պաշտպանն է եւ թէ Ատրպէյճանի մէջ ամէն պատահար մօտէն կը շահագրգռէ Թուրքիան ու թուրքերը, եւ Խոջալուի սպանդը ցոյց տուած է, որ Թուրքիա կը բաժնէ Ատրպէյճանի թէ՛ ուրախութիւնը եւ թէ՛ տխրութիւնը։
Ատրպէյճանցի երեսփոխանը շնորհակալութիւն յայտնեց ցոյցի մասնակիցներուն:
«Զաման» կը գրէ, որ այս ցոյցին առընթեր, կարգ մը ազգայնամոլ ցուցարարներ ֆրանսական հիւպատոսարանին առջեւ սեւ ծաղկեպսակ մը դրած են, ճաշարանի մը մէջ կախուած ամերիկեան դրօշակը վար առած են ու անոր տեղ կախած են Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի դրօշակները։
«Թարաֆ» թերթը այսօր առաջին էջի գլխաւոր նիւթ դարձուցած է վերտառութիւն մը, որուն վրայ գրուած է. «Բոլորդ հայ էք, բոլորդ «փիճ» (խառնածին, պոռնկածին) էք»։ Թերթը կը նշէ, որ ներքին գործոց նախարարը ելոյթ ունեցած է՝ կանգնելով այս ստորին վերտառութեան առջեւ։ Կային ուրիշ վերտառութիւններ ալ, որոնցմէ մէկն էր հետեւեալը. «Այսօր Թաքսիմ, վաղը՝ Երեւան։ Գիշեր մը անակնկալ կերպով կրնանք գալ»։ Ցուցարարներ, որոնք սպիտակ գլխարկներ կը կրէին, ինչպէս կրած էր Տինքի ոճրագործը, ուզած են քալել դէպի «Ակօս»ի խմբագրատունը:
Երկրորդ ցոյցը մամլոյ հաղորդագրութեան մը ընթերցում էր։ Այս ձեռնարկը կատարուեցաւ Թուրքիոյ ընկերվարական ատրպէյճանցիներու միութեան կողմէ, Եուքսել պողոտայի վրայ, եւ անոր կազմակերպիչները պահանջեցին, որ Խոջալուի մէջ պատահած սպանդը իբր նախանիւթ չգործածուի հայերու դէմ գրգռութիւններ հրահրելու համար։
Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած էր հետեւեալը. «Ատրպէյճանցի ազգայնապաշտները, որոնք Թուրքիոյ վրայ շարունակ ճնշում կը գործադրեն, որոնք կը պահանջեն, որ Հայաստանի սահմանը փակ պահուի, որոնք նոյնիսկ չեն արտօներ, որ Թուրքիա պահ մը երես առ երես գայ իր անցեալին հետ, միանալով Թուրքիոյ ազգայնապաշտներուն՝ գրեթէ անելի մատնած են Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի միջեւ ազատ երկխօսութիւնը»։
Հաղորդագրութեան հեղինակները նաեւ կ՛ըսեն, որ խստիւ դէմ են Խոջալուի սպանդը Հայկական Ցեղասպանութեան հետ բաղդատելու փորձին։
Հակահայ ցոյց մը տեղի ունեցած է նաեւ Անգարայի մէջ։
Պաքուի մէջ, Խոջալուի զոհերը յիշատակուեցան ցոյցով մը, որուն մասնակցեցաւ 60 հազար հոգի։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ պնդեց, որ այս «ցեղասպանութիւնը» կատարուած էր ամբողջ աշխարհի աչքերուն առջեւ եւ թէ անոր պատասխանատուները անպայման հաշիւ պիտի տան։ Ցոյցին առընթեր, Պաքուի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ եւ դեսպանատան պաշտօնեաները գացած են Պաքուի նահատակներու յուշարձան ու ծաղկեպսակներ զետեղած են հոն:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan