Արամ Ա. Կը Մերժէ Թրքական Կայանէն Հարցազրոյցի Հրաւէրը

By Asbarez | Friday, 02 March 2012

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Պատասխանելով թրքական արբանեակային հեռատեսիլի վրայ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հարցազրոյց ունենալու հրաւէրին՝ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքը մերժեց ընդառաջել նման հրաւէրի:

Իր պատասխանին մէջ տեղեկատուական բաժանմունքը կ՛ըսէ, թէ «Հայկական խնդիր գոյութիւն չունի հայ ժողովուրդին համար, ինչպէս որ կը բնորոշէք: Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է եւ իբր այդպիսին՝ ան քննարկումի, երկխօսութեան կամ բանակցութեան նիւթ չի կրնար դառնալ»:

Շեշտելէ ետք թէ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում վճարէ, նամակը կ՛ըսէ. «Թուրքիան ինչպէ՞ս ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ պաշտպան մարդկային իրաւունքներու, եւ կը շարունակէ անտեսել հայ ժողովուրդին իրաւունքները», ու ապա կ՛աւելցնէ, թէ «հայ ժողովուրդի իրաւունքները անտեսելով արդարութիւնը ու մարդկային իրաւունքները պաշտպանող նախաձեռնութիւններուն կոշտ կերպով հակազդելով՝ Թուրքիան չի կրնար ազգերու միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւն յառաջացնել»:

comments

Advertisement