ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 11ի յետմիջօրէին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն <<Շաղզոյեան>> կեդրոնին մէջ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը, որուն կ՛ընկերակցէին նախարարի խորհրդական Արա Պուլուզեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու ղարաբաղեան տագնապին ու բանակցային գործընթացին հետ կապուած վերջին իրադարձութիւնները եւ հայ թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերը: Արծարծուեցան նաեւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող այլ հարցեր: