By Asbarez | Tuesday, 06 March 2012
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Երեսփոխաններ Ռիշար Մալիէ, Քրիսթիան Էսթրոզի, Փաթրիս Գալմեժան, Ժընըւիեւ Լեւի, Միւրիէլ Մարլան Միլիթելլօ, Ժոզէթ Փոնս, Էրիք Ռաուլթ, Ֆրանսուա Ռոշըպլուան, Ժան-Մարք Ռուպօ, Ժան-Փիեռ Շոսթէք, Տանիէլ Սփանիու եւ Ֆիլիփ Վիթէլ հաղորդագրութեամբ մը ցաւ յայտնած են ի տես Սահմանադրական խորհուրդի այն որոշումին, որ ցեղասպանութիւններու ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող օրէնքը անվաւեր կը հռչակէ:
Սոյն հաղորդագրութեան մէջ ֆրանսացի պատգամաւորները կ՛ըսեն, թէ նկատի ունենալով այդ որոշումը, Ռ. Մալիէ եւ ութ երեսփոխաններ խորհրդարանին ներկայացուցած են բանաձեւի նոր առաջարկ մը, որ կը հետապնդէ նոյն՝ ցեղասպանութիւններու ժխտումը պատժելու նպատակը:
Հաղորդագրութեան մէջ յիշեցում կը կատարուի նաեւ, որ հակառակ անոր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ալ ճանաչում գտած է ֆրանսական օրէնսդրութեան կողմէ, ներկայիս միայն հրէական Շօային ժխտումը յանցանք կը նկատուի:
Հղորդագրութիւնը կ՛եզրափակուի հետեւեալ ձեւով. «Քանի, որ իւրաքանչիւր Ֆրանսացի պէտք է նկատառման եւ յարգանքի արժանանայ՝ անհրաժեշտ եւ օրինական է, որ Ազգային Ժողովը ցեղապաշտութեան եւ ցեղասպանութիւններու իրողութեան ժխտումի դէմ պայքարելու իր կամքը անգամ մը եւս հաստատէ»:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan