Սարքոզի Հաստատեց Ցեղասպանութեան Ուրացումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծ Մը Առաջարկելու Մտադրութիւնը

By Asbarez | Thursday, 08 March 2012

 

 

ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Մարտ 7ին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեանի հետ։

Հանդիպման ընթացքին Սարքոզի վերահաստատեց Ցեղասպանութեանց ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը առաջարկելու իր մտադրութիւնը, որովհետեւ անընդունելի կը նկատէ Ֆրանսայի տարածքին ապրող հայ ժողովուրդին դիմագրաւած Ցեղասպանութեան իրողութեան ժխտումը։ Ան աւելցուցած է, թէ նոր օրինագիծը պիտի ներկայացնէ ընտրութիւններէն ետք:

Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Մուրատ Փափազեան հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Մենք պիտի շարունակենք պայքարը, մինչեւ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Հիմա, թէ՛ Սարքոզին, եւ թէ (Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու) Ֆրանսուա Հոլանտ խոստացած են նեցուկ կանգնիլ մեր արդար պայքարին», ըսաւ Փափազեան:

Հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ էին անուանի հայ գործիչներ՝ Ալէն Թէրզեան, Շարլ Ազնաւուրի գործերու կառավարիչ Լեւոն Սայեան եւ Փաթրիք Տէվէճեան, որ 1990ականներէն Սարքոզիի մտերիմ խորհրդականն է եւ պաշտօնավարած է որպէս նախարար։

Հանդիպման ընթացքին, Սարքոզի շքանշան մը յանձնեց Համաշխարհային Բ. պատերազմին մասնակցած ֆրանսահայ զինուոր Արսէն Չաքրեանին: (Տե՛ս էջ 7)

comments