Քլինթըն Կը Շարունակէ Խուսափիլ Ցեղասպանութիւնը Հաստատելէ

By Asbarez | Thursday, 08 March 2012

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Պատասխանելով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումի ատենապետ Քէն Խաչիկեանի նամակին՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն անգամ մը եւս խուսափած է հաստատելէ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, սակայն միաժամանակ զայն չէ որակած «պատմական բանավէճի առարկայ» իրադարձութիւն:

«Նախագահ Պարաք Օպաման ամէն տարի կ՛ոգեկոչէ այն հայերուն յիշատակը, որոնք 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ենթարկուած են կոտորածներու, որոնք 20րդ դարի մեծագոյն յանցագործութիւններէն են», նշած է Քլինթըն իր նամակին մէջ՝ միաժամանակ յիշեցնելով, որ Երեւան կատարած իր այցելութեան ընթացքին ինք այցելած է Ծիծեռնակաբերդ, որպէս այդ ողբերգութեան ընթացքին զոհուածներու յիշատակի յարգանքի նշան:

Քլինթըն անգամ մը եւս կոչ ըրած է իր նամակին մէջ, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան իրարու հետ աշխատելով լուծեն անցեալի խնդիրները:

«Մենք կը գնահատենք նախարար Քլինթընի յանձնառութիւնը՝ աշխատելու ամերիկահայերը յուզող խնդիրներուն համար, եւ հաշուի կ՛առնենք, որ այս անգամ ան չօգտագործեց «պատմական բանավէճ»ի վերաբերեալ իր վիրաւորական արտայայտութիւնը», իր կարգին նշեց Քէն Խաչիկեան:

comments