* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details

Քլինթըն Ուղղակի Չընդդիմանար Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

Tuesday, 02 March 2010     |    |   

Source: Ara Khatchadourian - Asbarez
Tags: armenian genocide, anca, usa

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Խախտելով Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն յստակօրէն ընդդիմանալու ամերիկացի արտաքին գործոց նախարարներու աւանդութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Հինգշաբթի, Փետրուար 25ին, Քոնկրեսի երկու յանձնախումբերու առջեւ վկայութեանց ընթացքին ուղղակիօրէն դէմ չարտայայտուեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին:

Բանաձեւին մասին հանրապետական Ճան Պուզմէնի հարցումին պատասխանելով՝ Քլինթըն կրկ-նեց, թէ Օպամայի կառավարութիւնը կ՛ուզէ <<պատմական իրականութեանց ամբողջական, անկեղծ ու արդար ճանաչումը>>, սակայն աւելցուց, թէ այդ մէկը ընելու լաւագոյն ձեւը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ քննարկումի ճամբով պիտի ըլլայ:

Հարցումը հարցնելու ոճէն եւ անոր շարժուձեւերէն բացայայտ էր, որ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի անդամ Ճան Պուզմէն հարցին մօտէն ծանօթ չէր ու դրուած էր այդ հարցումը Քլինթընին ուղղելու պարտադրանքին տակ:

Քլինթըն նաեւ աւելցուց, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով սկսած գործընթացը պէտք չէ կապել որեւէ այլ հարցի, ու անոր առջեւ պէտք չէ նախապայմաններ դնել:

Աւելի ուշ, Ներկայացուցիչներու տան Պետական եւ արտաքին գործողութեան ենթայանձնախումբին առջեւ Քլինթընի վկայութիւն տալու ընթացքին, Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Մարք Քըրքը շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ անցեալին նեցուկ կանգնած է Ծերակոյտի մէջ շրջանառութեան դրուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն, եւ յոյս յայտնեց, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նեցուկ կը կանգնի նաեւ թիւ 252 բանաձեւին, որ Մարտ 4ին պիտի քննուի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ:

Քլինթըն ուղղակիօրէն չպատասխանեց այս ակնարկութեան, այլ բաւարարուեցաւ ըսելով, թէ ինք նեցուկ կը կանգնի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կապերը բարելաւելու նպատակով տարուող դիւանագիտական աշխատանքներուն:

Քլինթըն նաեւ ուղղակիօրէն չպատասխանեց թիւ 252 բանաձեւի հեղինակ Էտըմ Շիֆի այն ակնարկին, թէ՝ ինք կը յուսայ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դէմ չի դներ բանաձեւի վաւերացման:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ վերջին քանի մը շաբաթներուն, Օպամայի կառավարութեան բարձրաստիճան անդամ մը, երեք տարբեր առիթներով նախընտրած է չընդդիմանալ Ցեղասպանութեան բանաձեւին, աւելցնելով, որ ներկայ կառավարութեան կեցուածքը յստակօրէն տարբեր է նախորդ կառավարութեան որդեգրած Անգարայի ի նպաստ դիրքորոշումէն:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement