By Asbarez | Monday, 01 March 2010

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ եւ Քոնկրեսի մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն Ուրբաթ, Փետրուար 26ին, Ներկայացուցիչներու տան մէջ պաշտօնապէս նշեց Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ 1988ին տեղի ունեցած հայերու <<ողբերգական>> ջարդին 18րդ տարելիցը:
Երեք օրերու վրայ երկարած վայրագութիւններուն ամփոփ, սակայն սահմրկեցուցիչ նկարագրականը կատարելէ ետք, Փալոն մատնանշեց այն իրողութիւնը, որ սոյն ոճիրներուն պատասխանատուները չեն հետապնդուած Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ եւ աւելցուց, թէ ոճրագործներէն քանի մը հատը ներկայիս Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ են:
<<Յարձակումները սկիզբն էին ցեղային մաքրագործման աւելի ընդարձակ արշաւի մը, որուն թիրախն էր Ատրպէյճանի հայութիւնը: Արշաւը առաջնորդեց Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին, որ մօտաւորապէս 30,000 զոհ խլեց եւ աւելի քան մէկ միլիոն հայեր ու ատրպէյճանցիներ գաղթական դարձուց: Ատրպէյճանի շարունակող վայրագութիւններուն հետեւանքով, Ատրպէյճանի մէջ 450,000 հաշուող հայկական համայնքը գրեթէ անհետացաւ 1992էն 1994ի միջեւ: Նկատի ունենալով, որ այս տարի Հայկական Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցն է, կ՛ուզենք յիշել նաեւ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն զոհերը>>, յայտարարեց Փալոն՝ միաժամանակ կոչ ընելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ վերցնեն Հայաստանի դէմ պարտադրուած շրջափակումը եւ վերջ տան հայութեան դէմ իրենց որդեգրած յարձակողապաշտ մօտեցումին, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատել:
<<Ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները իրենց կարելին ընեն ու իրենց ռազմաքաղաքական ազդեցութիւնը ի գործ դնեն՝ յղելու համար այն պատգամը, թէ՝ ցեղասպանական արշաւները, ապօրինի շրջափակումները եւ հայ ժողովուրդը շարունակաբար ճնշելու փորձերը ընդունելի չեն>>, եզրակացուց Փալոն:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan