By Asbarez | Thursday, 04 March 2010
ԱՆԳԱՐԱ.- Սպիտակ տան Ազգային ապահովութեան խորհուրդի մամլոյ քարտուղար Մայքըլ Համըր, թրքական <<Թէ.Ռէ.Թէ.>> պատկերասփիւռի կայանին հետ Երեքշաբթի, Մարտ 2ին կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը փափաքին, որ <<իրողութիւնները արդարացիօրէն ընդունուին>>։
Պատասխանելով թուրք լրագրողի մը այն հարցումին, թէ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի հարցին մէջ ինչո՞ւ Սպիտակ տունը մինչեւ հիմա չէ խախտած իր լռութիւնը, Համըր յայտարարած է. <<Նախագահ Օպաման 2009ի ապրիլքսանչորսեան իր ուղերձին մէջ յստակ ներկայացուց 1915ի իրադարձութիւններու առնչութեամբ իր դիրքորոշումը, որ չէ փոխուած։ Մենք կողմնակից ենք, որ իրողութիւնները արդարացիօրէն ընդունուին։ Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ այդ նապատակին հասնելու ամենանպաստաւոր ճանապարհը հայ եւ թուրք ժողովուրդներու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն զուգահեռ՝ անցեալի իրադարձութիւններու քննարկումն է։ Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ այդ ջանքերուն>>։
Թրքական մամուլը Չորեքշաբթի օր Ցեղասպանութեան բանաձեւին քուէարկութեան նախօրէին կատարուած այս յայտարարութիւնը որակած է <<ցնցիչ>>։
Թրքական մամուլը հետաքրքրական կը գտնէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ Անգարա պաշտօնական որեւէ հակադարձութիւն չցուցաբերեց <<Սի.Պի.Էս.>> կայանէն ցուցադրուած Ցեղասպանութեան յայտագիրին առնչութեամբ։
Թուրքիոյ դիւանագիտութիւնը գոհացուցիչ չէ գտած Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի այն յայտարարութիւնը, թէ՝ թուրք եւ հայ ժողովուրդները մերձեցման գործընթացին շրջագիծով պէտք է ձեռք առնեն իրենց անցեալին մասին համաձայնելու հրամայականը։ Անգարա գոհ չէ այս յայտարարութենէն ու հիմա իր ակնարկները ուղղած է դէպի նախագահ Օպամա։ Ինչպէս վարչապետ Էրտողան ըսած էր. <<Կը վստահիմ նախագահ Օպամայի ղեկավարութեան եւ տրամաբանութեան: Ան մօտէն կը հետեւի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացին>>:
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի մէջ բանաձեւին դէմ հակաքարոզչական աշխատանք տանող Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Շիւքրիւ Էլեքտաղ ընդունեց, թէ Անգարա յուսախաբ է այն իրողութեամբ, որ նման բանաձեւ մը այս տարի եւս ներկայացուած է Քոնկերսին, պնդելով, թէ նման քայլեր ոչ միայն նպաստաւոր չեն Ուաշինկթընի համար, այլ նոյնիսկ վնաս կը պատճառեն անոր: <<Մենք վստահութիւն ունինք Ամերիկայի հանդէպ եւ կը յուսանք, որ ան յուսախաբ չ՛ըներ թուրք ժողովուրդը>>, եզրակացուց նախկին դեսպանը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan