By Asbarez | Monday, 19 March 2012
ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Թուրք բեմադրիչ Հաքան Ալաք սկսած է պատրաստելու Հրանդ Տինքի մահափորձէն առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին շարժապատկեր մը. այս մասին հաղորդած է թրքական «Զաման» թերթը: Ֆիլմին նկարահանման համար նախապատրաստական աշխատանքները տեւած են 2.5 տարի, իսկ անոր նկարահանումը պիտի սկսի Ապրիլին:
Միւս կողմէ՝ Տինքը սպաննած ոճրագործին հետ լուսանկարուած մէկ ոստիկանը վերջերս պաշտօնի բարձրացում ստացած է՝ դառնալով Մալաթիոյ ապահովական տնօրէնի տեղակալ: Ոճրագործին հետ լուսանկարուած երկու ոստիկաններուն դէմ կատարուած հետաքննութենէն ետք առաջարկուած էր 16 ամիսով բանտարկութիւն, սակայն անոնք միայն նիւթական տուգանքի ենթարկուած էին:
Նաեւ, «Թարաֆ» թերթը քանի մը օրէ ի վեր կը հրատարակէ Տինքը սպաննած ոճրագործ Օկիւն Սամասթի հետ կատարուած հարցազրոյցներ ու 25 էջնոց նամակէ մը ընտրուած հատուածներ, որոնք կարծես համակրանք կը ստեղծեն Սամասթի շուրջ։ Սամասթ կը շարունակէ բուն յանցանքը բեռցնել զինք այս ոճիրը գործելու մղողներուն վրայ՝ հարց տալով, թէ ո՞ւր են այն մարդիկը, որոնք զինք մղեցին կրակելու ու մարդ սպաննելու։ Թէեւ ինք կ՛ընդունի, որ մեծ սխալ գործած է, սակայն համակրական կամ ցաւակցական ոչ մէկ բան ունի Տինքի մասին: Սամասթ նաեւ կը խոստանայ 4-5 ամիսէն հրատարակել ոճիրին մասին իր գրելիք գիրքը։
«Մանուկն անգամ կրնայ կռահել, որ Սամասթը իր նստած տեղը ինքնիրեն չորոշեց սպաննել մէկը, որուն անունն անգամ առաջին անգամ կը լսէր։ Ան գործեց կազմակերպութեան մը անունով եւ դրդումով։ Բայց գործեց կատարեալ գիտակցութեամբ։ Եւ հիմա, քանի Հրանդ Տինքի ընտանիքն ու ընկերները, ինչպէս նաեւ մամուլն ու հանրային կարծիքը կը պնդեն, թէ Սամասթի ետին կանգնածները պէտք է երեւան հանուին, Սամասթ կ՛օգտուի այս մթնոլորտէն ու ինքն ալ կը մասնակցի յանցանքը ուրիշներու վրայ բեռցնելով՝ իր յանցանքը թեթեւցնելու արշաւին։ Բայց կայ հարցում մը, զոր «Թարաֆ» չէ ուղղած Սամասթին։ Հարցումը այս է. «Եթէ Սամասթ իսկապէս ունի նոր խօսք ու նոր անուններ, ինչո՞ւ մինչեւ այսօր անոնց մասին չէ խօսած դատավարութեան ընթացքին ու դեռ ի՞նչ բանի կը սպասէ հրապարակելու համար զանոնք»։ Գիրք մը գրելու ու այդ գիրքին լայն սպառում ապահովելու համա՞ր է, որ ամէն ինչի մասին կը լռէ տակաւին», հարց կու տայ «Մարմարա»։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan