Շուէտի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Thursday, 11 March 2010

ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Բեմադրիչ եւ հեղինակ Սուզան Խարտալեան-Հոլմքուիսթ կը տեղեկացնէ, թէ Շուէտի խորհրդարանը Հինգշաբթի, Մարտ 11ին, 130ի դէմ 131 քուէներով վաւերացուած է բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ երկրի կառավարութեան ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Պոնտոսի յոյներու, ասորիներու, քլտանիներու դէմ գործուած ցեղասպանութիւները:

Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ Շուէտի իշխանութիւններուն, որ ՄԱԿին, Եւրոպական Միութեան ու Թուրքիոյ հետ գործակցելով՝ ապահովէ նշեալ ցեղասպանութեանց ճանաչումը:

Շուէտի ձախակողմեան կուսակցութիւններուն կողմէ պատրաստուած բանաձեւին քննարկումը նախատեսուած էր 2008ին, սակայն այդ թուականէն ի վեր կը սպասուէր բանաձեւի խորհրդարան բերուիլը։ Կառավարութեան անդամակցող աջակողմեան կուսակցութիւնները դէմ դրած են այս բանաձեւին, բայց ձախակողմեանները տէր կանգնած ու զօրավիգ հանդիսացած են անոր։

Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ նախքան քուէարկութիւնը ազդարարած էր, թէ նման բանաձեւերու վաւերացումը «վնաս կը հասցնէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու փորձերուն»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս ազդարարած էր, թէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները պիտի վնասուին, եթէ բանաձեւը վաւերացուի: Բանաձեւին քննարկման օրն իսկ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու հեռաձայնած էր Շուէտի իր պաշտօնակից Քարլ Պիլթին, եւ բանաձեւին առնչութեամբ Անգարայի մտահոգութիւնները փոխանցած էր անոր:

Ըստ թրքական մամուլի տուեալներուն, բանաձեւին դէմ եկած կուսակցութիւնները ունին 178 աթոռ, իսկ բանաձեւին կողմնակից կուսակցութիւնները՝ 171 աթոռ, որուն հետեւանքով, բանաձեւին վաւերացումը անակնկալ մըն էր: Բանաձեւին վաւերացման համար հարկաւոր էր 175 երեսփոխանի քուէարկութիւնը։

Շուէտի իշխող համախոհութեան անդամ կուսակցութիւններու երեսփոխանները քննարկման ընթացքին ազդարարեցին, թէ բանաձեւին վաւերացումը անտեղի կերպով պիտի զայրացնէ Թուրքիան, միաժամանակ աւելցնելով, թէ անոնք հարցականի տակ չեն դներ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Բանաձեւին ի նպաստ արտայայտուած երեսփոխանները շեշտեցին, թէ ցեղասպանութիւնները չճանչնալ՝ համազօր է զանոնք ուրանալու, եւ աւելցուցին, թէ միայն անցեալի այս ահաւոր ոճիրները յիշելով եւ ընդունելով կարելի պիտի ըլլայ անոնց կրկնութիւնը կանխարգիլել:

Խորհրդարանի հայ անդամ Իզապէլ Տինկիզեան պնդեց, թէ ժամանակը հասած է պատմական այս իրողութիւնը հաստատելու, իսկ ալաուի անդամ Արմինէ Քաքապաւէ, խօսելով Տերսիմի ցեղասպանութեան փորձին մասին՝ նմանապէս կոչ ըրաւ բանաձեւը անյապաղ վաւերացնելու:

Քիւրտ ծագումով Կիւլան Աւչի յայտարարեց, թէ իր նախահայրերը մասնակցած են նշեալ ցեղասպանութեանց, որոնք անհերքելի իրականութիւններ են: Ան բանաձեւը վաւերացնելու կոչ ըրաւ՝ պնդելով, թէ արդարութեան վերահաստատումը նպաստաւոր պիտի ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ համար:

Յայտնենք, թէ քննարկումին ներկայ էին նաեւ բանաձեւին ընդդիմացող մօտաւորապէս 60 թուրք եւ ատրպէյճանցիներ, իսկ քննարկման ընթացքին, խորհրդարանի շէնքէն դուրս տեղի կ՛ունենային բանաձեւին ի նպաստ ու անոր դէմ ցոյցեր:

comments

Advertisement