Պարաք Օպամա Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Կը Հրաւիրէ Ուաշինկթըն

By ArmRadio | Monday, 15 March 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<ԱրմՌատիօ»>>- Երէկ՝ Ուրբաթ 12 Մարտին, Հայաստանի հանրապետութեան նaախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հեռաձայնային կապ հաստատած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը:

Քլինթըն նախագահ Սերժ Սարգսեանի փոխանցած է ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ նախաձեռնուած եւ յառաջիկայ Ապրիլի կէսերուն Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք Միջուկային անվտանգութեան համաշխարհային գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէրը: Քլինթըն յոյս յայտնած է նաեւ, որ Ուաշինկթըն գտնուած ընթացքին, Հայաստանի նախագահը ամերիկացի իր պաշտօնակիցին հետ առիթ կ՛ունենայ շարունակելու երկկողմանի, տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգի հարցերուն քննարկումը:

comments