* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

ԸՍՏ ԱԿԱՆԱՏԵՍԻ ՄԸ՝ Տինքը Սպաննած Ոճրագործը Սատկէ՛ Հայ Պոռացած Է

Wednesday, 08 July 2009     |    |   

Source: Asbarez
Tags: dink, turkey

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան 10րդ նիստը Երկուշաբթի, Յուլիս 6ին կայացաւ Պէշիկթաշի մէջ, այդ առիթով կազմակերպուած ցոյցերու առընթեր։ Տինքի ընտանիքի անդամները, մտաւորականներ ու Փարիզի եւ Պրիւքսէլի փաստաբանական կաճառէն ժամանած փաստաբաններ հետեւեցան նիստին, որ շարունակուեցաւ մինչեւ իրիկուն։

Դատավարութեան ընթացքին կը դատուէին 20 ամբաստանեալներ, որոնցմէ հինգը ձերբակալուած են։ Երկուշաբթի օր ունկնդրուեցան չորս անձեր, երեքը՝ տարբեր յանցանքներով բանտարկուած։

Վէյսէլ Շահին, որ Տրապիզոնի ոստիկանութեան համար լրտեսութիւն կատարած է, ըսաւ, որ 2003-2005 թուականներուն միջեւ ամբաստանեալ Եասին Հայալը տեսած է Տրապիզոնի ոստիկանութեան հրամանատարութեան մօտ։ Երբ օր մը անոր ինքնութիւնը գիտնալ ուզած է, իրեն պարզապէս ըսուած է, թէ՝ «լաւ տղայ է»։

Նիստի ընթացքին դատաւոր Ճանաք կարդացնել տուաւ Մեսուտ Էօզի վկայութիւնները, որոնք գրաւոր կերպով ղրկուած էին։ Ան կը պատմէ, որ Պաքըրգիւղի մէջ տեսած էր, թէ ոճրագործ Օկիւն Սամասթ եւ այլ անձ մը կը հետապնդէին Հրանդ Տինքը։ Անոնցմէ մէկը իրեն զարնուելէ ետք երբ վար ինկած է, Տինք օգնած է, որ ոտքի կանգնի։ Ապա, երբ Տինքին հետ միասին նստած են սրճարանի մը մէջ, դարձեալ նկատած է, որ Սամասթ ու ընկերը դիմացէն կը շարունակէին լրտեսել զիրենք, սակայն միայն ոճիրէն ետք գիտցած է, թէ Տինքին հետեւող այդ երկու անձերէն մէկը Սամասթն էր։

Վկաներէն ամենահետաքրքրականն էր Մէսմէ Հավվա անունով կնոջ մը վկայութիւնը։ Ան սպանութեան վայրին մօտիկ ըլլալով, զէնքի ձայն մը լսած է ու տեսած է, որ զարնուողը Հրանդ Տինքն էր, զոր կը ճանչնար, քանի որ ան յաճախորդ մըն էր իր աշխատած շուկային։ Զարնուած պահուն Հրանդ պոռացած է. «Էյվա՜խ, զարկին ինծի»։ Ոճրագործը երկրորդ գնդակ մըն ալ պարպած է Հրանդին գլխուն։ «Ինչո՞ւ զարկիր, տղա՛ս», կինը հարցուցած է ոճրագործին՝ միաժամանակ ջանալով Հրանդին մարմինը վերցնել, բայց իրեն չեն արտօնած այդ մէկը՝ ըսելով, որ «դատախազը պիտի գայ»: Դատաւորը հարց տուաւ, թէ ոճիրի ընթացքին ոճրագործին քով մէկը կա՞ր։ Հավվա պատասխանեց. «Երկու հոգի էին, երկուքն ալ վազելով հեռացան»:

Տինքի ընտանիքին փաստաբաններէն Պահրի Պէլին ականատես վկային հարցուց, թէ այդ վայրկեանին պոռացողներ կայի՞ն։ Հավվա պատասխանեց, որ աղմուկներ կը լսէր Հրանդ Տինքի աշխատավայրի պատուհաններէն։ Դատաւորը յիշեցուց անոր նախորդ վկայութիւնը։ Այդ վկայութեան ընթացքին ըսած էր, թէ Սամասթ, Հրանդ Տինքը սպաննելու պահուն պոռացած էր. «Սատկէ՛, հայ»։ Հավվա պատասխանեց, թէ՝ այո՛, լսած էր, բայց հիմա չէր ուզած ըսել ատիկա։

Դատավարութեան ընթացքին Հրանդ Տինքի եղբայր՝ Օրհան Տինք, ծանր բանավէճ ունեցաւ ամբաստանեալ Օկիւն Սամասթի հետ, որ սպառնական ոճով պոռացած է. «Հինգ տարի սպասէ, կը տեսնես»։

Ապա սկսաւ Էրհան Թունճէլի հարցաքննութիւնը։ Ան ըսաւ, որ Տրապիզոնի մէջ պատահած զանազան յարձակումներու, ոճիրներու ու Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին վկայութիւններ պիտի բերէ, այս բոլորը դատարանին պիտի յանձնէ 50 էջերու թղթածրարով մը, սակայն ատոր համար կը պահանջէ, որ ինք վկայի պաշտպանութեան տակ առնուի, որովհետեւ կեանքը վտանգուած է։ Դատարանը մերժեց անոր այս առաջարկը, որովհետեւ ան ամբաստանեալ մըն է։

 

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement