By Asbarez | Tuesday, 23 March 2010
ՊՈԼԻՍ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահական նախկին թեկնածու՝ Հանրապետական կուսակցութեան անդամ ծերակուտական Ճան ՄըքՔէյն (Արիզոնա), թրքական <<Հապերթիւրք>> պատկերասփիւռի կայանին հետ Երկուշաբթի, Մարտ 22ին կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն մըն է, որ պէտք է դատապարտուի, սակայն Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները անոր համար պէտք չէ այսօրուան Թուրքիան մեղադրեն։
<<Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններէն մէկն է։ Սակայն հարցն այն է, որ անոր համար մենք չենք կրնար մեղադրել Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները եւ ժամանակակից Թուրքիան։ Ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք է դատապարտենք Ցեղասպանութիւնը, սակայն միւս կողմէ՝ պէտք է առջեւ նայինք։ Իսլամական շարժումներու պէս կարեւոր խնդիրներ կան աշխարհի մէջ, եւ այդ ոլորտին մէջ Թուրքիոյ աջակցութեան կարիքն ունինք։ Նաեւ պէտք չէ մոռնանք, որ Թուրքիան ժողովրդավար երկիր է>>, յայտարարած է ՄըքՔէյն՝ աւելցնելով, որ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու բարեկամն ու դաշնակիցն է։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan