By Asbarez | Saturday, 27 March 2010
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Գլխաւորութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի, Բիւրոյի անդամներ հանդիպում մը ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, Հինգշաբթի, Մարտ 25ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, ու յատկապէս՝ հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն հետապնդման հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց երեք կուսակցութիւններուն միջեւ ծաւալող գործակցութիւնը ու շեշտեց միասնական ոգիով եւ հաւաքական ճիգով հայ ժողովուրդին արդար դատը հետապնդելու հրամայականը:
Ուրբաթ օր, վեհարանի իր գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ ընդունեց Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանը՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ու գործակցութեան, յատկապէս՝ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը սերտացնելու եւ հայ ժողովուրդին միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan