Ծննդեան 150ամեակ. Կոմիտաս Վարդապետ՝ Հայու Հոգին Երգ Ու Երաժշտութեամբ Վերծանած Հանճարեղ Երաժիշտը

By Asbarez | Saturday, 28 September 2019

Կոմիտաս Վարդապետ

Կոմիտաս Վարդապետ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

26 Սեպտեմբերին կը նշենք ծննդեան 150ամեակը հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն ամէնէն հոգեհարազատին՝ Հայու Հոգին երգ ու երաժշտութեամբ վերծանած ու աշխարհով մէկ հնչեցուցած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս Վարդապետին։

Հայկական երաժշտութեան աշխարհահռչակ վարպետը եւ ժամանակակից հայ դասական երգի հանճարեղ հիմնադիրը ոչ միայն ստեղծագործական իր վարար արարումով թռիչք տուաւ Հայու ինքնուրոյն երգին, այլեւ իր անձին օրինակով՝ յատկապէս խելագարման եղերական վախճանով խորհրդանշեց յուզականութիւնն ու ողբերգականութիւնը մեր ժողովուրդի եղեռնական գողգոթային։

Կոմիտաս Վարդապետը արժանաւորապէս վերածնեց երգը բարութեամբ ու տաղանդով մարդկային քաղաքակրթութիւնը հարստացուցած հայ ժողովուրդի Փառքին։

Յատկապէս շնչաւորեց տխուր երգը թրքական պետութեան կողմէ ցեղասպանական ոճրագործութեամբ անճիտուած, հայրենազրկուած ու աշխարհասփիւռ դարձած Հայ Ազգի Ողբերգութեան։

Աւազանի անունով Սողոմոն Գէորգի Սողոմոնեան՝ Կոմիտաս Վարդապետը ծնած էր Քէօթահիա, 26 Սեպտեմբեր 1869ին։ 11 տարեկանին որբացած եւ յանձնուած էր Ս. Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանի խնամատարութեան։ Իր բացառիկ գեղեցիկ ձայնով՝ Սողոմոնը անմիջապէս գրաւած էր իր ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը, որոնք ոչինչ խնայեցին ի վերուստ երաժշտական եւ բանաստեղծական մեծ տաղանդով օժտուած պատանիին գեղարուեստական մշակման ու կատարելագործման համար։

Ապագայ Մեծն Կոմիտասի ե-րաժշտական դաստիարակութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ իր ուսուցիչը՝ Սահակ Ամատունի, որուն ղեկավարութեամբ պատանի Սողոմոնը նուիրուեցաւ հայ հոգեւոր երաժշտութեան ուսումնասիրութեան, հմտացաւ հայկական խազերու վերծանման մէջ եւ աշակերտական իր տարիները անցուց Արարատեան դաշտի հայութեան պահպանած հոգեւոր թէ ժողովրդական երգերը հաւաքելով, գրի առնելով եւ մշակելով։

Ստեղծագործական իր մշակումներուն ձեռնարկեց 1890ին, Խաչատուր Աբովեանի, բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի եւ Գէորգեան Ճեմարանի իր կրտսեր դասընկեր Աւետիք Իսահակեանի գործերը դաշնաւորելով։ 1891ին, »Արարատ« հանդէսը լոյս ընծայեց Կոմիտասի «Ազգային Օրներգ»ը՝ երկձայն, ինչպէս նաեւ եռաձայն ու խմբային կատարումներու համար նախատեսուած ստեղծագործութիւնը, որուն բառերը Ճեմարանի աշակերտ Ա. Թաշճեանին կը պատկանէին։

1893ին, Ճեմարանի ուսումնական շրջանը աւարտելով, անմիջապէս կոչուեցաւ Ճեմարանի մէջ ուսուցչութեան՝ երգ ու երաժշտութիւն սորվեցնելու, ինչպէս եւ Մայր Տաճարի երգչախումբին խմբավարութիւնը ստանձնելու համար։ 1894ին կուսակրօն քահանայի իր ուխտը կատարեց, իրեն շնորհուեցաւ 7րդ դարու բանաստեղծ ու երաժիշտ Կոմիտաս կաթողիկոսի անունը։ 1895ին արժանացաւ վարդապետի աստիճանին եւ այնուհետեւ մեր ժողովուրդին ու աշխարհին ճանչցուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետ անմահ անունով։

0000KOMITAS

1896ին, կարճ ժամանակով, Թիֆլիսի մէջ աշակերտեց Մ. Եկմալեանի՝ հարմոնիայի դասեր առնելով եւ այնուհետեւ ուղարկուեցաւ Պերլին, Ռ. Շմիթի անուան մասնաւոր երաժշտանոցը, ապա Արքունական համալսարանին մէջ երաժշտական իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու նպատակով։

1896էն 1899 Կոմիտաս վարդապետ ապրեցաւ Պերլին, ուր ոչ միայն մեծահռչակ ուսուցիչներու հոգածութեան տակ կատարելագործեց իր ձայնամարզումն ու երաժշտական գիտելիքները, այլեւ՝ համերգային ելոյթներով ու երաժշտական կատարումներով հայ ազգային երաժշտութիւնը ծանօթացուց եւ սիրելի դարձուց օտար հասարակութեան։

Նոյն շրջանին արարեց նաեւ գերման մեծ բանաստեղծներու գործերուն վրայ հիմնուած երգեր, ռոմանսներ եւ խմբերգներ, որոնք միջազգային համբաւի արժանացուցին հայ հանճարեղ երաժիշտին։ Իբրեւ այդպիսին՝ Կոմիտաս Վարդապետը հիմնադիր անդամներէն եղաւ նորաստեղծ Միջազգային Երաժշտական Ընկերութեան, որուն Պերլինի բաժանմունքին հրապարակային ձեռնարկներուն ելոյթ ունեցաւ հայ ազգային երաժշտութիւնը ներկայացնող բանախօսութիւններով ու կատարումներով։

Վերադառնալով Էջմիածին՝ Կոմիտաս Վարդապետ եռանդով լծուեցաւ մէկ կողմէ մանկավարժական գործունէութեան, արժէքաւոր երաժիշտներու սերունդ հասցնելով, իսկ միւս կողմէ ստեղծագործական բեղուն աշխատանքի՝ ժողովրդական եւ գեղջկական մեր երգերու հաւաքման ու մշակման իր հետազօտութիւնները ամբողջացնելով։

1906ին հրաւիրուեցաւ Փարիզ՝ իր յօրինումներն ու կատարումները ներկայացնելու ճոխ յայտագիրով, նաեւ դասախօսութիւններ կարդալով հայ ժողովուրդի ազգային՝ հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան վերաբերեալ։ Նոյնօրինակ ելոյթներու հրաւիրուեցաւ նաեւ Զուիցերիա, Վենետիկ եւ Վիեննա՝ ամէնուր բարձրագոյն գնահատանքի արժանանլով։

Աշխարհահռչակ երաժիշտներու վկայութեամբ՝ Կոմիտաս Վարդապետ արժանացաւ երաժշտական աշխարհի մէջ Ներդաշնակութեան եւ Բազմաձայնութեան Հազուագիւտ Վարպետի կոչումին։

1910ին սկսաւ մեծ վարդապետին կեանքի բախտորոշ շրջանը։ Էջմիածնէն տեղափոխուեցաւ Պոլիս, ուր մանկավարժական ծաւալուն գործունէութեան զուգահեռ՝ համերգային եւ կատարողական նախանձելի ելոյթներ ղեկավարեց։ Շրջեցաւ Օսմանեան կայսրութեան հայաշատ բոլոր քաղաքներն ու օսմանեան տիրապետութեան ենթակայ երկիրներու հայաշատ գաղութները՝ ամէնուր տարածելով եւ պաշտամունքի արժանացնելով հայ հոգեւոր ու ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը։

Այդ շրջանի իր մեծագոյն իրագործումներէն մէկը եղաւ »Գուսան« (հետագային՝ »Հայ Գուսան«) երգչախումբին կազմութիւնը, որուն միջոցաւ Կոմիտաս Վարդապետը լծուեցաւ իր արժանաւոր յաջորդներու երաժշտական պատրաստութեան։ Այդ աշխատանքին արգասիքը եղան »Կոմիտասեան հինգ սաներ« անունով՝ հետագային իրենց կարգին հռչակուած հայ մեծ երաժիշտները՝ Բ. Կանաչեան, Մ. Թումաճեան, Վ. Սարգիսեան, Վ. Սրուանձտեան եւ Յ. Սէմէրճեան։

Կոմիտաս Վարդապետը չբաւարարուեցաւ հայ ազգային երաժշտութեան սահմաններով։ Եռանդով լծուեցաւ նաեւ թրքական ժողովրդային երաժշտութեան, ինչպէս եւ ընդհանրապէս արեւելեան ժողովուրդներու երգարուեստին ուսումնասիրութեան ու մշակումին։ Յատկապէս թուրք հասարակութիւնը մեծապէս գնահատեց հայոց մեծ վարդապետին ներդրումը, բայց ատիկա բաւարար չեղաւ թրքական պետութեան վարիչներուն համար, որպէսզի խնայեն կեանքը արդէն ամբողջ աշխարհին պատկանող հայ հանճարեղ երաժիշտին։

Կոմիտաս Վարդապետը, իր կարգին, 24 Ապրիլ 1915ին ենթարկուեցաւ հայ մտաւորականութիւնը հարուածած թրքական եղեռնագործ ահաւոր եաթաղանին, ապրեցաւ տարագրութեան մղձաւանջը եւ թէեւ մարմնապէս փրկուեցաւ սպանդէն, բայց վերջնականապէս կորսնցուց իր հոգեմտաւոր հաւասարակշռութիւնը՝ սեփական ժողովուրդի արհաւիրքին իբրեւ հետեւանք…

Ինչպէս որ տասնամեակներ ետք մեծանուն Սեւակ պիտի գոռար՝ «Դէ եկ վարդապետ ու մի խելագարիր»…

Ինչպէ՜ս չխելագարէր Մեծն Կոմիտասը՝ ի տես այն անասելի Ցեղասպանութեան, որուն բարբարոսական գործադրութեամբ թրքական պետութիւնը իր »երախտագիտութիւն«ը յայտնեց դարերով թրքական հասարակութիւնն ու մշակոյթը հարստացուցած հայ ժողովուրդին նկատմամբ։

1919ին, արդէն ծանրօրէն հի-ւանդ՝ Կոմիտաս Վարդապետը տեղափոխուեցաւ Փարիզ, ուր աւելի քան 15 տարի հոգեբուժական խնամքի արժանացաւ, բայց երբեք չապաքինեցաւ։

Եւ 22 Հոկտեմբեր 1935ին, իր ամբողջ ազգին խաչելութիւնը սեփական աչքերով տեսած Մեծն Կոմիտասը մարմնապէս հեռացաւ մեր աշխարհէն։

Հայկեան Հանճարին երաժշտական դափնեպսակը հանդիսացող Մեծն Կոմիտասի աճիւնները տարուեցան Հայաստան, ուր իր վերջնական հանգիստը գտաւ հայ ազգային երաժշտութեան եղերաբախտ հիմնադիրն ու անգերազանցելի Վարպետը։ Հանճարեղ ու անմահ Կոմիտասի յիշատակին Երեւան ունեցաւ »Կոմիտաս« զբօսայգին՝ մեծանուն վարդապետին անունը կրող տուն-թանգարանով։ Կոմիտասի ժառանգութիւնը ներկայացնող թանգարանի կողքին համալիրը օժտուեցաւ համերգային եւ գեղարուեստական ելոյթներու յատուկ սրահներով ու յարմարութիւններով։

Հայոց երգի ու երաժշտութեան հանճարեղ վարդապետին ծն-նդեան 150ամեակին՝ ողջոյնի եւ հպարտութեան անմար մոմերու պէս մեր յիշողութեան մէջ միշտ վառ մնան ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏին ձօնուած մեր մեծարանքի վկայութիւնները.

Աւետիք Իսահակեան
«Կոմիտասը մեր ժողովրդի հպարտութիւնն է, նրա գործը՝ մեր ազգային անսպառ հարստութիւնը… Նա յայտնագործել է մեր ազգային երգը, հայկական երաժշտութիւնը, ազգային մելոսը (մեղեդին-Խմբ.)՝ ինքնուրոյն եւ անաղարտ: Նա հիմն է դրել ազգային երաժշտական կուլտուրային (մշակոյթին-Խմբ.)… Կոմիտասը հայ երգով լոյս աշխարհ հանեց դարերի խաւարի մէջ կեղեքուած ժողովրդի խուլ բողոքն ու ցասումը բռնութեան, ստրկութեան դէմ. նրա խեղդուած վիշտը, իրաւազուրկ կեանքը եւ պայծառ ապագայի հանդէպ տածած հաւատը»:

Մարտիրոս Սարեան
«Նրա մեծութիւնն իր մէջ է, ոչ ոք չի սովորեցրել, բայց նա զգացել է, մտել բնութեան մէջ: Այս երաժշտութիւնն իր կանոններն ունի, որը թելադրուած է մեր երկրի ու ժողովրդի ոգով…»։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.
«Հայ ժողովուրդը կոմիտասեան երգին մէջ գտաւ, ճանաչեց իր հոգին, իր հոգեկան ինքնութիւնը։ Կոմիտաս վարդապետը սկիզբ է, որ վախճան չունի։ Նա պիտի ապրի հայ ժողովուրդով, հայ ժողովուրդը պիտի ապրի նրանով, ինչպէս այսօր, այնպէս էլ յաւիտեան»։

comments

Advertisement