Ընկեր Հրայր Մարուխեանի Մտերմութեան Մէջ

By Asbarez | Saturday, 21 December 2019

«Դաշնակցականը Կոչուած Է Գործելու Ազգի Եւ Հայրենիքի Հանդէպ Պատասխանատուութեան Զգացումով»

 

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

nazareth2-1

Դեկտեմբեր 21ի այս օրը, քսանմէկ տարի առաջ, Աթէնքի իր բնակարանին մէջ, ամբողջ հինգ տարի անկողնին անշարժ ու անխօս գամուած մնալէ ետք՝ իր վերջին շունչը փչեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատգամաբեր առաքեալներէն եւ արժանաւոր ներկայացուցիչներէն ընկեր Հրայր Մարուխեան:

Ընկեր Հրայրի գաղափարական աշխարհին եւ կազմակերպական առօրեային մօտէն առնչուեցան եւ մեծավաստակ դաշնակցականի անոր մտերմութեան մէջ կազմաւորման իրենց ուղին հարթեցին մեծաթիւ դաշնակցականներ՝ կուսակցական ընկերներ ըլլան անոնք, թէ գաղափարական համակիրներ:

Վերջին յիսնամեակի հայ իրականութեան մէջ չկայ հայ ազատագրական պայքարին մօտէն թէ հեռուէն առնչուած որեւէ բնագաւառ, որ իր վրայ չկրէ ընկեր Հրայր Մարուխեանի անջնջելի դրոշմը։ Հայ Դատի ուժական պայքարի վերազարթնումէն մինչեւ Սփիւռքը Հայաստանով եւ Հայաստանը Սփիւռքով շնչաւորելու ու ամբողջացնելու մեծագոյն յանդգնութիւնը, Ազգային կեանքի ղեկավարումը ժողովրդային ու ժողովրդավարական, այլեւ ազգային պատասխանատուութեան հիմունքով վերակազմակերպումէն մինչեւ ժամանակակից աշխարհի ժողովրդավարական ու ընկերվարական գաղափարաբանութեամբ վերանորոգման հետ քայլ պահելու թռիչքը, իրենց բոլոր առումներով, կիզակէտը դարձան ընկեր Հրայրի կեանքին, գործին եւ մտածողութեան։

Որոշապէս մեր սերունդներու պարագային, ահա քառորդ դարէ ի վեր, դաշնակցականի մեր յիշողութեան ոլորտներուն կը շարունակէ թեւածել բնաւ յոգնիլ չգիտցող, տեւաբար յառաջ նետուող յանդուգն ու անվեհեր ոգին ընկեր Հրայրի:

Հազարաւորներ դեռ չեն հաշտուած ընկեր Հրայրի բացակայութեան փաստին հետ։

Տակաւին կ՛ունենանք պահեր, երբ կը տարուինք մտածելու, որ ահա յանկարծ, ուր որ է, դուռը պիտի բացուի եւ, իր շուրջը համակ եռանդ ու շարժում սփռող կենսունակութեամբ, ընկեր Հրայր ներս պիտի մտնէ, կամ՝ հեռաձայնը պիտի հնչէ եւ պիտի լսենք իր «պինդ կաց» յորդորով միշտ պսակուող՝ գործ յանձնարարող, գաղափար հունաւորող եւ ոգեւորութեամբ վարակող ձայնը։

Այդպէս է, որովհետեւ Ղեկավար Դաշնակցականի ոչ միայն իւրայատուկ, այլեւ՝ համադրող կերպարը եղաւ Հրայր Մարուխեան։ ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութենէն մինչեւ սփիւռքեան տասնամեակներուն գործած մեծանուն Դաշնակցականներուն խտացումը կայ Հրայր Մարուխեան տիպարին մէջ՝ իր բոլոր երեսներով եւ առանձայատկութիւններով հանդերձ:

Ընկեր Հրայր ուսուցանո՛ղ ղեկավար եղաւ, անվիճելիօրէն։

Աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուէր եւ որքան ալ ծանրաբեռնուած ըլլար իր ուսերուն ծանրացած բազմակողմանի պատասխանատուութեանց բերմամբ, անպայման ժամանակը պիտի գտնէր անձամբ կապուելու եւ հասնելու բոլորին, որպէսզի համակուսակցական եւ համազգային Ընդհանուր Գործին իւրաքանչիւր մասնակից բերէր իր առաւելագոյնն ու լաւագոյնը։

Եւ Գործը, ընկեր Հրայրի համար, սահմանափակում չէր ճանչնար՝ ե՛ւ մարտական էր, ե՛ւ մտաւորական, թէ՛ կազմակերպական էր, թէ՛ քաղաքական, ե՛ւ բարոյական էր, ե՛ւ դաստիարակչական։

Այո՛, տակաւին կը փնտռենք խրախուսող եւ ուսուցանող ներկայութիւնը ընկեր Մարուխեանի։

Եւ ամէն տարի այս օրը, երբ ընկեր Հրայրի մահուան տարելիցին առիթով՝ ոգեկոչման իմ սրտի խօսքը գրելու համար կը նստիմ գրասեղանիս առջեւ, չեմ կրնար չյիշել, առաջին հերթին, ժպիտով արտասանուած եւ մեր մտաւորական ուժերուն ուղղուած գանգատի ու կշտամբանքի իր խօսքը, թէ՝ աշխատասեղանին գամուած մնալ, ժողովրդային ասոյթով՝ «տիտիկ ընել չեն գիտեր…» մեր ընկերները:

Հրայր Մարուխեան ծնած էր Դեկտեմբեր 19ին, 1928, Իրանի Քերմանշահ քաղաքը: Ան աւարտած էր Իրանի պետական համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը՝ մեքենագիտական բնագաւառէն ներս: ՀՅԴ շարքերուն միացած էր Թեհրանի մէջ: Նախ անդամակցած էր ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան եւ ապա անցած կուսակցական շարքերը: Կուսակցական իր գործունէութենէն անկախ, եղած էր Թեհրանի «Արարատ» մարզական միութեան հիմնադիրներէն եւ տարիներ վարած էր միութեան նախագահի պատասխանատուութիւնը:

1963ին Հրայր Մարուխեան մասնակցեցաւ ՀՅԴ 18րդ Ընդհանուր ժողովին, իբրեւ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ: Այս ժողովը յատկանշական էր Դաշնակցութեան ղեկավար մարմինին մէջ իր կատարած սերնդափոխութեամբ: Այդ ճամբով ալ Հրայր Մարուխեան, 35 տարեկանին, ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

1964ին ընտանեօք փոխադրուեցաւ Լիբանան, ուր տեղափոխուած էր (Գահիրէէն) Բիւրոյի նստավայրը: Պէյրութ տեղափոխեց նաեւ իր անձնական գործը։ 1967ին վերընտրուեցաւ Բիւրոյի անդամ: Ատենի Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ատուր Գապաքեանի մահէն ետք զայն փոխարինեց մինչեւ Բիւրոյի պաշտօնավարութեան շրջանին աւարտը, իսկ 1972ին՝ ՀՅԴ 20րդ Ընդհանուր Ժողովին վերընտրուելով Բիւրոյի անդամ, ստանձնեց Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը, որ այնուհետեւ ¬ մինչեւ Յուլիս 1994ի իր եղերական մահաքունը ¬ շարունակաբար վստահուեցաւ Հրայր Մարուխեանի։

Այդ շրջանէն սկսեալ թափ առաւ Հրայր Մարուխեանի ղեկավար դերակատարութիւնը ինչպէս Դաշնակցութեան, նոյնպէս եւ Սփիւռքի հայութեան քաղաքական ինքնակազմակերպման ու յեղափոխական զարթօնքին աշխուժացման մէջ։

1975ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով եւ Բիւրոյի որոշումով, 1975ի վերջերը, Հրայր Մարուխեան փոխադրուեցաւ Աթէնք, Յունաստան, Դաշնակցութեան համահայկական գործունէութիւնը անարգել շարունակելու յանձնարարութեամբ: (1985ին Աթէնք փոխադրուեցաւ նաեւ Բիւրոյի Կեդրոնական գրասենեակը՝ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ով ու Մամլոյ Դիւանով):

Աթէնքէն ծաւալած ընկեր Հրայրի գործունէութեան առաջին տասնամեակը զուգադիպեցաւ Հայ Դատի ուժական պայքարի շղթայազերծումին, որ բնականաբար իր վճռորոշ անդրադարձը ունեցաւ Հայ Դատի ի նպաստ Դաշնակցութեան ծաւալած քաղաքական լոպիինկի աշխուժացման եւ, ընդհանրապէս, ՀՅԴ կազմակերպական հզօրացման վրայ։ Գաղափարական, կազմակերպական եւ քաղաքական այդ զարթօնքի բոլոր ուղղութիւններով՝ առաջնորդող դեր կատարեց ընկեր Հրայր։

1988ի Օգոստոսին գումարուած ՀՅԴ 24րդ Ընդհ. ժողովին, Արցախեան շարժման ամբողջապէս նուիրուելու Դաշնակցութեան Կամքը ազդարարելով, ՀՅԴ որոշեց կազմակերպական եւ քաղաքական իր գործունէութիւնը հունաւորել «Դէպի Երկիր», եւ Հրայր Մարուխեան անձամբ ղեկավարեց Դաշնակցութեան հայրենիքի մէջ վերընձիւղման աշխատանքները։ Իբրեւ այդպիսին՝ մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ, իսկ Դաշնակցութիւնը վերածուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի կազմակերպականօրէն ամէնէն կուռ, քաղաքականօրէն ամէնէն գործունեայ եւ ազատագրական շարժման հասկացողութեամբ ամէնէն մարտունակ կազմակերպութիւնը: Այդ յաջողութեան համար Հրայր Մարուխեան անձամբ ծանր գին վճարեց 29 Յունիս 1992ին, երբ Հայաստանի նախագահի իր հանգամանքը չարաշահելով՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պատկերասփիւռի տխրահռչակ իր ելոյթով, Հրայր Մարուխեանն ու Հրաչ Տասնապետեանը Հայաստանի Հանրապետութենէն արտաքսելու իր հրամանագիրը յայտարարեց:

Հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական այդ օրերուն, երբ ատրպէյճանցի հրոսակներ սկսած էին գրաւել Շահումեանն ու Մարտակերտը, ընկ. Հրայր Մարուխեան որոշեց ենթարկուիլ անարդար այդ հրամանագիրին ու հեռանալ երկրէն՝ առաջքը առնելու համար ներ¬հայկական հաւանական զինեալ բախումներուն, որոնք իբրեւ թակարդ կը լարուէին հակահայ ուժերուն կողմէ:

Յաջորդ երկու տարիներուն, Հրայր Մարուխեան քաղաքական գետնի վրայ ղեկավարեց Լեւոն Տէր¬Պետրոսեանի հայավնաս քաղաքականութեան դէմ ուղղուած Դաշնակցութեան անհաշտ պայքարը:

Եկաւ 17 Յուլիս 1994ի չարաբաստիկ օրը, երբ Աթէնքի մէջ ընկեր Հրայր Մարուխեան ունեցաւ ուղեղային արիւնահոսութիւն եւ մտաւ մահաքունի մէջ: Այդպէ՛ս կայծակնային կերպով եւ ողբերգականօրէն վերջ գտաւ Հրայր Մարուխեանի գործունէութիւնը՝ մեծ կորուստ պատճառելով Դաշնակցութեան եւ հայ քաղաքական միտքին:

Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետագայ քաղաքական զարգացումները եկան փաստելու, որ Դաշնակցութեան բռնած ուղին ճիշդ էր: Ի վերջոյ հայրենաբնակ ժողովուրդի բողոքի ու քաղաքական ընդվզումի լայն ալիքի ճնշման տակ, քաղաքական բեմէն հեռացաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

Դեռ լրիւ չէ պեղուած ու ըստ արժանւոյն դեռ չէ համադրուած՝ գաղափարներու եւ գործունէութեան այն կրակուբոց աշխարհը, որուն ինքնուրոյն եւ կենսունակ մարմնաւորումը կը հանդիսանայ ընկեր Հրայր Մարուխեան՝ իբրեւ ներկայացուցիչը ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Դաշնակցութեան հաւաքական ղեկավարութեան աւանդը վերանորոգած սփիւռքեան այն դաշնակցական ղեկավար սերունդին, որուն գաղափարական ու կազմակերպական ճառագայթումին մէջ հիմնական ներդրում ունեցան բժիշկ Բաբգէն Փափազեան եւ Սարգիս Զէյթլեան, Վաչիկ Ղարաբէկեան եւ Հրաչ Տասնապետեան, Սամսոն Ստեփանեան, Հրաչ Աբրահամեան եւ Անդրանիկ Ուրֆալեան – յիշատակելու համար միայն անուններ անդարձ մեկնածներէն:

Եւ ամէն անգամ, որ փոխուող ժամանակներուն հետ նորայայտ դէմքեր ու նորանոր բարքեր կու գան իրենց ստորագրութիւնն ու կնիքը դնելու Դաշնակցութեան գործող կազմակերպութեան վրայ՝ փորձութիւնը մեծ կ՛ըլլայ բոլոր դաշնակցականներուս համար, վերաբանալու հրապարակագրական եւ մտաւորական անմահ էջերը, այլեւ հարցազրոյցներու ճամբով ընկեր Հրայրի կողմէ մեր ժողովուրդին կտակուած ժառանգութեան ու պատգամին ուղեցոյցները:

1990ի Փետրուարին, երբ Ղարաբաղեան շարժումը դեռ չէր նուաճած Մայիս 1990ի համաժողովրդական խորհրդարանական ընտրութեանց պատմական, այլեւ անկիւնադարձային յաղթանակը, Հայաստանի Գրողներու միութեան «Գրական Թերթ» շաբաթաթերթը, Սամուէլ Շահմուրադեանի նախաձեռնութեամբ, ծաւալուն հարցազրոյց մը լոյս ընծայեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի հետ: Թէեւ հարցազրոյցի սկզբնաւորութեան ընկեր Հրայր կարեւորութեամբ կ՛ընդգծէր, որ ինք խորհրդակցած է իր ընկերներուն հետ եւ, այդ առումով, իր պատասխանները «Հաւաքական» տեսակէտ կ՛արտայայտեն, այսուհանդերձ՝ հարցազրոյցը բաւականաչափ սպառիչ լոյս կը սփռէ հայ կեամքը նաեւ մեր օրերուն յուզող հիմնական հարցերուն վերաբերեալ անձնապէ՛ս ընկեր Հրայրի եւ, ըստ ամենայնի, Դաշնակցութեան դիրքորոշումներուն վրայ:

Երբ մեր օրերուն խօլ մրցավազքին մէջ յայտնուած են հայ քաղաքական միտքի տարբեր թեւերը, որպէսզի այս կամ այն հայրենական, համաժողովրդային թէ քաղաքական նուաճումին մէջ իրենց ներդրումը գովազդելով վարկանիշ ապահովեն մեր ժողովուրդի աչքին՝ կ՛արժէ անոնց ուշադրութեան յանձնել ընկեր Հրայրի հետագայ պատգամը, որուն համաձայն՝ Դաշնակցութիւնը պէտք չէ զոհաբերել աժան ու գռեհիկ ամբոխավարութեան:

– «ՀՅ Դաշնակցութիւնը ո՛չ անցեալում եւ ոչ էլ ներկայումս հետամուտ չի եղել դափնիներով իր գլուխը զարդարելու նպատակին: Նա ինչ որ արել է, կատարել է անկեղծ կերպով, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ անշահախնդրօրէն: Դրա համար էլ այդ շրջանի պատմութեան մենք նայում ենք հաշուառելով ոչ միայն ենթակայական պայմանները, այլեւ այն առարկայական պայմանները, որոնց մէջ ձեւաւորուեցին պատմութեան այդ կարեւոր իրադարձութիւնները»:

– «Հայաստանի Հանրապետութիւնը հիմնադրուեց, բնական է, հայ ժողովրդի ջանքերով: Այնպէս էին իրադարձութիւններն այն օրերին, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնն էր ղեկավարում հայ ժողովրդի ազատամարտը եւ հէնց ինքն էր, որ ղեկավարեց, համատեղեց հայ ժողովրդի ճիգերը Հայաստանի անկախութեան վերստեղծման գործում: Մենք չենք ուզում սեփականել պատիւը Հայաստանի անկախութեան ստեղծման գործում, որ պատկանում է հայ ժողովրդին, այդուհանդերձ՝ անկախ մեր կամքից, պատմական տուեալները անառարկելի կերպով Դաշնակցութեանն են տալիս այդ պատիւը»:

Ազգային պատասխանատուութեան ոգիով միշտ առաջնորդուելու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ այս պատգամը ընկեր Հրայր ոչ միայն իր կենսափորձով բիւրեղացուցած էր, այլեւ անոր մէջ խտացած կը տեսնէր արեան ու քրտինքի այն ծով զոհաբերութիւնը, որ Վիտոշի լանջին ինկած Քրիստափորներու, Պանք Օթոմանի դարպասին զոհուած Բաբկէն Սիւնիներու, Հայաստանի լեռներուն կամ դաշտերուն անթաղ անմահացած Գէորգ Չաւուշներու կամ Լիզպոնի Հինգին գերագոյն անձնուիրումի աւանդով՝ ներշնչման վարար աղբիւրն է հայ ըլլալու արժանաւորութեամբ հպարտացող իւրաքանչիւր դաշնակցական անկեղծ զինուորի՝ յեղափոխական հայորդիի:

Դաշնակցութեան վաստակին ամենահարազատ եւ վաւերական վկան, այո՛, անոր կատարած գործն է:

comments

Advertisement