Հերքելով Քորոնա Ժահրին Պատճառած Ճգնաժամը Էրտողան Կը Վտանգէ 80 Միլիոն Թուրքերու Կեանքը

By Asbarez | Thursday, 26 March 2020

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

1227haroutsassounian

Աշխարհը կտրուկ կերպով փոխուած է վերջին քանի մը շաբթներուն ընթացքին՝ մահացու «Քորոնա» ժահրին անսպասելի տարածման պատճառով: Ամբողջ աշխարհի տարածքին, հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ մեկուսացած են իրենց տուներուն մէջ՝ վախնալով շփուելէ ոեւէ մէկուն հետ, որ կրնայ վարակակիր ըլլալ:

Բռնակալական քանի մը պետութիւններու ղեկավարներ չշտապեցին արձագանգել ժահրին՝ հերքելով, որ այդ մէկը լուրջ հարց է իրենց երկիրներուն մէջ: Վերջապէս, որովհետեւ հետզհետէ աւելի շատ մարդիկ կը վարակուէին, այդ ղեկավարները գիտակցեցան եւ անյապաղ սկսան միջոցներու ձեռնարկել՝ իրենց ժողովուրդներըը պաշտպանելու համար:

Նման անպատասխանատու ղեկավարներէն մէկը Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանն է: Ամերիկեան ձեռնարկութիւններու հիմնարկի գիտաշխատող Մայքըլ Ռուպին 16 Մարտ 2020ին ծաւալուն յօդուած մը գրեց The National Interest երկշաբաթաթերթին մէջ՝ «Մոլախաղ 80 Միլիոն Կեանքերու Հետ․ Ինչո՞ւ Էրտողան Կը Ստէ «Քորոնա» ժահրի մասին» խորագիրով։

Ռուպին կը վկայակոչէ Փիցպըրկի համալսարանի բժշկական դպրոցի թուրք մանկաբոյժ, սրտանօթի վիրաբոյժ Էրկին Քոչեիլտըրըմը, որ գրութեան մը մէջ նկարագրած էր՝ «կեղծիքներ են թրքական կառավարութեան պնդումները՝ ստուգման արդիւնաւէտ գործիքի հնարման մասին»։

Թէեւ Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարը սկիզբէն իսկ հերքեց, որ Թուրքիոյ մէջ կան «Քորոնա» ժահրի պարագաներ, վարակին տարածման մասին լայն տարածում գտած պնդումներէն ետք, թրքական իշխանութիւնները ձերբակալեցին տեղեկատուները։ 64 թուրքեր եւս բանտարկուեցան «կեղծ եւ սադրիչ» տեղեկութիւններ տարածելու մեղադրանքով։ Աւելին, պետական վերահսկողութեան տակ գտնուող թրքական մամլոյ խորհուրդի անդամները պնդեցին, որ «թրքական ծինը վարակազերծ կը դարձնէ թուրքերուն մեծամասնութիւնը», կը յայտնէ Ռուպին։

Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին բացակայութեան մասին Էրտողանի ստախօսութիւնները Ռուպին կը բացատրէ «ամբարտաւանութեան եւ տգիտութեան վտանգաւոր միացմով: «Աւելի մեծ դրդապատճառ կրնայ ըլլալ վախը: Թէեւ Թուրքիոյ ժողովրդագրութիւնը կը փոխուի յօգուտ Էրտողանի, որովհետեւ Թուրքիոյ Անաթոլիա տարածքի կեդրոնական մասին մէջ, պահպանողական ընտանիքներուն թիւը կ՛աճի՝ կեդրոնական Պոլսոյ  եւ միջերկրական ծովու ափերուն ապրող եւրոպականացած թուրքերուն հետ համեմատած, սակայն տնտեսութիւնը կը խարխլի: 2010ին Էրտողան խոստացաւ, որ 2023ին՝ Թուրքիոյ հարիւրամեակին, Թուրքիա պիտի դառնայ աշխարհի տասը տնտեսութիւններէն մէկը: Նոյնիսկ նախքան «Քորոնա» ժահրը, Թուրքիա յաջողակ կ՛ըլլար՝ մնալով լաւագոյն քսանեակին մէջ, ոռովհետեւ փտախտը, նեպոտութիւնը, քաղաքական միջամտութիւնը գործարարութեան մէջ եւ համատարած անարդիւնաւէտ կառավարումը միացած են՝ յօդս ցնդեցնելով Թուրքիոյ տնտեսութեան մասին վստահութիւնը», կը յայտնէ Ռուպին։

Էրտողանի՝ Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին տարածումը քօղարկելու միւս պատճառը՝ զբօսաշրջութեան ճարտարարուեստին փլուզման վախն է։ «2018ին, Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան բերած գումարը եղած է շուրջ 30 միլիառ տոլար: Ճիշդ տարի մը առաջ, Էրտողան խոստացաւ, որ Թուրքիա պիտի հիւրընկալէ 50 միլիոն զբօսաշրջիկ՝ այդ ցուցանիշը բարձրացնելով առնուազն 20 տոկոսով: Առաւել՝ Թուրքիոյ 12 միլիառ տոլարի ներդրումը Պոլսոյ նոր օդանակայանին, որ կ՛ակնկալուի ըլլալ ամէնէն մեծը աշխարհի մէջ եւ որուն մէջ, ըստ լուրերուն, Էրտողան եւ իր ընտանիքը մեծ ներդրումներ կատարած են։ Կը թուի, թէ Էրտողան փորձած է թերագնահատել «Քորոնա» ժահրին մասին զեկոյցները, որպէսզի խրախուսէ զբօսաշրջութեան տոլարներու շարունակական հոսքը: Այսպիսով, ան կը ձգտէր ոչ միայն յիմարացնել ռուսերը, եւրոպացիները եւ ամերիկացիները, այլեւ վտանգել անոնց կեանքը: Ի դժբախտութիւն Թուրքիոյ, ամէնէն սուղ գինը պիտի վճարեն թուրքերը, ոռովհետեւ Թուրքիա կը սպառնայ դառնալ վարակի յաջորդ մեծ օճախը։ Ըստ թուրք բժիշկի մը գնահատումին՝ թուրքերուն մինչեւ 60 տոկոսը ներկայիս կրնայ վարակուած ըլլալ եւ Էրտողան կը  դանդաղեցնէ ստուգումը՝ կանխելով աղէտին չափերուն բացայայտումը։ Մահերը անխուսափելի էին, սակայն Էրտողանի խարդախութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, իր երկրին մէջ պատճառ կը դառնայ հարիւր հազարաւոր նոր մահերու, որոնք կ՛աւելնան Թուրքիոյ մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող տասնեակ դէպքերուն, սակայն անոնց մասին պաշտօնապէս չի հաղորդուիր», կ՛ըսէ Ռուպին ։

Իրավիճակը աւելի սրելով, ինչպէս շարք մը այլ երկիրներու մէջ, Թուրքիոյ հանրութիւնը կեղծ բուժումներ յօրինած է «Քորոնա» ժահրին դէմ: Նազլան Էրթան Al-Monitor կայքին վրայ գրած է, որ թուրքերը այժմ կ՛ապաւինին կանեփին եւ ոչխարի միսով խաշին՝ սարսափելի վարակին դէմ պայքարելու համար։

«Ենի Աքիթ» օրաթերթի յայտնի իսլամիստ սիւնակագիր Ապտուրահման Տիլիփաք կը կարծէ, որ կանեփը «կրնայ լուրջ խոչընդոտ ստեղծել վարակի համաշխարհային տարածման»: Տիլիփաք, որ Թուիթըրի մէջ ունի 700 հազար հետեւորդ, մօտաւորապէս վեց անգամ աւելի՝ քան իր թերթին տպաքանակը, նաեւ կոչ ըրած է իր թուրք ընթերցողներուն՝ խուսափելու արտասահմանեան պատուաստանիւթեր ստանալէն, որովհետեւ անոնք կրնան պարունակել ամլացման միջոցներ՝ այդ պատուաստանիւթերը կապելով արիական դաւադրութեան հետ։

Աւելին, երբ թուրք փրոֆեսէօր մը առաջարկեց «քելլէ փաչայով» (ոչխարի գլխու միսով խաշ) բուժումը, բազմաթիւ թուրքեր խճողուեցան ճաշարաններու մօտ՝ խաշը գերադասելով ընկերային հեռաւորութենէն։ «Քորոնա» ժահրին բռնկումը յանգեցուցած է «քելլէ փաչա»ի պահանջարկի կտրուկ աճին», 16 Մարտին հաղորդեց «Հիւրռիէթ»ը ։ «Լրատուական յօդուածներէն ետք, աճած են թէ՛ ճաշարաններու եւ թէ ալ դուրս տարուող«քելլէ փաչա»ի պատուէրները», կը յայտնէ Իզմիրի կեդրոնը գտնուող «Իզմեթ Ուստա» յայտնի ճաշարանին մատուցողը։

«Այս բոլոր միջոցները, ձեր կոկորդը քացախով կամ որեւէ տեսակի ապուրով լեցնելէն սկսեալ, անօգուտ են», 16 Մարտին ըսաւ Վարակիչ հիւանդութիւններու ոչ-կառավարական ընկերակցութեան նախագահ Մեհմեթ Չէյլան NTV լրատուականին ։ «Ասոնք գիտական չեն եւ պէտք չէ տարածուին (լրատուական միջոցներով կամ բերնէ-բերան)».

Բարեբախտաբար, այս օրերուն, ժահրին նկատմամբ շրջադարձային վերաբերում տեղի ունեցաւ թուրք պաշտօնեաներու մօտեցման մէջ: Անոնք այժմ կոչ կ՛ուղղեն բնակչութեան՝ մնալու տունը, ինքնամեկուսացման մէջ՝ վարակներէ խուսափելու համար:

Կը յուսամ, որ ձեռնարկուած միջոցները շատ չեն ուշացած եւ միլիոնաւոր թուրքեր արդէն իսկ վտանգի մէջ չեն: «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած 1236 վարակուածներուն եւ մահուան 30 պարագաներուն մասին յայտարարուած թիւերը չեն ցոլացներ իրական պատկերը:

Այս ճգնաժամային պահուն, բոլորին կը մաղթենք առողջութիւն՝ անկախ պոլորին ազգութենէն, կրօնքէն կամ մորթի գոյնէն: Կը յուսանք, որ այս վնասաբեր հիւանդութիւնը անխուսափելիօրէն կ՛օգնէ մարդոց եւ ժողովուրդներուն՝ մերձենալու՝ անտեսանելի ընդհանուր թշնամիին դէմ, միացեալ ուժերով պայքարելու համար:

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

comments

Advertisement