ԱԶԱՏ ՕՐԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ  ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

By Asbarez | Tuesday, 21 April 2020

HAGOP

«Ինծի Համար Գօտեպնդիչ Էր Տեսնել, Որ Յունահայութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Պատնէշի Վրայ»

 

Մար­տի սկիզ­բը, ­Յու­նաս­տան այ­ցե­լեց ՀՅԴ ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Յա­կոբ ­Տէր Խա­չա­տու­րեան։
Օ­րին, անդ­րա­դար­ձած էինք անոր ունեցած կա­րե­ւոր հան­դի­պում­նե­րուն` ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հետ, ո­րոնց­ կարգին յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս Փաւ­լո­փու­լո­սին:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ա­ռի­թ ու­նե­ցաւ նաեւ Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հան­դիպումներ  ունենալու շրջանի կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ եւ սպա­ռիչ կեր­պով ներ­կա­յաց­նե­լու ՀՅ­ Դաշ­նակ­ցու­թեան տե­սա­կէտ­նե­րը ազ­գա­յին, հա­մա­հայ­կա­կան եւ հայ­րե­նի ի­րա­կա­նու­թեանց ա­ղերս ու­նե­ցող հար­ցե­րու շուրջ։
Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի պար­տադ­րած հա­մաշ­խար­հա­յին ար­գի­լում­նե­րու լոյ­սին տակ, «Ա­զատ Օր» ­Յա­կոբ ­Տէր ­Խա­չա­տու­րեա­նի հետ ու­նե­ցաւ հեռախօսային հար­ցազ­րոյց մը, ո­րուն ըն­թաց­քին ան անդրադարձ եղաւ ­Հա­յաս­տա­նը, Ար­ցա­խը եւ ընդհանրապէս հա­յաշ­խար­հը յու­զող հարցերուն, մաս­նա­ւո­րա­բար լու­սար­ձա­կի տակ առ­նելով ներ­հա­յաս­տա­նեան ու ար­ցա­խեան քաղաքական զար­գա­ցում­նե­րը եւ ՀՅ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Բ­նա­կա­նա­բար, մեր խօ­սակ­ցու­թիւ­նը ընդգր­կեց նաեւ Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թեան ար­ժե­ւո­րու­մը։ Ս­տո­րեւ, մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նենք հար­ցազ­րոյ­ցին ամ­բող­ջու­թիւ­նը.

 

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ձեր ­Հա­յաս­տան վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, հան­դի­պում ու­նե­ցաք ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին եւ վար­չա­պե­տին հետ։ ­Կը խնդրենք ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նել այդ մա­սին։

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին եւ վար­չա­պե­տին հետ պար­բե­րա­բար հան­դի­պում կ­՚ու­նե­նանք, երբ ­Հա­յաս­տան գտնո­ւիմ: ­Նա­խա­գա­հին հետ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը ընդգր­կեց ­Հայ Դա­տի մեր գրա­սե­նեակ­նե­րու եւ յանձ­նա­խում­բե­րու վեր­ջին խորհր­դա­ժո­ղո­վի ար­դիւնք­նե­րը, 2020ի հա­մա­հայ­կա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը՝ նե­րա­ռեալ ­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րի 100ա­մեա­կի նշու­մը, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը եւ ազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հար­ցե­րը: Իսկ վար­չա­պե­տին հետ քննար­կե­ցինք հա­մա­հայ­կա­կան ու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հար­ցե­ր, նե­րա­ռեալ Ար­ցա­խի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կայ փու­լը եւ ­Հա­յաս­տան-Վրաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Եր­կու հան­դի­պում­ներն ալ ան­ցան փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ:
Մենք, ան­կախ իշ­խա­նու­թեան հետ մեր ու­նե­ցած ներ­քա­ղա­քա­կան տա­րա­կարծու­թիւն­նե­րէն, միշտ զգա­ցած ենք անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը հա­մա­հայ­կա­կան ու ­Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ խորհր­դակ­ցե­լու հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թեան բարձրա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­լու, փո­խա­դարձ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եզ­րեր գտնե­լու եւ աշ­խա­տան­քները հա­մադ­րե­լու:

 

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Փետ­րո­ւա­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, Ար­ցա­խի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հայ Դա­տի աշ­խար­հաս­փիւռ յանձ­նա­խում­բե­րու եւ գրա­սե­նեակ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վը։ Օ­րին, մեր մա­մու­լը անդրա­դար­ձաւ ժո­ղո­վին մա­սին, սա­կայն այժմ կը խնդրենք ու­նե­նալ ձեր գնա­հա­տա­կա­նը:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Մենք, պար­բե­րա­բար կը գու­մա­րենք ­Հայ Դա­տի խորհր­դա­ժո­ղով­ներ, ուր ի մի կը բե­րենք մեր գրա­սե­նեակ­ներու եւ յանձ­նա­խում­բե­րու ներկայացուցիչները: Ո­րոշ տա­րի­ներ, այդ խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րը կը կա­տա­րենք տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հիմ­քով, իսկ 2-3 տա­րին ան­գամ մը՝ կեդ­րո­նա­կան մա­կար­դա­կով, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ:
Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, մեր մե­ծա­գոյն յա­ջո­ղու­թիւ­նը այն է, որ գրա­սե­նեակ­նե­րու ցան­ցը ըն­դար­ձա­կո­ւած է եւ հա­մալ­րո­ւած՝ Հայ Դա­տի արհեստավարժ յաւելեալ նո­ւի­րեալ­նե­րով, ո­րոնք պատ­նէ­շի վրայ են օ­րը 24 ժամ, շա­բա­թը 7 օր, տա­րին 365 օր։ Ա­նոնք էա­պէս ­Հայ Դա­տով կ­՚ապ­րին, կը գոր­ծեն, կ­՚աշ­խա­տին որ­պէս կազ­մա­կերպ ու ան­խոնջ բա­նակ: Այ­լեւս, միայն կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քով չենք բա­ւա­րա­րո­ւիր, թէեւ այդ եր­բեք չ­՚են­թադ­րեր ան­տե­սու­մը այն հսկայ գոր­ծին, զոր կը կա­տա­րեն մեր յանձ­նա­խում­բե­րու կազ­մե­րը ու ա­նոնց շուրջ հա­մախմ­բո­ւած կա­մա­ւոր­նե­րը, ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն եր­կիր­նե­րու մէջ:
Այս վեր­ջին խորհր­դա­ժո­ղո­վի նիս­տե­րը տե­ղի ու­նե­ցան թէ՛ Ե­րե­ւա­նի եւ թէ՛ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ։ Օ­րա­կար­գը կ­՚ընդգր­կէր ­Հայ Դա­տի մեր նո­րօ­րեայ սահ­մա­նու­մին չորս հիմ­նա­կան գլուխ­նե­րը։
Ա­ռա­ջի­նը՝ մեր լո­պիին­կի աշ­խա­տանք­ներն են մեր եր­կու պե­տու­թեանց ի նպաստ:
Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին՝ պե­տու­թեան հզօ­րաց­ման օ­րա­կարգն է, ա­նոր մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թեան ամ­րապն­դու­մը եւ տար­բեր տեսակի օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ ա­պա­հո­վե­լը: Ար­ցա­խի պա­րա­գա­յին՝ օ­ժան­դա­կու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու կող­քին, ա­նոր ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի շեշ­տա­ւո­րումն է եւ, ուր որ կա­րե­լի է, Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման հե­տապն­դու­մը: Օ­րի­նակ մը տամ օ­ժան­դա­կու­թեան հար­ցով. Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն մէջ մե­րօ­րեայ մար­տահ­րա­ւէր­ներէն է վե­րա­հաս­տա­տումը Ար­ցա­խին ուղ­ղա­կի օ­ժան­դա­կու­թեան, որ Թ­րամ­փի վար­չա­կար­գը կը փոր­ձէ ջնջել, ինչպէս նաեւ` Հա­յաս­տա­նի յատ­կա­ցո­ւե­լիք Ա­մե­րի­կա­յի նպաս­տը ուղղել դէ­պի պսա­կա­ձեւ ժահ­րի դէմ պայ­քա­րին:
Երկ­րորդ հիմ­նա­կան գլու­խը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, կան­խար­գիլ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման աշ­խա­տանք­ներն են, ո­րոնց վրայ ա­ւել­ցած է մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան օ­րի­նա­կան բաժինին մասնագիտական ու­սում­նա­սի­րման խնդի­րը: Այս վեր­ջին նպա­տա­կին հա­մար ստեղ­ծե­ցինք «Armenian Legal Center for Justice and Human Rights» (Ար­դա­րու­թեան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց հայ­կա­կան ի­րա­ւա­կան կեդ­րոն) կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ գրան­ցո­ւած ըլ­լա­լով հան­դերձ, ու­նի մի­ջազ­գա­յին խոր­հուրդ, որ կը բաղ­կա­նայ տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ընդգրկուած մաս­նա­գէտ­նե­րէ եւ ու­նի եր­կու հիմ­նա­կան նպա­տակ­ներ. առա­ջին՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րաց­ման հա­մար օ­րի­նա­կան ճա­նա­պարհ­ներու ո­րո­նու­մը, իսկ երկ­րորդ՝ Ար­ցա­խի հար­ցով օ­րի­նա­կան ճա­նա­պար­հի ճշդու­մը, հաս­նե­լու հա­մար մեր հիմ­նա­կան նպա­տա­կին:
Եր­րոր­դը՝ առ­հա­սա­րակ հա­յա­պատ­կան հո­ղե­րու վրայ կամ ընդ­հան­րա­պէս Ս­փիւռ­քի մէջ հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան խնդիրն է: Այս բա­ժի­նը կը պար­փա­կէ բնա­կա­նա­բար ­Ջա­ւախ­քի մեր քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայ­րնե­րուն մարդ­կա­յին ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու խնդիր­նե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք կառ­չած մնան ի­րենց հո­ղին: Այս գլխուն տակ կ­՚իյ­նայ նաեւ թա­քուն հա­յե­րու հար­ցը Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ինչ­պէս նաեւ այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը, որ­պէս­զի մեր հո­ղե­րուն վրայ հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը քաջալերո­ւի եւ հա­յա­կեր­տու­մը ամ­րապն­դո­ւի: ­Հոս կը զե­տե­ղո­ւին նաեւ Ս­փիւռ­քի ­հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րը ըստ մի­ջազ­գա­յին դաշ­նա­գիր­նե­րու կամ ա­ռան­ձին եր­կիր­նե­րու օ­րէնք­նե­րու սահ­մա­նում­նե­րուն: Յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ են ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի, ­Թիֆ­լի­սի եւ Պոլ­սոյ հա­յու­թեան պա­րա­գա­նե­րը: Իսկ կարգ մը շրջան­նե­րու մէջ կայ հա­յու­թեան վե­րա­դար­ձի ե­րե­ւոյ­թը, հա­յա­կերտ­ման խնդի­րը, զոր կը քա­ջա­լե­րենք ա­մե­նու­րէք։
Այ­սօր, ու­րա­խու­թեամբ ա­կա­նա­տես կ՛ըլլանք նոր սե­րունդ հայ­րե­նա­սէր ներկայացուցիչներու, ո­րոնց ծնող­նե­րը հե­ռա­ցած էին ի­րենց ար­մատ­նե­րէն եւ հի­մա ի­րենք սկսած են վե­րա­դառ­նալ հա­յու­թեան գիրկը:
Չոր­րորդ գլու­խը՝ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րաւ­ման եւ քա­ղա­քա­կա­նաց­ման խնդիրն է, որ­պէս­զի ա­նոնք տեղ հաս­նին տարբեր եր­կիր­նե­րու մէջ, բարձր մա­կար­դա­կի պաշ­տօն­ներու՝ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, ֆի­նան­սա­կան, լրա­տո­ւա­կան կա­ռոյց­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ու կեդ­րոն­նե­րու մէջ:

 

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Անց­նինք ­Հա­յաս­տա­նի այ­սօ­րո­ւան քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կին. սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան հան­րա­քո­ւէ, պսա­կա­ձեւ ժահ­րի դէմ պայ­քար, քա­ղա­քա­կան շի­կա­ցած մթնո­լորտ։ Ո՞րն Է ՀՅ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կե­ցո­ւած­քը եւ դիր­քո­րո­շու­մը։

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ճիշդ է, որ շի­կա­ցած է մթնո­լոր­տը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: Դժ­բախ­տա­բար իշ­խա­նու­թիւ­նը տա­կա­ւին կը հե­տապն­դէ բա­ժա­նա­րար գի­ծեր ստեղ­ծե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն: Կը յա­մե­նայ թշնա­ման­քի ու ա­տե­լու­թեան մթնո­լորտը, որ ա­ռողջ ե­րե­ւոյթ չէ եւ կը քան­դէ հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեան ամէն յա­ւա­նա­կա­նու­թիւն: Սահ­մադ­րա­կան հան­րա­քո­ւէն յե­տաձ­գո­ւած է պսա­կա­ձեւ ժահ­րի առ­թած վտան­գին պատ­ճա­ռաւ:
ՀՅ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Հա­յաս­տա­նի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը յստա­կօ­րէն բա­ցատ­րած է, թէ ին­չու՛ հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան է այս հան­րա­քո­ւէի ըն­թաց­քը եւ էու­թիւ­նը, Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նի քա­նի մը դա­տա­ւոր­նե­րէն ձեր­բա­զա­տե­լու հա­մար պարզապէս … Ա­ռա­ւել, ու­նինք լուրջ մտա­հո­գու­թիւն, որ օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր բո­լոր լծակ­նե­րը ու­նե­նա­լով իր ձեռ­քը, իշ­խա­նու­թիւ­նը հի­մա նաեւ կ­՚ու­զէ իր ամ­բող­ջա­կան հա­կակ­շի­ռին տակ առ­նել դա­տա­կան ամբողջ հա­մա­կար­գը, ինչ որ մե­զի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է. ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ դա­տա­կան հա­մա­կար­գը ու­նի իր ան­կա­խու­թիւ­նը եւ չի գոր­ծեր օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան ներքեւ:
Մենք կողմ­նա­կից ե­ղած ենք  (եւ վար­չա­պե­տին հետ հան­դի­պում­նե­րուն ալ փո­խան­ցած ենք) դա­տաի­րա­ւա­կան հա­մա­կար­գին մէջ բա­րե­փո­խում­ներ կատարելու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, բայց ա­նոնք պէտք է ըլ­լան հանգ­րո­ւա­նա­յին, հա­մա­խո­հա­կան եւ սահ­մա­նադ­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան: ­Մենք կը հա­ւա­տանք, որ դժբախ­տա­բար, այս հան­րա­քո­ւէն ան­գամ մը եւս պի­տի բե­ւե­ռաց­նէ մեր ժո­ղո­վուր­դը եւ սե­ւե­րու ու սպի­տակ­նե­րու բա­ժա­նա­րար գի­ծե­րը պի­տի յայտ­նա­բե­րէ: ­Սահ­մա­նադրա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­րա­նա­կան գոր­ծըն­թա­ցը ար­դէն սկսած է եւ իշ­խա­նու­թե­նէն կ­՚ակն­կա­լենք, որ ստեղ­ծէ հա­մե­րաշխ մթնո­լորտ, փո­փո­խու­թիւն­նե­րու թղթած­րա­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն եւ հա­մա­պար­փակ կեր­պով քննար­կե­լու հա­մար: Մենք ան­ցեա­լին անդ­րա­դար­ձած էինք այս կա­պակ­ցու­թեամբ մեր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն, այ­սինքն երկ­քա­ղա­քա­ցի­նե­րու նկատ­մամբ բո­լոր տե­սա­կի սահ­մա­նադ­րա­կան ար­գելք­նե­րու վե­րաց­ման, նա­խա­գա­հի ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րու ըն­դար­ձակ­ման կամ ա­ւե­լի ճիշդ վար­չա­պե­տի եւ նա­խա­գա­հի լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը հա­ւա­սարկշ­ռե­լու, խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գի ամ­րապնդման եւ ար­դա­րա­դա­տու­թեան մարզի տակաւ ան­կա­խաց­ման ա­ռըն­չու­թեամբ: Ա­ռա­ւել, ընտ­րա­կան օ­րէնսգիր­քին մէջ անհ­րա­ժեշտ փո­փո­խու­թիւն­ներ կատարելու վե­րա­բե­րեալ:
Բ­նա­կա­նա­բար, այս հար­ցե­րը հի­մա սա­ռե­ցո­ւած են պսա­կա­ձեւ ժահ­րի դէմ պայ­քա­րե­լու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թե­նէն թե­լադ­րո­ւած:
ՀՅԴ ­Բիւ­րոն կո­չով դի­մեց աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան` հա­մախմ­բուե­լու պե­տու­թեան շուրջ եւ միաս­նա­կան ու­ժե­րով դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար այս մար­տահ­րա­ւէ­րը: Մենք կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցինք ա­ռա­ջարկ­ներ այս ուղ­ղու­թեամբ եւ ՀՕՄի ու ­Հայ Դա­տի մեր յանձ­նա­խում­բե­րու գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ան­մի­ջա­պէս ի գործ դրինք օ­ժան­դա­կու­թեան ծրա­գիր­ներ, ո­րոնց մէկ մա­սը տա­կա­ւին ըն­թաց­քի մէջ է:

 

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Վեր­ջերս ­Հա­յաս­տա­նի մէջ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սը հան­դէս ե­կաւ Հայաստանի երկ­րորդ նա­խա­գահ Ռ. ­Քո­չա­րեա­նի խա­փան­ման մի­ջո­ցի փո­փո­խու­թեան ա­ռա­ջար­կով: Ա­նոր յա­ջոր­դած հրա­պա­րա­կա­յին թեր ու դէմ կար­ծիք­նե­րը ա­լե­կո­ծե­ցին Հա­յաս­տա­նի մա­մուլն ու ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րը: Ի՞նչ ու­նիք ը­սե­լիք այս ուղ­ղու­թեամբ:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան յոր­դո­րին մէջ ո­րե­ւէ ար­տա­ռոց բան չկայ. Վե­հա­փա­ռը պար­զա­պէս կը նշէր, որ մեկ­նած` Հայաստանի երկ­րորդ նա­խա­գա­հի ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կի ու պսա­կա­ձեւ ժահ­րի առ­թած մտա­հո­գու­թե­նէն, բո­լոր կան­խար­գե­լիչ մի­ջոց­նե­րուն պէտք է դի­մել ա­պա­հո­վե­լու հա­մար նա­խա­գա­հի ա­ռող­ջու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը: ­Հոն ո­րե­ւէ անդ­րա­դարձ չկար դա­տա­վա­րու­թեան էու­թեան ու քրէա­կան մե­ղադ­րանք­նե­րուն մա­սին: Արդ, իս­կա­պէս ան­հասկ­նա­լի է այն ծա­ւա­լած աղ­մու­կը եւ մա­նա­ւանդ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պայ­քա­րը ոչ միայն Վե­հա­փա­ռի ան­ձին, այլեւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դէպ:
Ան­գամ մը եւս կը շեշ­տենք, որ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցին ազ­գա­յին էա­կան կա­ռոյց­նե­րէն է, ո­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը նշո­ւած է Հայաստանի ­սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ եւ ո­րուն դե­րը լոկ կրօ­նա­կան սահ­ման­նե­րէն շատ ան­դին ան­ցած է մեր պե­տու­թեան կո­րուս­տի խա­ւա­րի դա­րե­րուն: Ե­կե­ղեց­ւոյ դէմ ծրագ­րա­ւո­րո­ւած այս յար­ձա­կում­ները եւ ա­նոր դե­րը դի­տում­նա­ւոր կերպով նսե­մաց­նե­լը հա­րո­ւած­ներ են ուղ­ղո­ւած ողջ հա­յու­թեան, եւ առ այդ լրիւ դա­տա­պար­տե­լի:
Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի Հայաստանի երկ­րորդ նա­խա­գա­հին, ա­պա կա­լան­քը որ­պէս խա­փան­ման մի­ջոց ընտ­րե­լու եւ ձգձգո­ւող դա­տա­վա­րու­թեան հետ կա­պո­ւած մեր յստակ դիր­քո­րո­շումն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը վա­ղուց յայտ­նած ենք։ Աշ­խար­հը պա­տու­հա­սած այս հա­մա­վա­րա­կի պայ­ման­նե­րուն մէջ, այ­սօր ա­ռա­ւել եւս ա­նըն­դու­նե­լի կը նկա­տենք ա­ռող­ջա­կան խնդիր­ներ ու­նե­ցող եւ վտան­գո­ւած տա­րի­քա­յին խում­բի մէջ գտնո­ւող Հայաստանի երկ­րորդ նա­խա­գա­հին նկատ­մամբ ա­զա­տազրկ­ման ծայ­րա­յեղ մի­ջոց­ներ կի­րա­ռե­լը։ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը կա­րե­լի չէ ըլ­լալ ընտ­րո­վի եւ պետք չէ հա­կա­սէ ի­րա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թեան սկզբունք­նե­րուն:

 

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Այժմ, խօ­սինք Ար­ցա­խի զոյգ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ բնա­կա­նա­բար՝ ՀՅ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցու­թեան մա­սին։

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ար­ցա­խի ընտ­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջին փու­լը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ աշ­խուժ մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ բարդ ու խճո­ղո­ւած խճան­կա­րով:
Ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ­քան կը յի­շեմ, որ ու­նե­ցանք 14 նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­ներ եւ 12 կու­սակ­ցու­թիւն­ներ ու դա­շինք­ներ: Յամե­նայն­դէպս, մեր յոր­դորն էր, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րը ըն­թա­նան ար­դար, հա­ւա­սար ու թա­փան­ցիկ պայ­ման­նե­րու մէջ: Թէեւ, ի սկզբա­նէ մտա­հոգ էինք որ ար­դէն ա­ւե­լի քան տա­րիէ մը ի վեր կարգ մը ու­ժեր ձեռ­նար­կած էին ան­պաշ­տօն ընտ­րար­շա­ւի, ա­մէն տե­սա­կի լծակ­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով: Անհ­րա­ժեշտ էր նաեւ ա­պա­հո­վել պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի մէջ գտնո­ւող Ար­ցա­խի կա­յու­նու­թիւ­նը եւ ցոյց տալ աշ­խար­հին, որ Ար­ցա­խը կա­յա­ցած պե­տու­թիւն է եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան բարձր մա­կար­դա­կով կրնայ ընտ­րել իր քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:
Մենք ներ­կա­յա­ցանք մեր նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծո­ւով, յան­ձին՝ ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեա­նի, եւ Ազգային Ժողովին հա­մար ո­րա­կա­ւոր ցան­կով՝ կազ­մո­ւած կուսակցականներէ եւ հա­մա­կիր­նե­րէ: Մեր մրցա­կից­նե­րուն իսկ հաս­տա­տու­մով, ու­նե­ցանք ա­մէ­նէն ո­րա­կա­ւոր եւ ի­րա­պաշտ ընտ­րա­կան ծրա­գի­րը:
Ա­ռա­ջին փու­լի ըն­թաց­քին ի յայտ ե­կան ո­րոշ խախ­տում­ներ եւ յստա­կա­ցաւ, որ կարգ մը ու­ժեր, մա­նա­ւանդ մե­ծա­գոյն տո­կոս ստա­ցած դա­շին­քը, պե­տա­կան լծակ­նե­րու ամ­բող­ջա­կան օգ­տա­գոր­ծու­մով եւ շռայլ խոս­տում­նե­րով են ա­ռա­ւե­լա­գոյն քո­ւէ­ները ա­պա­հո­ված: Դաշ­նակ­ցու­թեան քո­ւէ­նե­րը նախ­կին ընտ­րու­թեան հա­մե­մատ ան­կում կրե­ցին եւ ՀՅԴն ­նոր խորհր­դա­րա­նին մէջ ու­նե­ցաւ 3 ա­թոռներ:
Երկ­րորդ փու­լի ար­դիւն­քը ար­դէն կան­խո­րո­շո­ւած էր նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րու քո­ւէ­նե­րու մեծ տար­բե­րու­թեան եւ երկ­րորդ բարձ­րա­գոյն քուէ հա­ւա­քած թեկ­նա­ծո­ւին այդ փու­լին չմաս­նակ­ցե­լու կո­չին պատճառով:
Ինչ­պէս միշտ, եւ ան­կա­խա­բար ընտ­րա­կան ար­դիւն­քէն, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ան­պայ­ման պի­տի ու­նե­նայ իր կա­րե­ւոր դե­րը Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ պաշտ­պա­նել Ար­ցա­խի ի­րա­ւունք­նե­րը աշ­խար­հով մէկ: Ան­շուշտ, մեր նպա­տա­կը Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ի­րա­ւա­կան ամ­րագ­րումն է, որ­պէս մի­ջան­կեալ լու­ծում, եւ վերջ ի վեր­ջոյ ա­նոր միա­ցու­մը Հա­յաս­տա­նին:

 

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- 2020 թո­ւա­կա­նը կը յատ­կան­շո­ւի նշա­նա­կա­լից պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ո­գե­կո­չում­ով։ Կր­նա՞ք ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նել ՀՅ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծրագ­րած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- 2019ը մե­զի հա­մար բա­ւա­կան բեղմ­նա­ւոր տա­րի ե­ղաւ, ո­րով­հե­տեւ քա­նի մը մեծ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ու­նե­ցանք:
Բիւ­րո­յի նոր կազ­մի ընտ­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, տա­րին սկսանք Ար­ցա­խի հա­մար ռազ­մա­կան դա­շին­քի կա­պակ­ցու­թեամբ հայ­կա­կան ու­ժե­րու հա­մախմ­բում ստեղ­ծե­լով եւ հա­մա­ժո­ղով գու­մա­րե­լով։ Նոյն ուղ­ղու­թեամբ եւ այս ան­գամ ա­ւե­լի քան 150 օ­տար քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու, ա­կա­դե­մի­կոս­նե­րու եւ լրագ­րող­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ գո­ւմա­րե­ցինք Ար­ցա­խի ­Բա­րե­կամ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վը՝ Ար­ցա­խի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հետ:
Մեր ոչ հայ բա­րե­կամ­նե­րը կա­րո­ղա­ցանք հա­ւա­քել Ար­ցա­խի մէջ, հա­կա­ռակ Ատր­պէյ­ճա­նի այն սպառ­նա­լիք­նե­րուն, թէ ա­նոնց ա­նուն­նե­րը կ­՚ար­ձա­նագ­րո­ւին իր «սեւ ցանկ»ին վրայ: Այս բո­լոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն, ­Գա­նա­տա­յէն, Եւ­րո­պա­յի այ­լա­զան եր­կիր­նե­րէն եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն, շեշ­տե­ցին Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը եւ սա իս­կա­պէս մեծ յա­ջո­ղու­թիւն էր:
Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Ապ­րի­լին գու­մա­րեց իր ­Գե­րա­գոյն ժո­ղո­վը եւ ընտ­րեց նոր մար­մին: Կազ­մա­կեր­պե­ցինք զա­նա­զան շրջա­նա­յին հան­դի­պում­ներ, խորհրդա­ժո­ղով­ներ՝ մեր քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րը ճշդե­լու հա­մար: Հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցանք Հայաստանի իշ­խա­նու­թեան այ­լա­զան օ­ղակ­նե­րուն հետ: Ծ­րագ­րո­ւե­ցան նաեւ ­Ջա­ւախ­քի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ի­րա­ւունք­նե­րու հե­տապնդ­ման եւ առ­հա­սա­րակ օ­ժան­դա­կու­թեան նոր ու­ղի­ներ:
Իսկ Ս­փիւռ­քի մէջ նոր ա­ւիշ, նոր ե­ռանդ բե­րե­լու նպա­տա­կով սկիզ­բը դրինք նոր գոր­ծըն­թա­ցի մը. յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն ըն­ծա­յե­ցինք ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին ու ­Լի­բա­նա­նի տնտե­սա­կան տագ­նա­պին հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին ու մեր ը­նե­լիք­նե­րուն: Եւ անդ­րա­դար­ձանք, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը մե­ծա­պէս նե­ցուկ կանգ­նե­ցաւ մե­զի՝ ­Նո­յեմ­բե­րին ձեռ­նար­կո­ւած Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րու Պ­րիւք­սէ­լի հան­գա­նա­կու­թեան, որ ինք­նին գօ­տեպն­դիչ ե­րե­ւոյթ էր:
Եւ 2020 թո­ւա­կա­նը սկսանք մեծ ե­ռան­դով ու ծրա­գիր­նե­րով:
2020ի ­Փետ­րո­ւա­րին, մենք ու­նե­ցանք ­Հայ Դա­տի խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ շա­րու­նա­կու­թիւնն էր 2019ի Ար­ցա­խի հա­մար կա­յա­ցած եր­կու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն: ­Նոյն օ­րե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րա­րու­թեան հետ ու­նե­ցանք հա­մադ­րա­կան ժո­ղով:
Մար­տին, պսա­կա­ձեւ ժահ­րի հա­մա­ճա­րա­կը խան­գա­րեց մեր գար­նա­նա­յին եւ ա­մառ­նա­յին ծրա­գիր­նե­րը. այս­պի­սով՝ Ապ­րի­լին ծրագ­րո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ցոյ­ցերն ու քայ­լար­շաւ­նե­րը, մեր ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րու եւ յա­րա­կից կա­ռոյց­նե­րու հետ ժո­ղո­վը Հա­յաս­տա­նի մէջ, ­Մա­յի­սին ՀՅ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն՝ Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեա­նի մա­հո­ւան 115ա­մեա­կի նշու­մը ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ, Եւ­րո­պա­յի ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մա­գու­մա­րը, ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վը ­Լի­բա­նա­նի մէջ, Ս­փիւռ­քի հար­ցե­րու հա­մա­ժո­ղո­վը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ կա­յա­նա­լիք ա­մառ­նա­յին բա­նա­կում­նե­րը ջնջո­ւե­ցան կամ յե­տաձ­գո­ւե­ցան:
Կը յու­սանք, որ աշ­նան պի­տի կա­րո­ղա­նանք յա­տուկ կեր­պով նշել Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րի 100ա­մեա­կը եւ զայն ի­րա­գոր­ծել ­Սեպ­տեմ­բե­րին ­Սեւ­րի մէջ, իսկ նա­խա­գահ Ո­ւիլ­սը­նի ի­րա­ւա­րար վճի­ռի 100ա­մեա­կը ­Նո­յեմ­բե­րին՝ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ:
Իսկ այս տա­րի, բո­լոր շրջան­նե­րը պի­տի տօ­նեն ՀՅԴ հիմ­նադ­րու­թեան 130ա­մեա­կը, բայց գլխա­ւոր ձեռ­նար­կը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ Նո­յեմ­բե­րի սկիզ­բը։ Ե­րե­ւա­նի մէջ, միա­ժա­մա­նակ պի­տի ու­նե­նանք մեր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ժո­ղո­վը, զոր կը գու­մա­րենք տա­րին ան­գամ մը:

 

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Յու­նաս­տան ձեր Մար­տի այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ու­նե­ցաք շարք մը քա­ղա­քա­կան եւ ներ­գա­ղու­թա­յին հան­դի­պում­ներ։ Ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք այդ տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րը։

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տեմ ­Յու­նաս­տա­նի մեր պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու ծրագ­րա­յին աշ­խա­տան­քը, զոր տա­րած էին ժա­մա­նու­մէս ա­ռաջ: ­Թէ՛ ներ­քին կազ­մա­կեր­պա­կան ի­մաս­տով, թէ՛ քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը իս­կա­պէս տպա­ւո­րիչ էին եւ չորս օ­րե­րու կարճ ժամանակամիջոցին, բծախնդ­րօ­րէն ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան: ­Տե­ղի ու­նե­ցան բարձր մա­կար­դա­կի քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց ար­դէն անդ­րա­դար­ձած էք «Ա­զատ Օր»ին մէջ։
Ու­րախ եմ, որ կա­րո­ղա­ցայ հան­դի­պում­ներ ու­նե­նալ Ա­ռաջ­նոր­դին, ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան, հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ ու­ղե­կից կա­ռոյց­նե­րուն, կու­սակ­ցա­կան շար­քե­րուն եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ։ Ին­ծի հա­մար գօ­տեպն­դիչ էր տես­նե­լ, որ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ պատ­նէ­շի վրայ, ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը գոր­ծու­նեայ է, իսկ կու­սակ­ցա­կան, ազ­գա­յին ու միու­թե­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը աշ­խոյժ է ու ամ­բող­ջո­վին նո­ւի­րո­ւած՝ իր ժո­ղո­վուր­դին, հայ­րե­նի­քին ու դա­տին:
Վարձ­քեր­նիդ կա­տար:

 

 

 

comments

Advertisement