ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. Առ ի Գնահատանք Աւստրալահայ Գաղութին

By armenia.com.au | Wednesday, 10 June 2020

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ



Վերջերս, հեռարձակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Միջին Արեւելքէն Աւստրալիա հաստատուող առաջին սերունդին, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի բարեխնամ առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնած է թէ «դժբախտաբար շատ զարգացած սերունդ մը չէ եկած» եւ Աւստրալիա հաստատուած են անոնք, որոնք «չեն կրցած երթալ Ամերիկա, Գանատա եւ Եւրոպա»:

Յիշեալ հաստատումը տեղի տուաւ դժգոհութեան ալիքի մը գաղութէս ներս, որուն դիմաց անտարբեր կարելի չէր մնալ:

Առաջին հերթին կ’ուզենք հաստատել թէ որեւէ մակարդակի ղեկավարութեան մը կողմէ գաղութի հասցէին կատարուած վարկաբեկումը ընդունելի չէ:

Երկրորդ՝ սոյն արտայայտութիւնը թէ՛ իրականութեան չի համապատասխաներ եւ թէ՛ վիրաւորական է, ի մասնաւորի երբ կը հնչուի մեր գաղութի առաջնորդին կողմէ: Աւելին՝ այդ մէկը ապերախտութիւն բուրող արտայայտութիւն մըն է, հանդէպ Աւստրալահայ գաղութի այն սերունդին, որ թափեց իր արիւնն ու քրտինքը յանուն գաղութի բարգաւաճման:

Իրականութիւնը այն է, որ Աւստրալիա ժամանող առաջին սերունդը շատ յաճախ ունէր առիթը իր հաստատման վայրը ընտրելու եւ անոնց մէջէն ընտրեց Աւստրալիան ու համոզումով կայք հաստատեց Խաղաղականի այս ասպնջական ափերը զանազան կարողութիւններով, սակայն վստահաբար տուաւ իր կարողութենէն աւելին, յանուն նորահաստատուած գաղութին:

Աւստրալիա հաստատուող առաջին սերունդին ունեցած տեսլականին եւ կատարած ներդրումին շնորհիւ, հիմքերը դրուեցան այն հաստատութիւններուն, որոնց շնորհիւ Աւստրալահայ գաղութը մինչեւ օրս առիթը ունի պահպանելու իր 3500 տարուայ մշակոյթն ու անհատականութիւնը:

Աւստրալահայ գաղութի անդրանիկ սերունդի հերոսները հիմնեցին մեր եկեղեցիները, կազմակերպական կառոյցները, դպրոցները եւ մշակութային կեդրոնները: Այս իրագործումները չէին կրնար իրականանալ «ոչ շատ զարգացած» սերունդի մը կողմէ, այլ կրնային իրականանալ միայն յստակ տեսլական եւ նուիրում ունեցող սերունդի կողմէ:

Այս հաստատութիւններու պահպանման եւ աճեցման աշխատանքները պատահական մարդոց միջոցաւ չէին կրնար առաջնորդուիլ, ուստի Աւստրալահայ համայնքի հիմնադիր սերունդին յաջորդող ղեկավարները, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ստեղծեցին հայկական վարժարաններ, հայկական հարցը պաշտպանող ջատագովութեան խմբակներ, մարզական ակումբներ, հայութիւնը համախմբող պարախումբեր, հաստատութիւններ՝ որոնք կարողացան հիւրընկալել եւ օժանդակել Իրաքի եւ Սուրիոյ գաղթական հայերուն եւ կառուցել նոր առաջնորդարան Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմին, ըստ որու առաջնորդին, այս բոլորը աշխատանքներն են «ոչ զարգացած» խաւի մը, որոնք հաստատուած են Աւստրալիա, «երբոր չեն կրցած երթալ Ամերիկա, Գանատա եւ Եւրոպա»:

Աւստրալիա հաստատուած անդրանիկ սերունդը կը հաւատար ընտանիքի գոյութեան եւ ազգային արժէքներուն եւ այդ ուղղութեամբ ալ անոնք դաստիարակեցին իրենց զաւակները որպէս ապագայի ղեկավարներ, ինչպէս Նիու Սաութ Ուէլզի նահանգապետ՝ Քլատիս Պէրէճիքլեանը, որ թրծուած էր նոյն այդ եկեղեցիներուն, կազմակերպութիւններուն, դպրոցներուն եւ գաղութային կեդրոններուն մէջ, նախքան հասնիլը նահանգային բարձրագոյն պատասխանատուութեան: Ան ներկայիս կ’առաջնորդէ 8 միլիոն բնակչութիւն ունեցող նահանգ մը «Քորոնա» ժահրի ճգնաժամի ընթացքին: Նահանգապետ Պէրէճիքլեան պարզապէս օրինակ մըն է գաղութէն ներս յաջողութիւն արձանագրող անձնաւորութիւններուն, որոնք նկատառելի յաջողութիւններ արձանգրած են աշխատանքային, ակադեմական եւ հանրային ասպարէզներուն մէջ:

Մեր համայնքի երիտասարդութիւնը, «Քորոնա» համաճարակի դժուար օրերուն ստանձնեց ղեկավարութեան դերը: Հակառակ համաճարակի պարտադրած մեկուսացման իրավիճակին, քաջածանօթ ըլլալով զարգացող արհեստագիտութեան (technology), առիթ ընծայեց Աւստրալահայութեան նշելու Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան եւ Անկախութեան 102-րդ տարեդարձը: Այսօր, երիտասարդութիւնը իր աշխատանքը առաջ կը տանի առաջնորդուելով նախնիներու եւ համայնքի հիմնադիր սերունդի կողմէ հաստատուած զօրաւոր հիմքերուն վրայ:

Այս համայնքը կարիքը ունի խելահաս ղեկավարութեան, որ ոչ թէ կը վարկաբեկէ, այլ կը գնահատէ իր ունեցածը, կը ներշնջէ գաղութի զաւակներուն եւ տիպար օրինակը կը հանդիսանայ բոլորին:

Աւստրալահայ համայնքը կարիքը ունի հոգեւոր առաջնորդներու, որոնք չեն ստորագնահատեր իրենց համայնքը, այլ դժուար օրերուն ծնկաչոք կ’աղօթեն անոնց համար: Համայնքը կարիքը ունի հոգեւորականներու, որոնք չեն քննադատեր անոր զաւակներուն, այլ կը մօտենան անոնց երբ պէտք ունին իրենց օրհնութիւններուն ու խորհուրդներուն: Մեզի պէտք չէ հպարտութիւն, այլ խոնարհութիւն, յոյս եւ միասնականութիւն:

Առաջնորդ Սրբազան Հօրմէն կը պահանջենք հանրային ճշդում:

comments

Advertisement