Ինչն Է Որ Offline Է Երբ Մենք Online Ենք. Մտորումներ Կրթական Ոլորտին Մէջ

By Asbarez | Tuesday, 09 June 2020

 

ONLINE

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.

Առցանց ուսուցումը նորութիւն չէ կրթական եւ ակադեմական մարզերուն մէջ: 20րդ դարու ընձեռած արդիւնաւէտ կարելիութիւններէն մէկն է անիկա, որուն տարբեր հարթակները եւ դասաւանդումի հետաքրքրական միջոցները հետզհետէ դարձան հիմնական ու կայացած մեթոտաբանութիւն: Առցանց ուսուցումը` դասերը առաւել հաճելի եւ գրաւիչ դարձնող, պատանիին եւ երիտասարդին նախասիրած առօրեայ «լեզուն» խօսող եւ անհատական սորվելու տարբեր եղանակներ գոհացնող, բոլորին հասանելի եւ մատչելի աշխարհ մը դարձաւ. աշխարհ մը, որ հաճելի ժամանցին եւ հրապուրիչ ներկայացումներու նորօրեայ ոճը տեղափոխեց նաեւ դաստիարակութեան ոլորտ եւ շատ յաճախ առաջնորդեց աշակերտներու ուսումնական արդիւնքներու բարելաւման եւ գործօն մասնակցութեան ապահովման: Անիկա նաեւ օժանդակեց ուսուցիչին` հարստացնելով դասաւանդման մեթոտներու իր պաշարը եւ ամրապնդելով ուսուցողական նպատակակէտերու իրագործումը:

Աշակերտներու հետաքրքրութեան խթանիչ ուժ հանդիսանալու կողքին, առցանց ուսումը դարձաւ նաեւ դպրոցներու եւ կրթական հիմնարկներու յառաջդիմութեան չափանիշ եւ երբեմն` նորարարութեան հետեւած ըլլալու հպարտանքի աղբիւր. ծնողներ յատուկ գոհունակութեամբ ընդունեցին զայն, խանդավառուեցան անոր բարեմասնութիւններով եւ զայն նկատեցին իրենց զաւակներու որակաւոր ուսում ապահովելու երաշխիքը:

Գործածութեան իր այս տարողութեան եւ ձեւաչափին մէջ առցանց ուսուցումը ունեցաւ բարերար ազդեցութիւն ընդհանրապէս, երբ մանաւանդ անոր օգտագործումը տեղադրուեցաւ որակաւոր ուսուցման ծրագիրներու մէջ, իբրեւ օժանդակ եւ ամբողջացուցիչ մեթոտ` դասաւանդման տարատեսակ եղանակներու եւ ռազմավարութիւններու կողքին:

Աշակերտակեդրոն ուսուցման գործընթացին կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը հանդիսացող առցանց մեթոտը վերջին շրջանին դարձաւ հիմնական եւ միակ ձեւը: Համաճարակի այս օրերուն դպրոցներն ու համալսարանները դիմեցին այս ձեւին, կրթական ծրագիրներու ամբողջացման համար եւ տուեալ պարտադրուած իրավիճակին մէջ, անիկա ընկալուեցաւ իբրեւ «փրկարար» ստեղծուած մերօրեայ թոհուբոհին մէջ: Այսպէս, կրթական հաստատութիւններ մանրամասն եւ հետեւողական համադրումով ջանացին կարելի եղածին չափ դասանիւթերու ծրագիրները ամբողջացնել, աշակերտ-ուսուցիչ-դպրոց կապի խզումը կանխարգիլել, աշակերտներու զարգացման նպաստող օգտակար հարթակ մը ստեղծել եւ կրթական գործի շարունակականութիւնը ապահովել: Ուսուցիչներ, բծախնդրօրէն եւ կրկնապատիկ աշխատանքով, փորձեցին առաւելագոյն չափով հասանելի եւ հասկնալի դասաւանդում կատարել, աշակերտը կարգապահ աշխատանքի մղել եւ արժեւորումները կարելիութեան սահմաններուն մէջ արդար կիրարկելի դարձնել:

Աշակերտներու տարիքային առանձնայատկութիւնները նկատի ունենալով, առցանց ուսուցումը տուեալ դասարանին եւ դասանիւթին յարմարեցնելու փորձ կատարուեցաւ` երբեմն յաջող, երբեմն թերի կերպով. ծնողներ գործակցեցան, աշակերտներ աշխատեցան, ուսուցիչներ վերադասաւորեցին եւ ձեւափոխեցին համակարգի պահանջներն ու նպատակակէտերը: Դրական եւ յուսալի մօտեցում որդեգրելով, կարելի է ըսել, թէ աշխատանքը խիստ գնահատելի էր, իսկ արդիւնքը` բաւարար:

Ուսուցանել սորվիլ գործընթացը երկկողմանի եւ երկու կողմերուն հաւասար ներդրումը ապահովելու ձգտող կազմակերպուած դրոյթ մըն է, որ կը բաղկանայ հիմնական 3 փուլերէ` ծրագրաւորում, կիրարկում, արժեւորում: Իւրաքանչիւր փուլ ունի իր պայմաններն ու յաջողութեան չափանիշները: Այսպէս, ծրագրաւորումի փուլին դժուարութիւնները յարաբերաբար մեծ չեղան. դասի նպատակակէտերը ճշդուեցան, միջոցի եւ ժամանակի պատշաճեցում կատարուեցաւ, եւ բովանդակութեան փոխանցումի ձեւը առաւելաբար կեդրոնացաւ լսողատեսողական բաղկացուցիչներու վրայ: Ապա այս բոլորին կիրարկումը ունեցաւ յատուկ ժամանակացոյց եւ ճշդուած ժամկէտ. այս բոլորը` պաստառով մը, որուն ետին կանգնող ուսուցիչը փոխանցեց դաս մը, դասեր, որոնք, հակառակ իրենց նորաձեւ բնոյթին, շատ յաճախ եղան նոյնանման, միապաղաղ եւ սահմանափակ: Աշակերտները շատ յաճախ եղան չէզոք եւ նոյնիսկ կրաւորական, իրենց պատկերն ու ձայնը երբեմն ընտրովի, մութ եւ լուռ: Արժեւորումը  երբեմն դարձաւ անշրջանցելի դժուարութիւն: Շատ յաճախ անիկա եղաւ միայն պարտաւորութիւն մը, որ անտեսեց արժեւորումը կանխող, եւ անոր պատրաստող աշակերտին իւրացման նպաստող եւ զայն ամրապնդող քայլերը: Մտահոգութիւններ արձանագրուեցան նաեւ աշակերտներու ներկայացուցած աշխատանքներու ինքնատպութեան մասին, նիշերու արդարացիութեան եւ ժամանակի ճիշդ տնօրինումին մասին: Այս բոլոր երեւոյթներուն ի տես, կարգ մը մասնագէտներ առաջարկեցին սոյն մեթոտը առցանց (online) չկոչել, այլ զայն փոխարինել հեռակայ (distance) ուսուցում եզրով, զայն հիմնաւորելով աշակերտներու ոչ ամբողջական մասնակցութեան եւ թերի ներկայութեան իրականութեամբ: Ուրիշներ կատարեցին այն հարցադրումը, թէ արդեօք տեղի ունեցածը իրաւա՞մբ online learning-է, թէ՞ online teaching միայն: Այլ խօսքով, կատարուածը ուսուցանե՞լ է միայն, թէ՞ կայ նաեւ սորվելու եւ իւրացումի ապացոյց:

Ի՛նչ անուանում ալ որ տրուի սոյն երեւոյթին, կ’արժէ պահ մը մտածել, թէ ո՞վ եւ ի՞նչը «offline» գնաց, այս «online» աշխարհին մէջ: Այս պարագային «offline» երթալը փոխաբերական իմաստով կը վերաբերի այն վատ հետեւանքներուն, զորս կրեցին շատեր եւ դաստիարակչական գործի կարգ մը էական բաժիններ.

 

Ո՞վ

 

– Յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներ, որոնք այս պարագային առիթ չունեցան իրենց դժուարութիւններուն հետեւող եւ լուծումներ գտնող ուսուցիչներ / մասնագէտներ ունենալու իրենց կողքին:

– Յատուկ ձիրքեր ունեցող աշակերտներ, որոնք կաղապարուած այս ձեւին մէջ բաւարար չափով չկրցան յայտնաբերել եւ զարգացնել իրենց ստեղծագործական կարողութիւնները:

– Բացատրութեան երկրորդ առիթին սպասող, միջին կարողութիւններով օժտուած աշակերտներ, որոնք ստիպուած եղան յարմարիլ մատուցուածին միայն:

– Լուսանցքայնացած, ներամփոփ եւ ամչկոտ աշակերտներ, որոնք գրեթէ անհետացան այս կշռոյթին մէջ:

– Նիւթական աղբիւրներէ զուրկ, համացանցի եւ ելեկտրականութեան դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներ, որոնք անգամ մը եւս սուղ գին վճարեցին թուայնացած աշխարհին բարիքները չվայելելնուն համար:

– Զարգացումի թերի մակարդակ ունեցող ծնողներու զաւակ-աշակերտներ, որոնք թեքնիք եւ դաստիարակչական օժանդակութիւն չստացան տան մէջ:

– Ոչ գոհացուցիչ աշխատավարձ ունեցող ուսուցիչներ, որոնք յաւելեալ ծանրաբեռնուածութիւն ունեցան, առանց ըստ այնմ գնահատուելու:

 

Ի՞նչ

 

– Աշակերտներու առցանց ապահովութիւնը վտանգուեցաւ, երբ մանուկ-պատանի աշակերտներ տարբեր տեսակի առցանց վատ արարքներու զոհ գացին:– Աշակերտներու ուշադրութիւնը եւ կեդրոնացումը նուազեցաւ, որովհետեւ կարելի չեղաւ անհատական խնամքի առարկայ դարձնել իւրաքանչիւր աշակերտ:

– Աշակերտները զգօն վիճակի մէջ պահելու ուսուցիչի դերակատարութիւնը տկարացաւ, որովհետեւ ուսուցիչը պաստառին ետեւէն լոկ խօսողի մը վերածուեցաւ` հեռու իր յարատեւօրէն աշխուժ վիճակէն:

– Ակադեմական դասանիւթերու սպառիչ քննարկումներուն եւ արտայայտուելու բազմաթիւ առիթներու ընդմէջէն զարգացող լեզուամտածողութիւնը տուժեց` իր ժխտական ազդեցութիւնը ձգելով մարդու իմացական աշխարհի կազմաւորման եւ մտածումի առողջ եւ ճշգրիտ դրսեւորման վրայ:

– Ինքնութեան / ազգային ինքնութեան կազմաւորումը խոչընդոտներու հանդիպեցաւ, որովհետեւ անիկա առողջ է միայն կրթական հաստատութեան մը ֆիզիքական եւ ընկերա-բարոյական միջավայրին մէջ եւ ոչ պաստառի մը ետին:

– Մարդկային տարրը ակամայ անտեսուեցաւ. գործօն մը, որուն առկայութեան համար այնքա՛ն կենսական է դէմ – առ -դէմ հաղորդակցութիւնը, եւ առանց որուն աշակերտին մօտ ինքնավստահ զգացողութիւն եւ ինքնուրոյն մտածողութիւն կարելի չէ երաշխաւորել:

– Միասին ապրելու ոգին, մղիչ ուժը, ժպիտները, ընկերային յարաբերութիւնները, իր նմանին օգնելու, կարեկցելու, անոր հետ վիճելու, մտածում եւ զգացում բաժնելու առիթները չքացան: Բնականօրէն աղմկարար դասարանի մը շարժունութիւնը, խօսակցութիւնները պաստառին ետին խեղդուեցան:

– Քննական միտքի ամրապնդումը մնաց թերի, որովհետեւ պարտականութիւնները մեծ մասամբ եղան չափուած-ձեւուած եւ առիթ չընծայեցին հանգամանօրէն քննարկումներ եւ վերլուծումներ կատարելու:

– Դպրոցական առօրեայի ընթացքին ուղղակի թէ անուղղակի միջոցներով կազմաւորուող ինքնակարգապահ մօտեցումը, արտայայտութեան առիթ չունեցաւ, որովհետեւ պաստառին պահանջած կարգապահութիւնը յաճախ մակերեսային եղաւ-թեքնիքներ եւ ժամկէտեր յարգել, պարտականութիւններ տեղադրել, տեղեկութիւններ ներբեռնել… այսպիսով, գիտակից կարգապահութիւնը կորսուեցաւ ձեւական  սահմանափակումներու մէջ:

– Ուսուցիչի ճկունութիւնը եւ դասաւանդումի ընթացքին ազատ ստեղծագործելը կաշկանդուեցան, որովհետեւ շատ յաճախ կարելի չեղաւ դասաւանդումը անմիջականօրէն կանգնեցնել, թիւրիմացութեան մը կամ թերի ըմբռնումի մը ամբողջական եւ խորքային ճշդումին համար:

– Աշակերտի փոխակերպումին, հարցերուն կամ յառաջընթացին վերաբերող ուսուցիչներու միջամտութիւնները նուազեցան, որովհետեւ այդքան ալ դիւրին չեղաւ առարկայական տուեալներ հաւաքել` հետեւողական դիտարկումներով անհրաժեշտ ցուցմունքներ տալու համար:

Կրթական համակարգի եւ նպատակներու վերաքննութեան եւ վերաձեւաւորումի անհրաժեշտութիւնը առկայ էր համաճարակէն առաջ: Վերջերս ստեղծուած ոչ – բնական պայմանները չեն որ մեզ դէմ յանդիման դրին կրթական ոլորտէն ներս անյետաձգելի բարեփոխումներու հրամայականին: 21-րդ դարու սկիզբէն ի վեր մասնագէտներ կը խօսին այս մասին – կրթական նպատակներու վերատեսութիւն, աշակերտներու առաւել մասնակցութիւն, իմաստաւորուած սորվելու հմտութիւններ, կեանքի եւ մարդու բարօրութեան առնչուող գիտելիքներու ամրապնդում, ստեղծագործ եւ մտածող մարդու կայացում եւ այլն: Վերջին ամիսները սակայն, այս բոլորը վերածեցին ահազանգային, անյետաձգելի աշխատանքի մը, որուն յաջողութեամբ պսակումը կ՛ենթադրէ խոր վերլուծում, իրավիճակի առարկայական քննարկում եւ մասնագիտական հիմնաւորումներէ թելադրուած առաջարկներ:

 

Յառաջիկայ օրերուն մանկավարժութեան եւ մանկավարժական հոգեբանութեան մարզերուն մէջ կատարուելիք ուսումնասիրութիւնները, փորձարկումները եւ գիտական աշխատասիրութիւնները տակաւին շատ ըսելիք եւ թելադրելիք պիտի ունենան առցանց ուսուցման մասին: Տուեալներու հաւաքագրումով եւ վիճակագրական վերլուծումներով կարելի պիտի ըլլայ կատարել, գիտական հիմքերով եզրայանգումներ, որոնք անպայմանօրէն կրնան չհաստատել վերը տեղ գտած դիտարկումները կամ միտքերը: Ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները կրնան յստակօրէն վճռահատել թէ առցանց ուսուցումին դրական կողմե՞րն են աւելի ազդեցիկ, թէ՞ բացասական հետեւանքները: Սակայն բոլոր պարագաներուն, յստակ իրականութիւն մը կը յայտնուի մեր դիմաց -կրթութեան ապագան եւ կրթական հաստատութիւններու յառաջիկայ աշխատելաոճը արմատական փոփոխութիւններ պիտի կրեն, որոնց կեդրոնը պիտի յայտնուի առցանց ուսուցման առաւել տարածումը եւ հետեւողական օգտագործումը: Հետեւաբար, ի՛նչ ալ ըլլան այս ոլորտին մէջ իրենք զիրենք պարտադրող փոփոխութիւնները, պէտք է ի մտի ունենալ, թէ անոնք պէտք է ծրագրուին եւ կիրարկուին յանուն միտքերու եւ հոգիներու յարատեւօրէն «online» կարգավիճակի մը, ուր կարելի է ուսուցանել եւ սորվիլ` վերլուծական զգօնութեամբ եւ մարդկային արժանավայել կեցուածքներով:

comments

Advertisement