Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ

By armenia.com.au | Friday, 31 July 2020



«Անոնք, որոնք չեն կրնար յիշել անցեալը, դատապարտուած են անոր կրկնութեամբ»

Ճորճ Սանթայանա


Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան սռացման եւ լարուածութեան աճէն ետք, սփիւռքահայութիւնը ամբողջ աշխարհի տարածքին, ցոյցերու միջոցաւ բողոքի ձայն բարձրացուց, դատապարտելու Ազրպէյճանի նորագոյն սադրանքները:

Սփիւռքի մէջ, որպէս Աւստրալահայ երիտասարդներ, բազմաթիւ հարցումներ կը զբաղեցնեն մեր միտքը: Ի՞նչ է պատահածը: Ինչո՞ւ կը պատահին այս բոլորը: Ի՞նչպէս կրնանք օգնել կամ կանխել հակամարտութեան յաւելեալ սռացումը: Այս հարցումներուն կ’ընկերակցին  ժառանգուած անօգնականութեան եւ զայրոյթի զգացումները, ինչպէս նաեւ պատմութիւնը ինքզինք կրկնելու անհերքելի իրականութեան անտեսումը:

Պատմաբաններն ու հայերը կը պնդեն, թէ 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն օգնելու համար նշանակալից մարդասիրական որեւէ ջանք չտարուելու բազմաթիւ պատճառներէն մէկն է, արուեստագիտական կապերու եւ Մետիա հարթակներու չգոյութիւնը, որուն անմիջական հետեւանքով անմարդկային սպաննութիւններու լուրերն ու տեղեկութիւնները չտարածուեցան, ուստի մարդասիրական որեւէ օգնութիւն տեղի չունեցաւ:

Այս չի նշանակեր, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հակամարտութիւնը կարելի է համեմատել 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ոճրագործութիւններուն հետ, սակայն Ազերիներու կողմէ գործադրուած զինադադարի խախտման, մանկապարտէզներու եւ դպրոցներու վրայ յարձակման եւ հայկական գիւղերու հրթիռակոծման շուրջ իրազեկումի բարձրացման փորձերն ու բողոքի ձայները կարծես լսելի չեն շատերուն կողմէ:

Հասկնալի է, թէ ներկայիս պսակաձեւ ժահրի համաճարակի տարածման այս դժուար օրերուն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հակամարտութիւնը առաջնահերթութիւն չէ: Այնուամենայնիւ, ան կասկածի տակ կը դնէ շրջակայ պետութիւններուն մարդու իրաւունքներու խախտումները ճանչնալու կամ անոնց դադրեցումի եւ կանխարգիլման գործողութիւններուն մասնակցելու հնարաւորութիւնը: Աւելին, հետաքրքրական է Ազրպէյճանի կողմէ իրագործուած գործողութիւններու ժամկետը, երբ պսակաձեւ ժահրի համաճարակը գրաւած է միջազգային ուշադրութիւնը, նուազեցնելով միջազգային իրաւունքներու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու վրայ դրուած կարեւորութիւնը, ինչ որ պատահած էր առաջին աշխարհամարտի ժամանակաշրջանին, Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային:

Այս ընդհարումը կասկածի տակ կը դնէ նաեւ մեզ, որպէս մշակութային ներգրաուուած հանդիսատեսներու նուազագոյն բայց վճռակամ մասնիկ: Այժմ, երբ մենք ունինք իրազեկութեան բարձրացման միջոցներ ու յատկագումար օժանդակելու սահմանապահ զինուորներուն եւ  սահմանային տարածքներու մէջ տուժողներուն, ինչո՞ւ քայլ չենք առներ, փոխհատուցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան վայրագութիւններու ժամանակ իրազեկութեան բացակայութիւնը եւ կանխարգիլելու յաւելեալ հոգիներու ու հողերու կորուստը:

Սփիւռքը ներկայիս կարելին կ’ընէ ընկերային ցանցերու միջոցաւ հարցը միջազգային ուշադրութեան յանձնելու, սակայն իրավիճակի բնոյթով, երկու երկիրներու միջեւ հաւանական պատերազմի սեմին, միայն ա՞յս կարելի է ընել յետագայի կործանումներն ու աւէրները կանխելու համար: Որպէս Աւստրալահայեր պէտք չէ անտեսենք մեր հողին ու ժողովուրդին սպառնացող որեւէ արհաւիրք եւ պէտք է շարունակենք ուշադրութեան յանձնել Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի զինուորներուն եւ անոնց կառավարութեան ընդհանրապէս չյայտարարուած անմարդկային գործողութիւնները: Մենք հնարաւորութիւնը ունինք դատապարտելու պատմութիւնը իր կատարման ընթացքին, կանխելու համար անոր կրկնութիւնը:

Ժամանակն է օգտագործելու առիթը:

Յաւելեալ մանրամասութիւններու եւ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել հետեւեալ կայքէջերուն՝

https://www.facebook.com/ancaustralia

https://twitter.com/Armenianunified?s=09

comments

Advertisement