Վերջին հրաժեշտ հանգուցեալ ընկհ Յասմիկ Զառացեանին

By | Thursday, 26 January 2023



Վերջին հրաժեշտ հանգուցեալ ընկհ Յասմիկ Զառացեանին

Երեքշաբթի 3 Յունուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 10-ին ներկայութեամբ աւելի քան 300 սգակիր հարազատներու , բարեկամներու, ընկերներու եւ ընկերուհիներու , Սիտնիի Հայ Առաքելական Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ իր ուղեկից միութիւններու երկարամեայ ու վաստակաշատ անդամ, ընկհ Յասմիկ Զառացեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:

Թէեւ շատ շատերու տակաւին անհաւատալի կը թուէր որ բոլորին սիրելին եւ ժրաջան ու նուիրեալ ընկհ Յասմիկը այլեւս ոչ եւս էր, սակայն եկեղեցւոյ խորանին մէջտեղը զետեղուած դագաղը, ու անոր վրայ տեղադրուած դիմապատկերին մէջէն ուղղուած բարի, ազնիւ ու գուրգուրոտ ընկհ Յասմիկին հայեացքը, կրկին անգամ բոլորին կը բերէին դէմ յան դիման կատարուած դառն ու տխուր իրականութեան հետ:

Ծնեալ Եգիպտոս 1943 թուականին, հանգուցեալ Յասմիկ Զառացեան եղած է դուստրը Հրաչ եւ Հերմինէ Զարիկեաններու եւ քոյրը Արթօյին ու Զուարթին: 1963 թուականին կը գաղթէ Աւստրալիա, ուր իր ընտանեկան բոյնը կը կազմէ 1965-ին, ամուսնանալով Յակոբ Զառացեանին հետ, բախտաւորուելով երկու աղջիկ զաւակներով Սօսէ եւ Սիլվա: Աւելի ուշ Յասմիկի երջանկութիւնը լիակատար կը դառնայ իր թոռներով Անի, Կարէն եւ Դանիէլ ինչպէս նաեւ ծոռով Լիայով: Բառին լիարժէք իմաստով Յասմիկ սիրալիր ու տիպար կին էր իր ամուսնոյն,  օրինակելի մայր իր զաւակներուն, գուրգուրոտ ու անսահման սիրով լեցուն մեծ մայր իր թոռներուն, ընկերուհիներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

Արարողութեան ընթացքին, Բարձրաշնորհ Առաջնորդ Տէր Հայկազուն Արքպս. Նաճարեան, հանգամանօրէն անդրադարձաւ հանգուցեալի ապրած իմաստալից ու յատկանշական կեանքի զանազան հանգրուաններուն:  Ան բարձր գնահատեց անոր երկար տարիներու ծառայութիւնն ու նուիրումը իր գաղութին եւ իր ժողովուրրդին ինչպէս նաեւ շեշտեց իր զարմանքն ու հիացմունքը հանգուցեալի տարած բազմերես ու լայնածաւալ գործունէութեան զանազան մարզերէ ներս: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները, որ հանգուցեալին ապրած գործունէութեամբ ու զոհողութեամբ բեղուն կեանքէն օրինակներ քաղեն եւ այս աշխարհի վրայ իրենց համար մնացած օրերը լեցնեն ծառայելով ու առանց փոխադարձ ակնկալութեան տալով իրենց ազգին ու շրջապատին:

Ապա սգակիրներու հոծ բազմութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Մաքուարի Գերեզմանատունը, ուր տեղի ունեցաւ թաղման կարգը եւ յաւերժ հողին յանձնուեցաւ հանգուցեալի մարմինը: Գերեզմանաքարին մօտ Աւստրալիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկհ Ալին Պալիօզեան, յանուն Աւստրալիոյ ՀՅԴ ին եւ իր ուղեկից միութիւններուն, յարգանքի ու հրաժեշտի յուզումնախառն ապրումներով թամբանական արտասանեց: Ընկերուհին նախ ներկայացուց Յասմիկ Զառացեանի միութենական  գործունէութեան դաշտը իր Աւստրալիա հաստատուելէն ի վեր եւ ըսաւ որ հանգուցեալը ըլլալով գաղափարական ու սկզբունքներու տէր անձ, կանուխէն մուտք գործած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը եւ գործօն մասնակցութիւն բերած է անոր բազմազան աշխատանքներուն: Միաժամանակ ան մաս կազմած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երեք  ուղեկից միութիւններու՝ ՀՕՄ, Համազգային եւ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն, եւ որոնց գծով տարած է բեղուն գործունէութիւն:

Ան հաստատեց նաեւ թէ ընկհ Յասմիկի սրտին շատ մօտ եղած է ՀՕՄ-ը, որուն հիմնադիր ժողովի մասնակիցներէն եղած է եւ խոնարհաբար մինչեւ իր մահը մասնակից դարձած է անոր աշխատանքներուն ու նպատակներու իրագործման ծրագիրներուն ՀՕՄ-ի Սօսէ մասնաճիւղի ճամբով: Նուազ չէ եղած Յասմիկի գոծունէութիւնը նաեւ համազգայինէն ներս: Հազիւ Աւստրալիա ոտք կոխած, ան իր մասնակցութիւնը բերած է Համազգայինի նորակազմ պարախումբի աշխատանքներուն: Համազգայինի նորաստեղծ միօրեայ Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադրութեամբ 1965-ին, ան եղած է ուսուցչական կազմին մէջ եւ երկար տարիներ, որպէս ուսուցիչ կամ հոգաբարձու ծառայած է անոր աշխատանքներուն: ՀՄԸՄ-ի ծիրէն ներս ան եղած է Անդրանիկ մասնաճիւղի անդամուհի, մաս կազմած է Սկաուուտական խորհուրդին եւ ժամանակ մը մասնկցած է 2nd Willoughby Scouts Association-ի աշխատանքներուն ներկայացնելով ՀՄԸՄ-ը՝:

Ընկերուհին իր խօսքը եզրափակեց ըսելով՝ «Որպէս տիպար Դաշնակցական, ան մինչեւ իր վերջին շունչը հաւատարիմ մնաց իր կոչումին ու տուած երդմանը: Իր կեանքն ու նուիրումը կենդանի վկայութիւնն են Դաշնակցականի իրաւ գործին, հեռու լուսարձակներէ ու յայտարարութիւններէ, իր նկարագրին հմապատասխանող համեստ ու խոնարհ դրսեւորումներով:

Բաժանման այս տխուր պահուն Յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ամբողջ կառոյցին, մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք հանգուցեալի ամուսնոյն՝ ընկ. Յակոբ Զառացեանին, դուստրերուն ու բոլոր հարազատերուն, հայցելով որ մեր երկնային հայրը երկնային արքայութեան մէջ կ'ընդունի նուիրեալ ընկերուհիի հոգին, հոգեկան բաւարարութիւն պարգեւելով իր հարազատներուն եւ գաղափարակից ընկերներւն»: Խօսքի աւարտին ՀՅԴ-ի ընկերները բոլորը միասնաբար «Վէրքերով Լի, ջան Ֆետայ եմ» երգի երգեցողութեամբ, վերջին հրաժեշտը տուին իրենց  գաղափարի ու պայքարի ընկերուհիին:

Թաղման արարողութենէն ետք սգակիր բազմութիւնը ուղղուեցաւ Գերեզմանատան Ուալլամաթա սրահը, ուր հոգեսուրճ մատուցուեցաւ հանգուցեալի հոգւոյն ի հանգիստ: Յանուն Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան, խօսք առաւ ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատտենապետ ընկհ Մարալ Փիլիպոսեանը, որ հազիւ իր յուզմունքն ու արցունքները զսպելով փորձեց լաւագոյնս ներկայացնել իր շատ մտերիմ ընկերուհիին ինչպէս նաեւ իսկական ՀՕՄ-ուհիի տիպար օրինակ նուիրեալ ընկհ Յասմիկ Զառացեանի երկարամեայ վաստակը ՀՕՄ-էն ներս:

Ան ըսաւ թէ Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը կորսնցուց իր ամէնանուիրեալ ու կենսունակութեամբ լի ընկերուհիներէն մին, որը 57 տարիներ եւ մինչեւ իր վերջին շունչը եղաւ գործօն անդամը ու աշխուժ մասնակիցը անոր բազմաբնոյթ գործերուն: Ընկհ Փիլիպոսեանը լուսարձակի տակ արաւ հանգուցեալին ունեցած յատկանշական դերակատարութիւնը ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան եւ բարգաւաճման կարեւոր աշխատանքին մէջ, ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի «Ուրախ Մանուկներ» մանկամսուրին մէջ, որուն խնամակալ կազմին անդամը եղած է երկար տարիներ, շրջանի պատգամաւորական ժողովներուն, որոնց մէջ յաճախ դիւանի պատասխանատու պարտականութիւններ ստանձնած է, զանազան դաստիարակչական, ընկերային եւ անդամարշաւի յանձնախումբերու մէջ, ուր միշտ փորձած է դաստիարակել հայ կինը ազգային եւ հայրենասիրական գիտելիքներով եւ ներգրաւել զինք ՀՕՄ-ի շարքերէն ներս: Ընկերուհին աւելցուց նաեւ թէ վերջին շրջաններուն ընկհ Յասմիկ հակառակ իր տկար ու վատ առողջութեան, միշտ իր առաւելագոյն ջանքը թափած է ներկայ գտնուելու իր մասնաճիւղի անդամական ժողովներուն եւ ընկերային հաւաքներուն:

Ընկհ Փիլիպոսեանը անդրադարձաւ նաեւ այն բոլոր պատուաբեր ու նշանակալից գնահատագրերուն եւ պարգեւատրումներուն, որոնց արժանացած էր ընկհ Յասմիկը շնորհիւ իր տարած անսակարկ ու կամաւոր աշխատանքին: Իր խօսքի աւարտին ընկերուհին նշեց, որ ընկհ Յասմիկը ոչ միայն իր գաղափարակից միութենական ընկերուհին եղած է , որմէ շատ բան սորված է այլ նաեւ եղած է սրտակից ու մտերիմ բարեկամուհի, որ իր ազնիւ ու համեստ խառնուածքով , անկեղծ ոգիով ու ազգին միշտ ծառայելու իր պատրաստակամութեամբ դարձած է յատկանշական անձնաւորութիւն մը, որուն դառն բաժանումը մեծ ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ այսօր բոլոր զինք ճանչցողներուն:

Ապա խօսք առաւ Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ ընկ Յակոբ Կիւլիմեան, որ իր կարգին այս անգամ Համազգայինի անունով վեր բռնեց ու բարձր գնահատեց հանգուցեալի տարած հսկայ գործունէութիւնը տարիներու ընթացքին, ըլլայ Թարգմանչաց եւ Մեսրոպ Մաշտոց  շաբաթօրեայ վարժարաններէն, ըլլայ Համազգային Գօլստըն Ճեմարանէն եւ ըլլայ զանազան մշակութային ու կրթական յանձնախումբերէ ներս: Ընկերը աւելցուց նաեւ որ ընկհ Յասմիկը, ոչ միայն իւրայատուկ միութենական մըն էր այլ նաեւ հայ կնոջ իսկական տիպարն էր, մարդկային բարձր արժէքներով օժտուած:

Յաջորդ բաժինով ընկհ Նորա Սեւակեան իր սրտի խօսքն ու տպաւորութիւնները փոխանցեց հանգուցեալի մասին, տարբեր մէջբերումներով շեշտելով ընկհ Յասմիկին ունեցած յատկանշական դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը իր անձնական ու միութենական ասպարէզներէն ներս: Ընկերուհին ըսաւ թէ Յասմիկը իր անուան ծաղկետեսակին պէս պիտի մնայ անթառամ եւ իր յիշատակն ու ապրած ազգանպաստ կեանքը, որպէս փարոս պիտի լուսաւորեն մեր արահետները:

Յաջորդաբար խօսքեր արտասանեցին նաեւ հանգուցեալի դուստրը Սօսէն եւ առաջնեկ թոռնիկը Անին, որոնք արտասուալից աչքերով եւ յուզմունքէն խեղդուած ձայնով փորձեցին լաւագոյնս նկարագրել սիրով ու գուրգուրանքով լեցուն, զօրաւոր ու միշտ պայքարող, իր ընտանիքէն ներս միշտ համերաշխութիւն եւ փոխադարձ յարգանք պարտադրող մեծ մայր եւ մայր Յասմիկը: Աւարտին անոնք նաեւ իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնեցին բոլոր սգակիր բարեկամներուն եւ հարազատներուն, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու իրենց շատ սիրելի մօր:

Եւ այսպիսով Աւստրալահայ գաղութը պատշաճօրէն վերջին հրաժեշտը տուաւ  իր տիտաններէն վաստակաւոր ու անմոռանալի ընկհ Յասմիկ Զառացեանին, խոստանալով որ ընկերուհիին խօսուն յիշատակները ու իր ետին թողած փայլուն գործունէութեամբ հարուստ կեանքի մը պատմութիւնը միշտ կենդանի պիտի մնան մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:

Ննջէ խաղաղութեամբ ընկհ Յասմիկ, այն հաստատ համոզումով որ ցանած սերմերդ յարատեւ պիտի ծլին ու պտղաբերին  ի նպաստ մեր գաղութին, ազգին ու հայրենիքին:

 

Թղթակից

 

 

 

Ընկհ Յասմիկ Զառացեանի Յիշատակին՝

Մեր Անթառամ Յասմիկը

Իր անուան  իսկական նշանակութեամբ,  գեղեցիկ, անուշաբոյր,  համեստ սակայն զօրաւոր ու տոկուն, ներշնչող ու իւրայատուկ,   Աւստրալահայ  գաղութի  բուրումնաւէտ  Յասմիկ ծաղիկն էր մեզմէ շատերու սրտին այնքան  մօտիկ ու հարազատ,  աննման  ընկհ Յասմիկը Զառացեանը:

Կան անձիք, որոնց ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս այնքան հաճելի, կենսական, ցանկալի, ոգեւորող ու իմաստալից կը դառնայ, որ երբ անոնք մեզմէ ֆիզիքապէս հեռանան անոնց մաքուր ու ջինջ հոգին կը շարունակէ սաւառնիլ մեր շուրջ որպէս պահապան հրեշտակ, որպէս գերբնական անտեսանելի ուժ, որպէս քաղցր մեղեդի մեզ անընդհատ յիշեցնելով թէ այս ժամանակաւոր  կեանքը հարկ է ապրիլ այնպէս որ բացակայութեանդ  շշուկն իսկ որպէս ահազանգ կտրէ  շրջապատիդ  մռայլ լ լռութիւնը:

Այսպիսին էր ու աւելին ընկհ Յասմիկը: 1990-ական թուականներուն նոր Աւստրալիայ հաստատուած , հազիւ քանի մը ամիսներ անց առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ ընկհ Յասմիկին Համազգայինի Թարգմանչաց Շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս, ուր հրաւիրուած էի պաշտօնավարել ու որպէս ուսուցչուհի: Ընկհ Յասմիկը եւս կը պաշտօնավարէր հոն տարիներ որպէս հոգաբարձութեան կազմի անդամ եւ ի պահանջել հարկին նաեւ որպէս ուսուցիչ :  Ամէն շաբաթ օր ընկհ Յասմիկին աշխուժ ու եռանդով լեցուն երուզերը, պարտաճանաչ ու ճշդապահ գործելաձեւը  անպայմանօրէն կը վարակէր իր շուրջինները: Այնքան նուիրում  ու սէր կար իր մէջ հանդէպ հայ  դպրոցին, որ յաճախ հիացմունքով միեւնոյն ատեն զարմանքով կը լեցնէր զիս:

Քանի մը տարիներ ետք կրկին հանդիպեցայ ընկհ Յասմիկին երբ սկսայ պաշտօնավարել Համազգային Գօլստըն Ճեմարանէն ներս: Անգամ մը եւս պատիւն ու բարեբախտութիւնը տրուեցաւ ինծի որ գործակցիմ  ընկհ Յասմիկին հետ, գործակցիմ այն իւրայատուկ անձնաւորութեան հետ, որը յառաջիկային նաեւ մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենար իմ յետագայ ազգային գործունէութեանս մէջ:  Կրկին իր ժրաջան ու անձնուէր կամաւորի գլխարկը հագած ամէն Երեքշաբթի կէսօր անխըտիր, իր գործէն ետք անմիջապէս ան կուգար վարժարան որպէսզի աշակերտներուն իրենց մատղաշ տարիքէն,  դրամատան մէջ գումար հաւաքելու , խնայողութեան կարեւոր սովորութիւնը վարժեցնէր: Անշուշս ըստ իր սովորութեան կրկին այնքան  խիստ բծախնդրութեամբ եւ  լուրջ կերպով կը մօտենար ան այդ աշխատանքին ,սրտցաւօրէն  եւ մտերմաբար շատ անգամներ նաեւ  իր սրտնեղութիւնը յայտնելով  ի տես կարգ մը ծնողներու եւ կամ աշակերտներու անտարբերութեան: Այդպիսին էր ընկհ Յասմիկը,  կամ իրեն յանձնուած պարտականութիւնը լի ու լի պիտի կատարէր եւ կամ  երբէք պիտի չի ստանցնէր այդ պարտականուլթիւնը:

Թեէւ մինչ այդ  կը կարծէի թէ  արդէն իսկ բաւականին լաւ  ճանչցած էի ընկհ Յասմիկին սակայն  ըստ երեւոյթին այնքան ալ  լաւ չէի ճանչցած, որքան 2010 թուականէն սկսեալ երբ անդամակցեցայ Հայ Օգնութեան Միութեան շարքերուն:  Եւ ահաւասիկ լայնածաւալ ու հսկայ գործունէութեան դաշտ մը, որուն վրայ անգամ մը եւս նախախնամութեամբ էր թէ զուգադիպաբար վստահ չեմ,  բարձր ու վեհ նպատակի մը ծառայելու դրօշին տակ հանդիպեցայ ընկհ Յասմիկին: Անկասկած այդ բեղուն դաշտը ընկհ Յասմիկին սրտին շատ մօտիկ ու հարազատ Հայ Օգնութեան Միութիւնն էր:

Որքան տարիները սահեցան այնքան հիացմունքս եւ յարգանքս հանդէպ այս նուիրեալ ընկերուհիին մեծցաւ եւ ուռճացաւ :  Այո երբէք չափազանցուած չեն նման արտայայտութիւններ թէ  «ուրիշ է ընկհ Յասմիկը», «իւրայատուկ է ընկհ Յասմիկը» եւ կամ «աննման է ընկհ Յասմիկը», որովհետեւ այդ բոլոր ածականները իրենց ամբողջական նշանակութիւնը կը ստանան երբ կը կցուին ընկհ Յասմիկ Զառացեանին անուան:

Չկար եւ չեմ յիշեր որեւէ ՀՕՄի պատգամաւորական ժողով, որմէ  ընկերուհի Յասմիկը բացակայ ըլլար: Ոչ միայն ինք մշտական ներկայութիւն էր հոն այլ նաեւ հոն ներկայ էր  իր գործօն ու յատկանշական դերակատարութիւնը: Անվարան եւ սիրայօժար դիւանի վրայ պատասխանատու պաշտօններ ստանցնելով, կը փորձէր բարի օօրինակ դառնալ բոլոր ժողովականներուն:   Արդար, ուղղամիտ, կտրուկ միեւնոյն ատեն խիստ քաղաքավար, յարգալիր ու դիւանագէտ դիւանի նախագահն  էր  ընդհանրապէս:  Զարմանալի կարողութիւն ունէր ընկերուհին իր մեղմ ու հաւասարակշռուած ոճով կառավարելու ժողովի ամէնէն փոթորկալից պահերն իսկ:  Ընթացքին անշուշտ ան երբէք չէր զլանար իր փորձառութենէն, վաստակէն եւ հարուստ գիտելիքներէն կիսելու իր սիրելի ընկերուհիներուն հետ մանաւանդ աւելի երիտասարդ տարրին:  Ինչպէս կըսեն Մեծին հետ մեծ եւ պզտիկին հետ պզտիկ էր ընկհ Յասմիկը:

Յանձնախմբային բազմատեսակ աշխատանքներու մէջ նաեւ Համեստ , խոնարհ ու ազնիւ իր խառնուածքով ընկերուհին սիրելին դարձած էր բոլորին:  Իւրաքանչիւր անհատ որ բարեբախտութիւնն ու պատիւը ունեցած է գործակցելու ընկհ Յասմիկին հետ անկասկած ան անվարան կը վկայէ թէ ինչպիսի դրական եւ դաստիարակիչ ազդեցութիւն ձգած է իր վրայ ընկերուհին: Ան սորվեցուց մեզի նուիրուիլ առանց որեւէ փոխադարձ ակնկալութեան,  ծառայել յանուն ընդհանրական շահին եւ  ոչ ի նպաստ անձերու քմահաճոյքին, տալ  համակ  սիրով եւ ամբողջական նուիրումով, պատկանիլ ոչ միայն խօսքով այլ գործով եւ ամէնէն աւելին ան սորվեցուց մեզի ըլլալ «ՄԱՐԴ»  բառին ամբողջական իմաստով:

Երբէք պիտի չմոռնամ թէեւ յոգնած  ու տկար սակայն սիրով ու ուրախութեան ցոլքերով փայլփլող աչքերդ ընկհ Յասմիկ երբ վերջին անգամ ըլլալով հրաժեշտ տուիր ինծի ամիս մը առաջ: Հակառակ վատառողջ վիճակիդ չմերժեցիր ցանկութիւնս քեզ տեսնելու նախքան ճամբորդելս: Որքան խօսեցանք այդ օր մեր սիրելի կազմակերպութեան ՀՕՄին մասին, մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի անկայուն վիճակին մասին: Որքան փափուկ ու գուրգուրոտ սիրտդ կը ցաւէր ի տես եւ ի լուր այս բոլորին: Ինչպէս յաճախ եւ ամին առիթով այդ օր եւս գնահատեցիր տարած գործունէութիւնս, ուժ եւ յոյս տուիր ինծի , բարի ճանապարհ եւ յաջող առաքելութիւն մաղթեցիր , վերջին օրհնութիւնդ տուիր ինծի իւրայատուկ ընկհ Յասմիկ , որը անկասկած պիտի մնայ ուղեկից ինծի կեանքիս ամբողջ տեւողութեան:

Դաժան մահը թէեւ խլեց քեզի մեզմէ, սակայն ինչպէս միշտ յետայսու եւս քու բարի գործերովդ, եւ անահամար ու քաղցր յուշերովդ պիտի մնաս մեզի հետ, պիտի մնաս ինծի հետ, պիտի մնաս բոլոր անոնց հետ որոնք ճանչցած ու սիրած են քեզի, ապրած ու գործած են քեզի հետ , վայելած են անկեղծ  ու պարկեշտ բարեկամութեանդ հաճոյքը, եւ առատօրէն ըմպած են զոհողութեանդ ու սիրոյդ յորդառատ բաժակէն:

Այո աննման ընկերուհիս, յաւերժ պիտի մնաս մեր բոլորին բուրումնաւէտ ծաղիկը, յաւերժ պիտի մնաս մեր  անթառամ  Յասմիկը:

 

Նորա Սեւակեան

 

 

comments