ԿՈՉ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

By | Saturday, 11 February 2023

Սիրելի հայրենակիցներ,

 

Երկուշաբթի 6 Փետրուարի առաւօտեան վաղ ժամերուն, Սուրիոյ եւ իր տարածաշրջանի մէջ գտնուող բնակչութիւնը գիշերուայ իր անդորր քունէն արթնցաւ սարսափելի երկրաշարժային ցնցումներէն եւ վախի ու խուճապի մատնուած քաղաքացիներու օգնութեան կանչերէն:

 

Սուրիահայ համայնքի հայահոծ կեդրոն Հալէպը ահաւոր վնասուած է: Կարծէք բաւարար չէր 2011 թուականէն սկիզբ առած պատերազմի հետեւանքով կատարուած աւերը, քարու քանդ եղած շէնքերը, այս անգամ կու գար 7.8 աստիճանի զօրութեամբ անողոք երկրաշարժը, ուժգնօրէն հարուածելու Հալէպն ու Հալէպահայութիւնը եւ անգամ մը եւս փոշիացնելու բնակարանները, անտուն ու անապաստան ձգելով ժողովուրդի մեծ զանգուածը:

 

Սուրիահայ համայնքի մեր քոյրերն ու եղբայրները անցնող քանի մը օրերուն արդէն իսկ կը գիշերէն եւ կ'ապաստանին իրենց ինքնաշարժներուն եւ տրամադրուած հայկական կեդրոններուն մէջ, ապահով մնալու համար իրենց բնակարանները սպառնացող յաճախակի հետերկրաշարժային  ցնցումներէն եւ վտանքներէն:

 

Անկասկած ի տես եւ ի լուր այս աղէտին ու մղձաւանջին որուն ենթարկուած է մեր քոյր Սուրիահայ համայնքը, Աւստրալիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն ու իր հովանիին ներքեւ գործող բոլոր ուղեկից միութիւններն ու կառոյցները, առաջնորդութեամբ ու կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան, անմիջապէս պիտի կազմակերպեն համագաղութային դրամահաւաք, անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու մեր Սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

 

Առ այդ սիրելի հայրենակիցներ, ինչպէս Հայ Օգնութեան Միութեան կարգախօսը կը թելադրէ «Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս համար», սրտի կոչ կուղղենք ձեզմէ իւրաքանչիւրին, որ ինչպէս միշտ այս անգամ եւս անսաք մեր կոչին եւ միասնաբար ուս ուսի տուած,  հաւաքական մեր ջանքերը ի մի բերելով օժանդակութեան մեր  ձեռքը երկարենք ներկայիս դժնդակ ու անբացատրելի կենցաղային պայմաններու մէջ ապրող Սուրիահայ համայնքի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

 

Ձեր սրտափուխ նուիրատուութիւնները կատարելու համար կրնաք այցելել մեր կեդրոնները գալիք շաբթուայ ընթացքին ամէն օր երեկոյեան ժամը 6:00էն – 9:00ը՝

 

Բանոյեան Կեդրոն - Armenian Cultural Panoyan Centre - 682 Cabramatta Road Bonnyrigg Bonnyrigg, NSW, Australia 2177

ՀՄԸՄ «Անդրանիկ» Մասնաճիւղի Սկաուտական սրահ - 2nd Willoughby Scout Hall - Station St, Naremburn, NSW, 2065

ՀՄԸՄ «Արարատ» Մասնաճիւղի Սկաուտական սրահ - Homenetmen Ararat Scout Hall - 255 Quarry Rd, Ryde, NSW, 2112

 

Ինչպէս նաեւ կրնաք ուղակիօրէն Ձեր նուիրատուութիւնները կատարել հետեւեալ հաշուէհամարին՝

 

ARS Regional Australia

BSB : 062295

Acct : 10425848

Reference: Syria_YourName

 

Երկուշաբթի 20 Փետրուարին նաեւ տեղի պիտի ունենայ Սուրիահայութեան օժանդակութեան նուիրուած թէլէթոն մը որուն մանրամասնութիւնները շուտով կը փոխանցենք:

 

 

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

ՀՕՄի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

ՀՄԸՄի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Պատանեկան Միութիւն

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբ

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութիւն

Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոն

comments

Advertisement