ՄԵԾ ՄՕՐ ՄԸ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ

By armenia.com.au | Wednesday, 14 April 2010

- Չէ՛, կ’ըսեմ ձեզի... Դուք խօսք չէ՞ք հասկնար... Ես թուրք տոքթոր չեմ ուզեր... Ես քրիստոնեայ տոքթոր կ’ուզեմ... Կը մեռնիմ, թուրք տոքթորի ձեռքով չեմ դարմանուիր... Գացէ՛ք, քրիստոնեայ տոքթոր մը բերէք ինծի։ Մեղա՜յ Աստուծոյ, ամօթ չէ՞, որ իմ ազգս ջարդող ժողովուրդին մէկ զաւակը գայ տէ ինծի դեղ տայ... Չէ՛, կ’ըսեմ ձեզի, դուք խօսք չէ՞ք հասկնար...

- Բայց, մե՛ծ մայրիկ, այս հիւանդանոցին ամէնէն մեծ բժիշկը թուրք է... Մասնագէտ է, կ’ըսեն... Հոգ չէ, թող գայ նայի... Կեանքդ պիտի ազատենք... Մենք ալ կ’ուզէինք, որ քրիստոնեայ բժիշկ մը գտնէինք, բայց կէս գիշերին քիչ մը դժուար է... Իմացեր ենք, որ հին-գլուխ թուրքերէն չէ եղեր... Ըսել կ’ուզենք, որ ջարդերուն մէջ մատ չունի եղեր։ Անանկ որ...

- Էէէ՜, էֆերի՜մ ձեզի... Դուք խիպ, ամօթ, ազգային զգացում չունի՞ք... Եղա՞ւ ատ ըսածնիդ։ Հին-գլուխ չէ եղեր, նոր-գլուխ է եղեր... Սա, ըսէք նայիմ, ատ տոքթոր ըսածնիդ թո՞ւրք է... Աղէկ, թուրքին հին-գլուխը, նոր-գլուխը կ’ըլլա՞յ մը...։ Սոխին, սխտորին անուշը կ’ըլլա՞յ մը, ձեզի կը հարցնեմ...

- Բայց, մեծ մայրիկ...

- Սո՛ւս, անպիտաններ։ Կեանքս պիտի փրկեն եղեր, սըւոնց նայեցէք մէյ մը... Սիրտս, հոգիս պիտի վառեն եւ կեանքս պիտի ազատեն եղեր... Ես ատանկ կեանքի պէտք չունիմ, դուք խօսք կը հասկնա՞ք... Ատ թուրքը գիտէ՞ք ի՛նչ ըրաւ մեզի, մեր ազգին։

- Գիտենք, մեծ մայրիկ, բայց անոնք« հին»երն էին...

- Մէյ մըն ալ ասանկ խօսք չլսեմ ձեր բերնէն, անզգայ արարածներ... Բերաննիդ պիպեր պիտի դնեմ, գիտցած ըլլաք... Մե՜ղք ինծի, աս օրն ալ պիտի տեսնեմ եղեր... Իմ թոռներս պիտի գան եւ ինծի պիտի ըսեն եղեր, որ «անոնք հիներն էին... Ա՜խ մա՛րդս, ողջ ըլլայիր ու լսէիր... Ողորմած հոգի մեծ հայրերնիդ ձեզ ամէնքդ ալ սուրէ կ’անցընէր, եթէ ասանկ բան մը իրեն ըսէիք... Ելէ՛ք, տուն գացէք. ես հիմա իմ Նարեկս պիտի կարդամ, վերջն ալ ի՛նչ կ’ուզէ թող ըլլայ... Հա՛, չմոռնամ ըսելու. եթէ ինծի գէշ բան մը ըլլայ աս օրերս, սա Սուրբ Գիրքը կը տեսնէ՞ք, հետս թաղեցէք...։ Հիմա կրնաք երթալ... Մինակ թէ ձեզի պատուէր մը տամ, ձեր ականջին օղ ըրէք, առանց դեղի, դարմանի մեռնիլը աւելի աղէկ է եւ աւելի պատուաւոր, քան՝ թուրքին ձեռքով աղէկնալը... Աս ըսածս չմոռնաք ու ձեր հիւանդ զաւակներուն համար ալ թուրք տոքթոր չկանչէք...։

- Մեծ մայրիկ, յամառութիւն մի՛ ըներ, երթանք այդ թուրք բժիշկը բերենք... Թեթեւ գործողութեան մը պէտք ունիս, կարելի է... Շուտով կ’աղէկնաս...

- Նորէ՞ն սկսաք... Ձեզի հետ ի՞նչ լեզուով խօսելու եմ, որ հասկնաք... Սըտեղը նստեցէք, նայիմ... Հիմա մտիկ ըրէք... Զուլումի ատ տարին թուրքերը մէկ միլիոն հայ ջարդեցին... Գիտէ՞ք հայ ի՛նչ ըսել է... Հայ ըսելը ձեր մեծ հայրիկները, ձեր մեծ մայրիկները, ձեր աղբարները, ձեր քոյրերը ըսել է... Երիտասարդները ժողվեցին տարին... Շատերը կախեցին ծառերէն... Աղջիկներն ու հարսները փախցուցին լեռները... Մնացածը քշեցին անապատները... Իմ աչքիս առջեւ իմ ծոցուոր մօրաքոյրս մեռցուցին... Մեր տէրտէրը աղբիւրին քովի ուռիէն կախեցին... Եկեղեցիները քանդեցին, խաչերը գողցան...Ո՞ր մէկը պատմեմ... Քէօռնայի, տեսած չըլլայի այդ բաները... Աս ամէնը տեսնելէս ետքը, աս տարիքիս ելլեմ թուրք տոքթորին ձե՞ռքը իյնամ...

Աստուած չի ներեր, ազգս չի ներեր, եւ երկինք գացած օրը Տէրը կը հարցնէ ինծի. "Քեզի կը վայլէ՞ր, որ թուրքին դեղով կեանքդ հինգ տարի երկարէիր..." Ես ի՞նչ պատասխան պիտի տամ իմ տիրոջս, Վերջին Դատաստանին օրը... Յայտէ՛, ելէ՛ք, տուն գացէք... Թուրքին տալիք դեղն ալ զեհիր է, զեհի՛ր (թոյն)... Ես թուրքին դեղով աղէկնալ չեմ ուզեր...

Գրեց՝ ՀՈԳԻՍ ՄԵԾ ՄԱՄԱՍ

comments