By armenia.com.au | Wednesday, 14 April 2010
Անգամ մը եւս կանգնած ենք Ապրիլ 24-ի սեմին, անգամ մը եւս Տէր Զօրէն մեզի հասնող բիւրաւոր նահատակներուն կտակներուն հնչիւնը աւելի ուժգին լսելի դարձած է, անգամ մը եւս մենք կը գտնուին մեր ուխտը վերանորոգելու եւ հակառակ ամէն ինչի մեր դատին ու պահանջատիրութեան տէր կանգնելու հրամայականի ամրապնդման դէմ յանդիման։
Ապրիլ 24-ի խորհուրդը դա՛րձեալ ծիածան է կապած հայ կեանքի երկնակամարին վրայ։ Ապրիլ 24-ի պատգամը դա՛րձեալ վերանորոգ շեշտով կը հնչէ հայ կեանքէն ներս ամէ՛ն տեղ։ Արդարեւ, Ապրիլ 24-ը մեր ժողովուրդին համար սովորական օր մը չէ. մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրուան, իւրաքանչիւր դէպքին ու երեւոյթին հետ, մեր զգացումներուն ու մտածումներուն հետ, այլ խօսքով, մեր գոյութեան հետ սերտօրէն շաղախուած յուշ է ու յուշարար, ոգի է ու տեսիլք։ Բայց այս բոլորէն աւելի եւ այս բոլորէն վեր Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը ազդանշան է՝ մեր դատին, նահատակներու կտակին եւ վերապրողներու վճռականութեան նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը ամրապնդելու ու վերահաստատելու։
Հայ ժողովուրդը բարձրագոյն աստիճանի խստապահանջութիւն ցուցաբերած է հաւատարմութեան նկատմամբ։ Հաւատարմութիւնը մեր ազգին սրբազան արժէքներուն ու նուիրական իտէալներուն նկատմամբ, բոլո՛ր պայմաններուն մէջ, մեզի համար դարձած է գերագոյն արժեչափ՝ հայու կեանքը, վարքագիծը ու գործը ճշդող ու արժեւորող։ Մեր ժողովուրդը իր կեանքէն հեռացուցած է բոլոր անոնց, որոնք իրենց ազգին նկատմամբ հաւատարմութեան մէջ թուլացումներ արձանագրած են։ Մեր ազգը նոյնի՛սկ անիծած է իր անհաւատարիմ զաւակները ըսելով՝
"Այն հայը որ ազգն ուրանայ եւ այլ ազգ դառնայ, մահուան օրին, հայ արցունքին նա չարժանանայ..."
Ապրիլ 24-ը մեր նահատակներուն նկատմամբ մեր հաւատարմութեան վերանորոգման օրն է։ Հաւատարմութիւն՝ վերաթարմացնելով մեր հաւաքական յիշողութիւնը, վերանորոգելով մեր պահանջատիրական պայքարը եւ վերահաստատելով մեր հաւաքական ուխտը։
Հաւատարմութեան առաջին պայմանը չմոռնալ է, միշտ յիշելն է անցեալը՝ անցեալը վերածելով ներկային, անցեալը ներկայո՛վ ապրելով։ Նո՛յն հաւատարմութեամբ այսօր, մենք կոչուած ենք վերանորոգելու մեր ուխտը միշտ յիշելու մեր նահատակները՝ մեր կեանքի բոլո՛ր օրերուն, բոլո՛ր պահերուն։ Հաւաքական յիշողութիւնը ազգի մը կենսունակութիւնը երաշխաւորող ամէնէ՛ն հիմնական ազդակներէն մէկն է։ Հաւաքական յիշողութեան վրայ խարսխուած է ժողովուրդի մը գոյատեւման գաղտնիքը։ Հաւաքական յիշողութեամբ պայմանաւորուած է նաեւ մեր պահանջատիրական պայքարը։ Մեր նահատակները յիշելը բաւարար չէ. յիշելը պէտք է թարգմանել պայքարի՝ ի խնդիր մեր նահատակներու սրբազան կտակին կենսագործման։ Չմոռնանք, որ մէկուկէս միլիոն հայերու արիւն թափուեցաւ ցեղասպան թուրքին կողմէ։ Չմոռնանք, որ ցեղասպանը ուզեց բնաջնջել ազգ մը ամբողջ։ Չմոռնանք դարձեալ, որ ցեղասպանը ուզեց քարտէսի վրայէն ջնջել Հայաստանը ամբողջ։ Եւ ահա այդ օրէն 95 տարիներ ետք տակաւին ցեղասպանը կþուրանայ իր ծրագրած ու գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ կը մնայ անպատիժ։ Հայ ժողովուրդը աշխարհէն գութ չէ որ կը խնդրէ, այլ՝ արդարութիւն կը պահանջէ։ Ճշմարտութիւնը մեկնաբանութեան չի կարօտիր, քննարկումներու նիւթ չի կրնար ըլլալ, իրաւունքը սահմաններու բացումով կամ քաղաքական դաւերով չի կրնար մոռացութեան դատապարտուիլ։ Ճշմարտութիւնը պէտք է ընդունուի ուշ կամ կանուխ՝ վկայ այն երկիրները, որոնք ի հեճուկս ամէն ինչի կը շարունակեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ մարդկութեան դէմ գործադրուած ոճիր։ Անպատժելիութիւնը դուռ կը բանայ նոր ցեղասպանութիւններու։ Մեր ժողովուրդը միայն ցեղասպանութեան ճանաչում չի սպասեր ցեղասպանէն ու միջազգային համայնքէն, այլ արդարութի՛ւն կը պահանջէ, այլ խօսքով՝ հատուցում, վերադարձ մեր հողերուն, տիրութիւն մեր եկեղեցիներուն ու սրբազան Արարատին։ Եւ այս բոլորը ընելու ու այս բոլորին նուաճելու համար ուխտը պէտք է ըլլայ հաւաքական եւ ուժգին, որպէսզի թնդացնէ աշխարհը ու նուաճէ մեր յաղթանակը։ Ապրիլ 24-ի սեմին կը հաստատենք, որ անհրաժեշտը հաւատարմութիւնն է՝ մեր ազգին ու հայրենիքին գերագոյն արժէքներուն, նուիրական ձգտումներուն եւ մեր նահատակներու սրբազան կտակին։ Եւ հաւատարմութեամբ հզօրացած պէտք է շարունակենք պահանջատիրական մեր համազգային պայքարը՝ միասնական ոգիով, ամուր կամքով ու ապագայի վառ տեսիլքով։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է