Թուրքիոյ Վարչապետը Դարձեալ Ինքզինք Կը Հարուածէ

By ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ | Monday, 24 January 2011

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, ամէն անգամ երբ բերանը կը բանայ, ամօթալի վիճակի մէջ կը ձգէ ինքզինք եւ իր կառավարութիւնը: Անոր ցասումնալի, յաճախ նաեւ ապշեցուցիչ եւ վիրաւորական յայտարարութիւնները միջազգային ասպարէզէն ներս կը ստեղծեն վատ համբաւ Թուրքիոյ համար, եւ կը դառնան նոր զէնք մը իր ընդդիմադիրներու ձեռքին:

Մէկ տարի առաջ Էրտողան սպառնաց 100 հազար հայեր արտաքսել Թուրքիայէն. այդ յայտարարութեամբ ան ամբողջ աշխարհին յիշեցուց, որ Անգարայի ներկայ ղեկավարները այնքան ալ չեն տարբերիր իրենց արիւնախում նախնիներէն, որոնք 1.5 միլիոն հայեր արտաքսեցին եւ կոտորեցին 1915-1923 թուականներու Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ: Երկրին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս խիստ քննադատութեան ենթարկուելով՝ Էրտողան արդարացուց ինքզինք ըսելով, թէ ան ցանկացած է արտաքսել Հայաստանէն եկած ա՛յն աշխատողները, որոնք փաստաթուղթ չունին: Երբ իրեն ըսին, որ հայերու 100 հազար թիւին մէջ ընդգրկուած են թէ՛ տեղացի եւ թէ օտարերկրեայ հայերը, վարչապետը մեղադրեց իր օգնականները հայ ազգաբնակչութեան վերաբերեալ սխալ տուեալներ տրամադրելու համար իրեն:

Այս ամսուան սկիզբը Կարս կատարած այցելութեան ընթացքին, Էրտողան եւս թոյլ տուաւ ոչ քաղաքակիրթ կեցուածք մը, երբ պահանջեց քանդել «Հայաստան-Թուրքիա բարեկամութիւն»ը խորհրդանշող վիթխարի յուշարձանը: Աւելի քան 30 մեթր բարձրութիւն ունեցող եւ 1500 թոն կշռող անաւարտ յուշարձանը կառուցել պատուիրած էր Կարսի նախկին քաղաքապետը՝ յուսալով, որ Հայաստանի հետ հաշտեցումն ու սահմաններու բացումը պիտի նպաստեն իր քաղաքի թոյլ տնտեսութեան զարգացման: Յուշարձանը կը ներկայացնէր մարդ մը, որ բաժնուած էր երկու մասի եւ բարեկամութեան ձեռք կը մեկնէր իր միւս կէսին: Յուշարձանը անուանելով «տարօրինակ» եւ «այլանդակ»՝ վարչապետը նոր քաղաքապետին հրամայեց, որ քանդէ 1.5 միլիոն տոլար արժող յուշարձանը, մինչեւ իր յաջորդ այցելութիւնը:

Կարսի յուշարձանը բնորոշելով արուեստի «տգեղ» ստեղծագործութիւն՝ Էրտողան բարձրացուց քննադատութեան հզօր ալիք մը եւ յառաջացուց իրադարձութիւններու շղթայ մը, որ ծաղրի առարկայ դարձուց զայն ամբողջ աշխարհին մէջ.
- Էրտողանի քաղաքական ընդդիմախօսները զինք մեղադրեցին քծնելուն համար քաղաքի ատրպէյճանցի ընտրողներուն, որոնք կտրականապէս դէմ են Հայաստանի հետ որեւէ հաշտեցման: Անոնց կարծիքով, յուշարձանը քանդելու վարչապետին հրամանին հիմքը ընտրական կոպիտ դրդապատճառներն էին, եւ ոչ թէ անոր գեղարուեստական ճաշակը:
- Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարը փորձեց փրկութեան հասնիլ Էրտողանին՝ պնդելով, թէ վարչապետը «այլանդակ» անուանած է արձանի շրջակայքը գտնուող հիւղակները եւ ո՛չ թէ յուշարձանը: Անդրդուելի մնացած Էրտողան անյարմար վիճակի մէջ ձգեց իր նախարարը՝ նախատելով զինք եւ կրկնելով իր կողմէն աւելի վաղ կատարուած յայտարարութիւնը: Այնուհետեւ, հրապարակ ինկաւ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առինչը՝ մաղթելով, որ Աստուած օգնական ըլլայ իրեն, եթէ յանկարծ ինքն ալ յայտնուի այնպիսի անյարմար իրավիճակի մէջ, ինչպիսին էր մշակոյթի նախարարին վիճակը:
- Նոյնիսկ Թուրքիոյ այնքան համբաւաւոր Ահմետ Տաւութօղլու ներքաշուեցաւ այս հարցին մէջ՝ փորձելով պաշտպանել վարչապետը, բայց փորձը ապարդիւն էր: Տաւութօղլու յայտարարեց, որ յուշարձանին հետ առնչուած իրական խնդիրը այն է, որ «արձանը չէ յաջողած համահունչ դառնալ Կարս քաղաքի սելճուքեան, օսմանեան եւ ռուսական դիմագիծին»: Բրիտանական «The Economist» հանդէսը իր սուր ծաղրական արձագանգով մեղադրեց Տաւութօղլուն քաղաքի «հայկական ժառանգութեան» բնաջնջման մէջ, աւելցնելով, որ «երկար ժամանակ լքուած 10րդ դարու հայկական եկեղեցին, վերջերս վերաբացուեցաւ… իբրեւ մզկիթ»:
- Յուշարձանի յայտնի քանդակագործ Մեհմետ Աքսոյ, Էրտողանի հրամանը համեմատեց թալեպններու կողմէ Աֆղանիստանի մէջ Պուտտայի հնագոյն արձաններու ոչնչացման հետ: Աքսոյ նախազգուշացուց, որ յուշարձանը պայթեցնելու պարագային, Թուրքիոյ վարկանիշը շատ պիտի տուժէ: Ան սպառնաց դատի տալ վարչապետը՝ արուեստի իր ստեղծագործութիւնը վարկաբեկելուն համար:
- Միջազգային լրատուամիջոցները խստօրէն դատապարտեցին Էրտողանը՝ ծաղրելով անոր գեղարուեստական ճաշակն ու բացայայտելով իր քաղաքական կոպիտ դրդապատճառները: «The Wall Street Journal»ը, «The Economist»ը, «Associated Press»ը, «Radio Free Europe»ը, «Reuters»ը, BBC»ն, «Washington Post»ը, «Liberation»ը եւ հարիւրաւոր այլ լրատուական գործակալութիւններ քննադատեցին Էրտողանի կործանարար հրահանգը:
- Որոշ թուրք լրագրողներ կասկածի տակ առին վարչապետի իրաւունքն ու լիազօրութիւնը՝ յուշարձան մը հանելու կամ քանդելու առումով:
- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը վրդովուած արձագանգեց Էրտողանի յայտարարութեան, եւ խորհուրդ տուաւ անոր երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման համար նոր հիմքեր կառուցել՝ զանոնք քանդելու փոխարէն: Մեկնաբաններուն մեծ մասը վարչապետին վիրաւորական խօսքերը ներկայացուցին իբրեւ վերջին գամ՝ գամուած հայ-թրքական չվաւերացուած Արձանագրութիւններու դագաղին:

Պէտք չէ զարմանալ, որ Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Մուպարիզ Գուրպանլի իր հիացումը արտայայտեց «Հայաստան-Թուրքիա բարեկամութեան» յուշարձանը քանդելու մասին Էրտողանի հրամանին առնչութեամբ: Գուրպանլին ճիշդ էր, երբ նշեց, թէ «կարիք չկայ յուշարձան կանգնեցնել Հայաստանի հետ գոյութիւն չունեցող բարեկամութեան համար»:

Ի հարկէ, յուշարձաններ ոչնչացնելը նորութիւն չէ ատրպեճանական եւ թրքական իշխանութիւններուն համար: Քանի մը տարի առաջ, Ատրպէյճան հայկական հազարաւոր պատմական խաչքարեր ոչնչացուց Նախիջեւանի մէջ գտնուող æուղայի գերեզմանոցին մէջ՝ ձգտելով մրցակցիլ թրքական կառավարութեան հետ հարիւրաւոր հայկական եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու զանգուածային ոչնչացման գործին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն սկսեալ: Իրօք, Էրտողան պարզապէս կը շարունակէ իր նախնիներուն դարաւոր վատ աւանդոյթը՝ հրամայելով քանդել Կարսի «բարեկամութեան» կոթողը:

Եթէ Տաւութօղլու եւ Էրտողան իսկապէս անկեղծ են հայ-թրքական բարեկամութեան աջակցութեան գործին մէջ, ուրեմն անոնք պէտք է անյապաղ քանդեն Իգդիրի մէջ 1997ին կառուցուած «Ցեղասպանութեան» հրէշաւոր յուշարձանը, որ բաղկացած է դէպի երկինք երկարող շուրջ 40 մեթր հինգ սուրերէ եւ կը ձգտի յաւերժացնել այն մեծ սուտը, որ իբր թէ հայերը սպաննած են թուրքերը:

Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» Թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

comments

Advertisement