By ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ - Asbarez | Tuesday, 01 April 2014
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Քանի մը տարի առաջ, ընտանեօք արձակուրդով Պոսթըն գացած էինք: Պոսթընի տեսարժան վայրերէն աւելի, խիստ կարեւոր էր մեզի համար այցելել «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագրատունը, ՀՅԴ արխիւներու կեդրոնն ու ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան գրասենեակը, որոնք բոլորը կը գտնուին նոյն յարկին տակ՝ մէկ շէնքի մէջ: Լոս Անճելըսի բարեկամներէս մէկը հեռաձայնի թիւ մը տուած էր, որ ի յարկին հեռաձայնենք պոսթոնաբնակ հայորդիի մը, որ նուիրուած ազգային մըն է, ծանօթ՝ այդ շրջանին եւ գործունեայ անդամ՝ պոսթոնաբնակ հայ շրջանակէն ներս: Առաջին իսկ օրէն, սոյն անձը պէտք եղածէն աւելի օգտակար դարձաւ, որ մենք ծանօթանանք ամերիկահայ ամենահին եւ պատմական գաղութ Պոսթընին: Շատ շուտով մտերիմներ դարձած էինք, սակայն չէի գիտեր իր մականունը, ու քանի մը օր ետք, երբ պատահմամբ ըսի՝ «Քեսապցի՞ ես»: «Ինչէ՞ն գիտցար»՝ հարցուց կատակով:
Պոսթընի ամենանշանաւոր համալսարան «Հարվըրտ»էն վկայուած ըլլալու պէտք չունէի՝ գուշակելու իր քեսապցիութիւնը: Մարաշլեան մը՝ շատ հաւանաբար, մարաշցի ըլլալու է կամ Այնթէպլեան մը՝ այնթէպցի, սակայն Մանճիկեան, Աբէլեան, Թրթռեան, Թիթիզեան, Կարպուշեան, Ինճէճիքեան մականունները անպայման քեսապցիի կնիքը կը կրեն իրենց վրայ: Կայ նաեւ ուրիշ պարագայ մը: Երբ անծանօթ հայու մը ժամեր ու օրեր կը տրամադրէ իր ծառայասիրութեամբ, կասկածէ վեր է, որ այդ անձը վստահ՝ քեսապցի է: Այդպէս է քեսապցին: Օգնող ու ծառայասէր: Ազգայնամոլ, միեւնոյն ժամանակ՝ «քեսապամոլ»: Իրեն համար Քեսապը գիւղ մը չէ: Հայրենիք մըն է: Կը գուրգուրայ անոր հողին, քարին, ծառին ու մանաւանդ ազգային կալուածներուն վրայ: Իւրայատուկ է իր բարբառով ու սովորութիւններով: Երբ քեսապցին հանդիպի ուրիշ քեսապցիի մը, Քեսապի մէջ թէ Քեսապէն հազարաւոր մղոնններ հեռու, Քեսապի բարբառ չէ, որ կը խօսին, այլ՝ «քեսապերէն»:
Թուրքիոյ սահմանակից, Սուրիոյ մէջ գտնուող Քեսապ այս օրերուն ամենադժուար օրերը կ՛ապրի: Այսօր, շէն Քեսապը ամայացած է: Իր հողին այնքան կապուած քեսապցին, այսօր դարձեալ բռնած է գաղթի ճամբան: Մեծ մասամբ ապաստան գտած են հարեւան Լաթաքիոյ մէջ: Եկեղեցիներու եւ դպրոցներու սրահներուն մէջ: Քանի մը ալեհեր քեսապցիներու համար այս երրորդ տեղահանութիւնն է: Երեխաներ՝ չեն կրնար հասկնալ ինչո՞ւ ձգած են իրենց պապենական տունը ու եկած իրենց անծանօթ վայր մը ու քանի մը օրերէ ի վեր կը բնակին վայրի մը մէջ, որ բնակարան չէ: Դպրոց է: Եկեղեցի է ու ակումբ: Խելահասները իրարու հարց կու տան, արդեօք գէշ երա՞զ մըն է այս թէ իրականութիւն: Հարիւրամեակը պիտի «տօնէին» Քեսապի տեղահանութեան: Այսօր դարձեալ նոյն թատրերգութիւնն է, որ կը խաղցուի նոյն ազգին՝ թուրքին կողմէ:
100 տարիներ առաջ տեղահանուած քեսապցին, վերադառնալով իր հայրենի տունը՝ արիւն քրտինք թափելով վերաշինեց իր կալուածները, պահեց իր բարբառը եւ Քեսապը Սփիւռքի մէջ դարձաւ փոքրիկ Հայաստան մը, ու երկար տարիներու ճգնանքով աշխատանքը, քանի մը ժամուան մէջ մոխիր դարձուցին թուրքմեններ ու Թուրքիոյ կողմէ վարձուած գազաններ:
Քեսապ, Սփիւռքի մեր հազուագիւտ աւաններէն մէկն է, ուր մեր պապենական գիւղերու սովորութիւնները կը շարունակուին: Բոլորը կը ճանչնան զիրար եւ մեծ մասամբ ազգական են կամ խնամիական կապեր ունին: Քեսապցին կը սիրէ, որ իր զաւակը կամ դուստրը ամուսնութիւն կնքէ իր երկրացիին հետ, ուր աւելի ամուր կը շարունակուին աւանդութիւնները:
Ո՞վ է քեսապցին: Քեսապցին մարդկութեան տուած է մեծ թիւով բժիշկներ, գրողներ, մտաւորականներ, գիտուններ, կղերականներ, միեւնոյն ժամանակ կը սիրէ հողագործութիւնը: Նոյնիսկ Քեսապէն հեռու, ամենաարդիական քաղաքին մէջ ապրող քեսապցին, իր տան պարտէզին մէկ անկիւնը կը յատկացնէ բանջարանոցի կամ պտղատու ծառեր ցանելու, ու այդ մէկը իր ամենամեծ հաճոյքն է, կարեւոր չէ, բժիշկ է թէ փաստաբան, մտաւորական թէ կղերական:
Թիւով շատ են նշանաւոր քեսապցիները, պիտի գոհանամ երկու օրինակով:
Ամերիկայի առաջին ամէնօրեայ հայկական վարժարանի հիմնադիրը՝ Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, քեսապցի է: Գարեգին Ա. վեհափառ Սարգիսեան, յետագային Ամենայն Հայոց կաթողիկոս՝ դարձեալ Քեսապի ծնունդ է: Եթէ բոլոր նշանաւոր քեսապցիները թուեմ, էջեր պէտք է յատկացնեմ: Թող ներեն անոնք, որոնց անունները չեն յիշուած այստեղ:
Քեսապցին մեծամասնութեամբ ուսեալ է եւ Քեսապէն հեռանալու հիմնական պատճառներէն մէկն ալ այդ է: Երբ բարձրագոյն ուսում ստանալու համար կը ձգեն իրենց սքանչելի աւանը եւ կ՛ուսանին Ամերիկա կամ եւրոպական որեւէ մէկ երկիր, իրենց ուսանած բարձր մակարդակի ուսումը ինչպէ՞ս պիտի օգտագործեն քանի մը հարիւր ընտանիքէ բաղկացած գիւղին մէջ: Կը հաստատուին Ամերիկա, Քանատա կամ եւրոպական երկիր մը, սակայն մեծամասնութեամբ արձակուրդի համար վերապահուած տուն մը ունին Քեսապի մէջ, եւ եթէ ոչ ամէն տարի, գոնէ քանի մը տարին անգամ մը կ՛այցելեն իրենց հօրենական գիւղը եւ կ՛ապրին քեսապցիի նման հանդարտ ու ծառայասէր այդ գիւղական կեանքը: Շատ մը քեսապցիներ, հանգստեան կոչուելէ ետք, տարուան քանի մը ամիսը կ՛անցընեն Քեսապի մէջ:
Քեսապցին կը սիրէ քէֆն ու կերուխումը: Ոեւէ քեսապցիի մը հարսանիքին, անպայման պիտի երգեն ու պարէն քեսապցիներու նշանաւոր շուրջ պարը՝
«Կարմիր ֆստան հագուծ է,
Հէլէ հէլէ հէլլէ, նիննօ է», կամ՝
«Մակտուպ կ՛առնու կը խնդու», սակայն դժբախտաբար վերջին շրջանին, «Մակտուպ կ՛առնուն» ու չեն խնդար: Լուրերը շատ վատ են Քեսապէն: Քանի մը տարի է, անխոհեմութիւն էր այցելել այդ հիանալի աւանը: Մարգարէ ըլլալու պէտք չկար, գուշակելու թէ օր մը սահմանակից Թուրքիան առիթէն պիտի օգտուէր ու թրքութիւնը ի գործ պիտի դնէր: Միշտ այդպէս եղած է թուրք ազգը: Միշտ ալ օգտուած է պատերազմական վիճակէն, նենգօրէն հարուածելու անմեղ ժողովուրդները, սկսած Առաջին աշխարհամարտէն մինչեւ Սուրիոյ տխուր տարիները:
Վստահ եմ, որ Քեսապի հարցը շուտով կը լուծուի: Ամէն կողմէ միջամտութիւններ կ՛ըլլան, սակայն մինչ այդ՝ առիթէն օգտուելով պիտի կողոպտեն ու ապա հեռանան: Թրքական հին սովորութիւն է: Իրենց արիւնին մէջ անցած է այս մէկը:
Սիրելի քեսապցիներ, ողջ հայութիւնը, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, ձեզ հետ կը սգայ, սակայն այդ սուգը ողբի վերածելու ժամանակը չէ: Կ՛ընդունիմ, որ մարտական ուժը չունինք դիմադրելու թուրք վարձկաններուն, սակայն այս օրերուն մեծ նշանակութիւն ունի քաղաքական լուծումը: Թէպէտեւ մարտական ուժը չունինք, սակայն ունինք միասնակամութեան ուժը: Երբ Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու մեր երկու վեհափառ հայրապետները կը միջամտեն մեծ պետութիւններու մօտ, որ դադրի այս անօրէն արշաւը դէպի Քեսապ, վստահաբար շուտով արդիւնքի պիտի հասնին, ու Քեսապ պիտի վերագտնէ իր բնականոն վիճակը:
Մաղթելով եւ յուսալով, որ շատ շուտով քեսապցի կամ ոչ, բոլորս միասին շուրջպար բռնած կ՛երգենք ու կը պարէնք՝
«Կարմիր ֆստան հագուծ է,
Հէլէ հէլէ հէլլէ նիննօ է»՝ ազատագրուած Քեսապի մէջ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է