By Asbarez | Monday, 21 April 2014

Եթէ տրամադրուած եմ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչական, ցուցական կամ պահանջատիրական ձեռնարկներուն աւելի սիրտով, աւելի պարտաճանաչ, աւելի յանձնառու մասնակցութիւն բերելու՝ յաջորդ տարի, ապա ինչո՞ւ նոյն տրամադրութիւնը չունենամ ա՛յս տարի: 100 թիւը ինչո՞ւ աւելի ուժեղ շարժիչ է, քան 99ն:
Չեմ ուզեր չար գուշակութիւն կատարել եւ յայտարարել, թէ գալիք տարի, հարիւրամեակի ձեռնարկները շատ պիտի չտարբերին այս տարուան միջոցառումներէն՝ թէ՛ իրենց մասնակիցներու թիւով, թէ՛ իրենց տարողութեամբ: Անցեալ տարիներու պատկերը պարզապէս այդ կը թելադրէ:
Այսուհանդերձ, փաստ է, որ յիսնամեակի եւ 75ամեակի ձեռնարկները իրենց մեծ մաշտապներով տարբերած են միւս տարիներու ոգեկոչական ձեռնարկներէն: Այո՛, կլոր թիւերը իւրայատուկ քաշողականութիւն ունին կարծես, եւ շատ աւելի մեծ համեմատութեամբ բազմութիւններ կը հրապուրեն կազմակերպուած ձեռնարկներու:
Կլոր տարիներուն, հաւանաբար, աւելի յանցաւոր կը զգանք, երբ չենք ընդառաջեր ցոյցերուն, հաւաքներուն ներկայ ըլլալու հրաւէրներուն, կոչերուն: Կամ՝ կազմակերպողները, իրենց յայտարարութիւններուն ոճով, ձեռնարկներու նախօրէին ստեղծած կամ չստեղծած մթնոլորտով, իրե՛նք կը թելադրեն, որ՝ այս տարի կրնաս չգալ, կրնաս չմասնակցիլ, կը հասկնանք, ներելի է, գիտենք, թէ երբ պէտք ըլլայ, երբ անհրաժեշտ ըլլայ՝ անպայման կու գաս…
Լաւ պիտի ըլլար, անշուշտ, որ կարենայինք դուրս գալ կլոր թիւերու կախարդական շրջանակէն եւ զինուորագրուէինք տարուէ տարի շարունակաբար աճող ու սաստկացող պահանջատիրական պայքարին մասնակցելու գաղափարին՝ ակնկալելով, որ համայնքի ղեկավարութիւնն ալ այդ համոզումով կը մշակէ իր ծրագիրները: Տարելիցի թուականին կլորութիւնը ի վերջոյ ի՞նչ կապ ունի ցաւի ահագնութեան կամ պայքարի վճռականութեան հետ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է