Սուրիական Օրագրութիւն – 48

By Asbarez | Tuesday, 22 April 2014

 

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Ապրիլեան այս առաւօտը աչք բացաւ լռութեան շոյանքին տակ։ Պայթիւններ չկային տակաւին։ Ժպտեցայ բացուող լոյսին ու իջայ։
– Բարի լո՜յս, – կանչեցին դրացուհիներս, – եկո՛ւր սուրճի։
Ժամանակ չունէի, արեւը կը կանչէր զիս։
Առաջին հանդիպողը տէր որոնող շունը եղաւ, որ զիս տեսնելուն պէս ելաւ ու իր սովորական շողոքորթ շարժումները ըրաւ։ Բան մը չունէի իրեն տալիք. քիչ մը զիս հետեւելէ ետք հիասթափ՝ կեցաւ։
– Ահլա՜ն, սապահ էլ ֆըլլ,- կանչեց աղբահաւաքը, որուն երբեմն դրամ կու տամ, շէնքին մուտքը մաքրելու համար։ Նոյն բանը չէ՞ ինծի ֆլլէ ծաղիկ մը տար կամ անոր յիշեցումը ընող խօսք, մանաւանդ որ երեւակայութեան պակաս չունիմ։ Ու իր ընծայած ծաղիկները առած՝ կը քալէի, խորհելով արաբերէն լեզուին մասին. ի՜նչ գեղեցկախօսութիւններ ունի, ու արդեօք այդ մէկը չազդե՞ր ազգին նկարագիրին վրայ։ Երեւակայեցի, որ հայերս ալ խօսքի նման ձեւեր ունենայինք, օրինակ՝
– Օրդ վարդերո՜վ թող բացուի…
– Մանուշակաբոյր առաւօ՜տ մը քեզի…
– Ծաղկելո՜յս քեզի…
Չէ՛, մենք լեռներու բնակիչներ էինք ու լեռներու վրայ լո՛յսը առատ էր ու… քարը…
Պատշգամը լուացող նոր անծանօթուհիս, որուն տունը հր-թիռէ այրած էր, ձեռք ըրաւ ու կանչեց.
– Անփորձանք երթաս ու դառնաս, – այս օրերուն համար լաւագոյն նուէրն ալ առի ու քալեցի։
Հայրիկ մը, որ երկու զաւակները դպրոց կը տանէր, ժպտեցաւ ու՝
– Բարի լոյս, օրիո՛րդ, – ըսաւ, հաւանաբար զաւակներուն ըսելու համար, թէ ինք ալ օր մը «օրիորդ» ունեցած է։
Կուսակցութեան շէնքին առջեւ պահակող զինուորներ նստած էին։ Մին անոնցմէ զէնքը իմ կողմս ուղղեց. կը խաղար։ Ձեռքերս վեր պարզեցի. ես ալ կը խաղայի (վախցա՜ծ)։
– Ահլա՜ն, մամա՛, մի՛, վախնար, տղան կը խաղայ, – ըսաւ ընկերը։
– Չեմ վախնար, տղա՛ս, այս խաղը արդէն երեք տարի է մեզի հետ կը խաղան, վարժուեցանք։
Տղեկ մը ճամբուն կէսին կեցած, կու լար ու կը մերժէր դպրոց երթալ։ Ժպտեցայ անոր անմեղութեան լացին (դեռ ի՜նչ լացեր պիտի լաս)։ Հայրը որսաց ժպիտս ու բարեւեց.
– Սապահ էլ խէյր, մամա՛, – ըսաւ անծանօթ մարդը։
Օ՜, որքան մեծ ու հարուստ եղաւ ժպտեփունջս։
Կատուիկ մը ելաւ ցանկապատէն, զիս տեսնելով կեցաւ՝ տակաւին ինչ ընելիքը չորոշած։
– Բարի լոյս, փիսօ՛, – ըսի, ուզելով անոր փունջէս թերթիկ մը տալ։
Ան չպատասխանեց, փախաւ. «Գործ չունի՛ս, մարդոցմէ զգուշացի՛ր», ըսած էր մաման։
Կոճղ մը նախկին ծառի, որուն կեանքը ձմրան տաքցուցեր էր պահակ զինուորները, բունին քով առատօրէն աճած ոստերու փայլքով կ՛ողջունէր զիս, բայց անոր ժպտիլ չկրցայ, հեռացայ։
… Ու աշակերտներ հին ու նոր, որոնց ժպիտներէն շփացուած եմ. շալկած այդ բոլորը երբ տուն դարձայ, ուզեցի ժպտեփունջէս բաժին հանել բարեկամուհիիս։
– Ինչպէ՞ս ես, – հարցուցի։
– Գէ՛շ եմ, գէ՛շ, գէ՛շ, – պոռաց ընկալուչին մէջ։
– Ալ կը բաւէ՜, կը բաւէ՜, կը բաւէ՜, – լալագին կը պոռար, – Քեսապէն Լաթաքիա փախան (աղջիկը), վրանին հագուստ չկայ, դրամ առնել ալ չհասցուցին, պզտիկը կու լայ ու տուն դառնալ կ՛ուզէ, մնացին մէջտեղ, խայտառակուեցա՛ն. ալ կը բաւէ՜, կը բաւէ՜. – կը շարունակէ լալագին պոռալ, կարծես ինծի ուղղելով խօսքը։
Բայց այս եղեռնագործութիւնը ես չէ որ սկսած եմ ու աւարտելն ալ իմ ձեռքս չէ։ Ու անզօրութեա՛ն ու անորոշութեա՛ն ցաւին առջեւ ժպտեփունջիս թերթիկները մէկիկ-մէկիկ, մէկիկ- մէկիկ թափեցան…


***

Ամերիկա ապրող բարեկամուհիիս խոստացայ իր պատմած զուարճալի մանրապատումը գրի առնել, բայց նաեւ զգուշացուցի, թէ ի՜մ դիտած անկիւնէն պիտի գրեմ։ Արդ խոստումս կը կատարեմ։
Ան կը պատմէ. «Կարմիր պիպերնիս վերջացեր էր, կծուն կայ, բայց ասոր կը վնասէ, անոր՝ կարելի չէ, ես ալ սկսայ փնտռելու անուշահամը, քանի որ առանց պիպերի կերակուրը մեր ուզած համը չունենար։ Լսեցի որ չինական խանութ մը կը ծախէ մեր ուզած տեսակը։ Օթօն հեծայ ու երկար-բարակ գացի։ Շատ տեսակներ շարուած էին, բայց գոց են, ինչ իմանամ ո՞ր մէկը ուզածս է։ Երկար դիտելէ ետք՝ բան մը առի, քալեցի։ Տուն հասայ, համտեսեցի. չէ՛, ուզածս չէ։ Ետ տարի. յօժարութեամբ դրամը դարձուցին (մեր քով այդ մէկը հազուադէպ է, փոխարէնը այլ բան պիտի գնես՝ քիչ մըն ալ վրան աւելցնելով), բայց ըսի, որ գնել կ՛ուզեմ։ Բացատրելու ջանքի մէջ էի, երբ աշխատողներէն մին ըսաւ. «Դուք Ալեպպօ՞ պիպեր կ՛ուզէք»։
– Օ՜, այո՜, – ըսի, – դուն հա՞յ ես։
– Ո՛չ, սպանացի եմ, բայց հայերու խանութին մէջ աշխատած եմ, – ըսաւ։
Ուրախ-զուարթ առի Հալէպի պիպերը ու տուն եկայ։ Հիմա կերակուրս համ ունի»։
Ահա այս զուտ հայկական, պարզ ու քաղցր զրոյցը զիս այլ անկիւնէ յուզեց։ Անդրադարձայ, որ մօտ ու հեռաւոր երկիրներ կան, ուր մարդիկ կ՛ապրին (մեր մոռցած) սովորական կեանքով, սովորական մտահոգութիւններու մէջ են՝ պիպերը շա՞տ, թէ քիչ դնել, Հալէպի՞, թէ մեքսիքական պիպեր գործածել, որ հում քիւֆթէն համեղ ըլլայ… ու այդ մարդիկ ոչինչով, բառացիօրէն ոչինչով մեղաւոր են, որ իրենց պատմածը քեզի համար խնդալիք չէ, այլ նոյնիսկ՝ տխո՜ւր… քանզի դուն հոս պիպերին շատութենէն կ՛այրիս… Երբ ամէն վայրկեան ռմբակոծուելու կամ մարդակերպ հրէշներու դանակի տակ իյնալու վախը կախուած է գլխուդ՝ առնուազն թախծալի է նման պատմութիւն լսել, որ կը պատմուի քեզ զուարճացնելու շատ բարի նպատակով։ Բայց ներեցէ՛ք, որ իմ խնդուքս կեղծ էր ու միայն՝ ձեր հոգին չծանրաբեռնելու համար։
Հալէ՜պ… ի՞նչն էր Հալէպի, որ գովական չէր, եթէ մենք հաւկիթին մէջ մազ չփնտռէինք ու պակասութիւնները խոշորացոյցով չդիտէինք։ Այժմ, երբ անդրադարձեր ենք մեր կորուստներուն՝ մեզի ու ձեզի, նախկին ու ներկայ Հալէպցինե՛ր, մէկ բան կը մնայ՝ աղօթել, յուսալ ու մեր կարելիին չափով աշխատիլ, որ վերադառնայ այս երկրին ու քաղաքին անդորրը, ու Հալէպը շարունակէ ե՛ւ հայկականութիւն, ե՛ւ մարդկայնութիւն, ե՛ւ հոգեւոր ու նիւթեղէն սնունդ մատակարարել մնացեալ Սփիւռքին։
Եթէ կարմիր պիպերի պէտք ունիք, ղրկենք…


comments

Advertisement