Երկրորդ Արարը

By Asbarez | Monday, 28 April 2014

 

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի՝ հայութեան եւ միջազգային հանրութեան հասցէագրուած ուղերձը, եթէ առաջին հերթին որոշ քարոզչական շահեր ապահովելու նպատակով կատարուած էր, ապա այդ քայլին հետապնդած նպատակը կը նախատեսէ երկրորդ արար մը, որուն իբրեւ դերակատար նկատի առնուած են հայ անձեր, առաջին հերթին՝ պոլսահայեր:
Էրտողանի ուղերձի առաջին թմբկահարներէն եղաւ պոլսահայ ազդեցիկ անձնաւորութիւն մը՝ յայտնի բարերար, ձեռնարկատէր եւ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն, որ անձամբ հեռաձայնած է Էրտողանին ու ողջունած անոր յայտարարութիւնը: Աւելին, ըստ Շիրինօղլուի՝ Էրտողան իր այս քայլով «կրնայ Նոպէլեան մրցանակի թեկնածու» դառնալ:
Յստակ է, որ Շիրինօղլու կը խօսի պոլսահայ համայնքի մէկ հատուածին անունով: Այս հատուածը, նոյն այս վարչապետին՝ Էրտողանի իշխանութեան օրերուն, սկսած է կորսնցնելու իր միահեծան ազդեցութիւնը համայնքէն ներս՝ իր տեղը աստիճանաբար զիջելով աւելի յանդուգն, իրենց մարդկային իրաւունքներուն հանդէպ աւելի նախանձախնդիր գործիչներու շրջանակին:
Ամենայն հաւանականութեամբ, Էրտողան իր ուղերձով կ՛ուզէ հայկական ճակատէն ներս անիմաստ վէճերու դուռ բանալ՝ յուսալով, որ այդ վէճերը այնպիսի սրութիւն ստանան, որ կարենան պառակտում մտցնել հայութեան շարքերուն մէջ:
Մեր պարտքն է, որ պատշաճօրէն դիմագրաւենք այս մարտահրաւէրը՝ հասկացողութիւն ցոյց տալով բոլոր անոնց, որոնք տասնամեակներ բռնատիրական վարչակարգի տակ ապրելով ու միշտ յիշելով, որ իրենք Ցեղասպանութենէն հրաշքով մազապուրծ մնացորդացէն են եւ ոչ մէկ երաշխիք ունին կրկին չենթարկուելու նոյնատեսակ բռնութիւններու, պարտաւորուած կը զգան՝ թերեւս նոյնիսկ համոզուած, դառնալու Էրտողանի ուղերձին գովերգողներ: Ներքին վէճը այսպիսով փակենք:


comments