By Asbarez | Tuesday, 29 April 2014

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ուղղակի հիացմունքի արժանի է այս մեծ դիւանագէտին տրամաբանութիւնը: Անխոցելի՛: Թող յայտնի լրագրող-հաղորդավար Չարլի Ռոզը հիանայ դարերու պետականութեան արգասիքը հանդիսացող քաղաքական այս անհասանելի հմտութեան ի տես:
«Եթէ նման ցեղասպանութիւն պատահած ըլլար, ապա այս երկրին մէջ (Թուրքիոյ-Խմբ.) հայեր կրնա՞յին ապրիլ»:
Թող պապանձին բոլոր զրպարտիչները՝ հայ թէ օտար: Թող գան ու իրենց աչքով տեսնեն, որ կենդանի, ողջ հայեր կան Թուրքիոյ մէջ եւ համոզուին այլեւս, որ հայերու ջարդ, կոտորած, նոյնսիկ տեղահանութիւն չէ եղած, որովհետեւ ահա՛ այնտեղ հայեր կան…
Պէտք է ընդունիլ, որ այս հրաշալի «գիւտին փառքը» Էրտողանին ու միա՛յն Էրտողանին պէտք է վերապահուի: Ահա այս գիւտին համար կարելի է անվերապահօրէն անոր անունը իբրեւ թեկնածու ներկայացնել Նոպէլեան մրցանակի դատակազմին: Մրցանակի ոլորտն ալ կարելի է ընտրել. Գիտութիւն, Տրամաբանութիւն կամ Խաղաղութիւն: Այս վերջինին համար հիմնաւորումն ալ պարզ է. ամէն տարածաշրջան, ուր ցեղասպանութեան ոճիր գործադրուած է, կարելի է քանի մը վերապրողներ գտնել եւ աշխարհն ու զոհերը համոզել, թէ ոչի՛նչ եղած է, ամէն ինչ լաւ է, այլապէս՝ այս վերապրողներն ալ պէտք է գլխատուած կան խողխողուած ըլլային: Ու արդիւնքը՝ համաշխարհային համերաշխութիւն, վրէժի, հատուցման, արդարութեան պահանջներու վերացում ու խաղաղ գոյակցութեան անխորտակելի մթնոլորտ:
Էրտողանի տրամաբանութիւնը իսկապէ՛ս կը բիւրեղացնէ ցեղասպանութիւն բառին իմաստը, նշանակութիւնը: Արդարեւ, ցեղասպանութիւն կարելի է կոչել ազգային հաւաքականութեան մը դէմ գործուած այն ոճիրը, որ ամբողջական է, ո՛չ մէկ վերապրող մնացած է, բնաջնջումը կատարեալ է, իսկ քանի մը միլիոնի, քանի մը հարիւր հազարի ջարդը՝ կարելի է ամէն ձեւով բացատրել, սահմանել, բայց ոչ ցեղասպանութիւն բառով:
Այս պարզաբանումով, այո՛, թուրք ժողովուրդը եւ աւելի շատ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հանգիստ կրնան քնանալ: Արդէն իսկ պատրաստ է Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի հակաքարոզչութեան զինանոցը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է