Ուքրանական Բարդութիւնը

By Asbarez | Monday, 05 May 2014

 

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ղրիմի տագնապը, ռուս-ուքրանական ճակատումը, ինչպէս նաեւ Ռուսիա-Արեւմտեան դաշնակից երկիրներ լարուածութիւնը անպայման իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին վրայ:


Խնդիրը այն է, որ Ղրիմի տագնապին գծով Արեւմտեան երկիրներու որդեգրած արմատական դիրքորոշումը, ուզենք կամ չուզենք, պիտի տարածուի նաեւ Արցախի վրայ, գոնէ՝ այս օրերուն, երբ ամէն օր լարուածութեան մագլցում կ՛արձանագրուի եւ լայնամաշտապ պատերազմի մը սպառնալիքը կախուած կը մնայ աշխարհի գլխուն:

Ահա՛ մէկ կողմէ Արցախը, շնորհիւ իր ժողովուրդի խիզախութեան եւ Ստեփանակերտէն մինչեւ Եւրոպա, մինչեւ Լոս Անճելըս հայկական համակարգուած ճիգերով, ամէն օր քայլ առ քայլ աւելի կ՛ընդարձակէ իր միջազգային յարաբերութիւնները ու օրէ օր աւելի կը մօտենայ միջազգային ճանաչման, իսկ միւս կողմէ Ուքրանական տագնապը նոր խոչընդոտներ կը կանգնեցնէ անոր առջեւ:

Մինսկի համանախագահ երեք երկիրներէն երկուքը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, եւ անոնց դաշնակից ուժերը, իրենց քաղաքական հաշուարկներէն մեկնած Ռուսիոյ հակադրուելու իբրեւ օրինական հիմք, այսօր պետութիւններու տարածքներուն անձեռնմխելիութեան հարցը նախապատիւ պիտի սեպեն եւ պիտի նսեմացնեն ազգային ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը: Որքա՛ն ալ շեշտուի, որ Արցախի եւ Ղրիմի հարցերը պատմական ու այլ տուեալներով տարբեր են ու նոյն սկզբունքներով պէտք չէ դատուին, այնուհանդերձ նմանութիւններն ալ չեն կրնար անտեսուիլ:

Քաղաքական այս մթնոլորտին մէջ, ուր հուժկու քարոզչական մեքենայ մը ամէն գնով կը փորձէ Ղրիմի տագնապը իր տեսանկիւնէն ներկայացնել, գրեթէ ամէն երկրի մէջ, ինչպէս նաեւ այստեղ՝ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգին մէջ, աւելի քան դժուարին կը դառնայ Արցախի ճանաչման աշխատանքներու յաջողութիւնը:

Այս քաղաքական մթնոլորտին մէջ կարելի է երեւակայել, թէ որքա՛ն բարդութիւններ կրնան յառաջանալ՝ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը դժուարացնող: Բայց եւ այնպէս, մենք լաւատես կը մնանք, վստահելով մեր մեծ նահանգի բնակչութեան ներկայացուցիչներու գիտակցութեան ու՝ մեր ուժի՛ն:


comments

Advertisement