Շուշին եւ Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութեան բացայայտումի հրամայականը

By Aztag | Thursday, 08 May 2014

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի

Շուշիի ազատագրութեան նշումը, պատմական իրադարձութիւններու ժամանակագրական զուգադիպութիւններով յաղթական ամսուան սկզբնաւորութիւնն է եւ խորհրդանշական առումով մեր յաղթանակներուն ամիսը բացող առաջին թուականը, Մայիս 9ը: Պայմանականօրէն «հայրենական» բնութագրումը ստացած Համաշխարհային Բ. պատերազմին հետ կապուած յաղթանակը, որուն իրագործման մէջ մեծ էր հայութեան համեմատական մասնակցութիւնն ու նուիրաբերումը, իր բնոյթով եւ էութեամբ կարելի չէ դասակարգել Շուշիի եւ Սարդարապատի հետ, որոնք մեր ազգի լինելութեան եւ շարունակականութեան հետ խոր աղերսներ ունին, իւրաքանչիւրը իր պատմական ժամանակահատուածին եւ պայմաններուն մէջ:


Եւ եթէ Սարդարապատը ամէն բանէ առաջ ձախողցուց ցեղասպանական քաղաքականութեան ամբողջացումը՝ փրկելով արեւելահայութիւնը արեւմտահայութեան ճակատագիրին ենթարկուելու անմիջական վտանգէն, ապա Շուշին ամրագրեց Արցախի ազատագրումը, ամրակայելով Արցախի Հանրապետութիւնը, որ իր հերթին անփոխարինելի երաշխիքն է Հայաստանի Հանրապետութեան:

Մայիսեան այս յաղթարշաւի Շուշիի հանգրուանը իր վրայ կը հրաւիրէ համակողմանի դիտարկումներու լուսարձակներ՝ ընդգծելու համար հրատապ խնդիրներ եւ անոնցմէ բխող համազգային հրամայականներ:

Բնական կարգով Շուշիի ազատագրումը միայն Շուշիին չէր վերաբերեր, այլեւ ամբողջ տարածքին վերաբերող անվտանգութեան հետ անմիջականօրէն կապուած եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող դիրքին հայապատկանութեան եւ հայկական ուժերու կողմէ վերահսկելի տարածքին:

Շուշին սակայն միայն անվտանգութեան անփոխարինելի ռազմավարական երաշխիք չէ. անիկա կոչուած է ըլլալու շնչող, զարգացող քաղաք, ընդունելու ոչ միայն հայկական ծրագիրները, այլ նաեւ օտար զբօսաշրջութիւնը իր ներկայացուցած պատմական, մշակութային եւ ազգագրական արժէքներով:

Ռազմավարական եւ անվտանգութեան ոլորտներուն առընթեր, քաղաքական մակարդակի վրայ եւս Շուշիի եւ ընդհանրապէս Արցախի բնակեցումը, օդային ճանապարհին աշխատիլը, բարգաւաճումը եւ համաշխարհային մշակոյթի համապատկերին մէջ մրցունակ ներկայանալը կարեւոր բաղադրիչներ են Արցախի անկախութեան միջազգային առաջադրանքին իրականացման համար:

Այս առումով ալ գէթ նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ արձանագրուող Արցախի ճանաչումի բանաձեւերը, տարբեր պետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այցելութիւնները Ստեփանակերտ եւ Արցախի տարբեր շրջաններ, այդ ուղիի հարթման կարեւոր միջոցառումներ են, որոնք կու գան աւելնալու աշխարհի տարբեր կեդրոններու մէջ ծաւալող Արցախի ճանաչումը առաջադրած աշխատանքներուն վրայ:

Այս բոլորը կը կապուի՞ն դէպի 100ամեակ քաղաքական աշխատանքներու ուղղուածութիւնները ճշդող համահայկական ռազմավարական հայեցակարգին: Անգարայի բեմականացուցած խաղաղասիրական գործողութիւնները խնամքով կը շրջանցեն նախապայմանային այն քաղաքականութիւնը, որ ամէն պատեհ առիթի բացայայտ թէ տողատակի կ՛երեւի պաշտօնական Անգարայի կատարած յետքայլերուն մէջ: Առաջնային նախապայմանը Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման համար արցախեան տարածքներէն հայկական ուժերու հեռացումն է:

Շուշիով ամրագրուած Արցախը եւ Արցախով ամրագրուած Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու հայկական Սփիւռքը համակարգուած ձեւով Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութիւնը լոյսին բերելու հրամայականին առջեւ են, իբրեւ մէկ կողմէ «խաղաղասէր»ի տարազով աշխարհին ներկայացող, սակայն խորքին մէջ նախապայմաններով բնականոնացման գործընթացներ խափանող պետութիւն:


comments

Advertisement