By Asbarez | Tuesday, 27 May 2014
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

1904ին վերջապէս արտօնուեցաւ Արամին, որ սահմանը կտրէ դէպի Վան՝ հոնկէ Սասուն անցնելու համար: Բայց դարձեալ կեանքը տարբեր դասաւորում ստացաւ: Վանեցիք ամրօրէն փարեցան արդէն Արամ անունով մկրտուած դաշնակցական գործիչին, որ այնուհետեւ մինչեւ 1916 թուականը, շատ կարճ ընդհատումով, ապրեցաւ ու գործեց Վասպուրական աշխարհին մէջ:
Վանի մէջ գործունէութեան այս երկարատեւ շրջանը Արամի կեանքին առանցքային բաժինը կազմեց՝ ազգային–քաղաքական գործիչի անոր մեծ վաստակին ամրակուռ պատուանդանը հանդիսանալով:
Ոչ միայն ՀՅԴ Դուրան–Վասպուրականի կազմակերպութեան մէջ, այլեւ ողջ Վասպուրականի հայութեան մօտ Արամ տարածեց Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն սկզբունքէ եւ օրէնքէ վեր դասելու գաղափարական ուսմունքը:
Օսմանեան կառավարութեան աչքին փուշը դարձած Արամին որքան ատեցին, այնքան ալ պատկառանքով յարգեցին Վան եկած ու գացած թուրք թէ քիւրտ իշխանաւոր պէկերն ու փաշաները: Այն աստիճան, որ նոյնինքն թշնամին Արամի մէջ տեսաւ իր մեծագոյն ախոյեանը եւ «փաշա» անուանեց զայն:
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ պատմական վերիվայրումներով յղի այդ երկար ժամանակշրջանին, Արամ դարձաւ Վասպուրականի հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը մարմնաւորող անվիճելի ղեկավարը: Ազգային–քաղաքական ինքնակազմակերպման եւ պետական տարողութեամբ ենթակառոյցի ստեղծման առումով՝ Արամ բախտորոշ Գործ կատարեց Վանի մէջ: Արգասիքը եղաւ 1915ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն ոգին եւ հուժկու բռունցքն էր Արամ: Իբրեւ այդպիսին՝ ռուսական զօրքին ու հայ կամաւորական գունդերու յաղթական մուտքէն ետք, Արամ նշանակուեցաւ Վանի կառավարիչ, արժանանալով ոչ միայն վանեցիներու եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին վստահութեան, այլեւ ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան հիացմունքին ու վստահութեան:
Բայց յատկապէս Արամի երեւանեան գործունէութեան մէջ տեսանելի ու ճառագայթող է ազգային ու պատմական առումով անոր մեծագործութիւնը:
1917ի Դեկտեմբերին, իր Երեւան ժամանումէն մինչեւ 29 Յունուար 1919ի իր վախճանը, Արամ Մանուկեան բառին ամէնէն ամբողջական իմաստով Արարատեան դաշտի ողջ հայութեան մարտունակութեան խտացեալ մարմնաւորումը դարձաւ: Որբի եւ ողբի, գաղթականութեան եւ յուսալքումի, արշաւող թուրքէն սարսափահար եւ դէպի Ռուսաստան հայեացքը յառած ցանուցրիւ հայութենէն, ամիսներու վրայ տարածուող իր տենդոտ աշխատանքով եւ բազմութիւններ գերելու եւ ի մի բերելու, համախմբելու եւ կազմակերպ ամրոցի վերածելու իր տաղանդով Արամ շունչ եւ մարմին տուաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի յաղթական հերոսամարտներուն:
Դարձեալ պատահական չէր, որ հայոց նորագոյն պատմութեան օրհասական այդ պահուն՝ Երեւանի հայութիւնը «դիկտատոր» կարգեց Արամին եւ անոր վստահեցաւ ազգային իր ճակատագիրին դարբնումը: Արամ արժանաւորապէս իրագործեց իր ուսերուն վրայ դրուած ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը եւ դարձաւ հիմնադիրը Հայոց Պետականութեան վերականգնումին:
Արամի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած ծաւալուն իր մենագրութեան մէջ, անդրադառնալով Երեւանի Յատուկ Կոմիտէի ղեկավարման շրջանին, Արշալոյս Աստուածատրեան կը վկայէ, թէ ինչպէ՛ս 5 Յունուար 1918ին, Սուրբ Ծնունդի օրերուն, յանուն Ազգային խորհուրդին Արամ ընդհանուր զօրակոչ յայտարարեց եւ մեր ժողովուրդը, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի իր աւանդական տօնախմբութեանց վերջ տալով, յօժարակամ փութաց տէր կանգնելու ազգային իր պարտաւորութեանց: Այդ առիթով արձանագրուած է Արամի վարքագիծն ու մտածողութիւնը պարզող հետեւեալ յուշ–պատգամը.
«Այսպիսի պայմաններում, ասաց նա, մեր ժողովուրդը հրաշքներ կարող է գործել: Շատ անգամ առիթներ եմ ունեցել նկատելու, որ մեր գիւղացուն պարտաճանաչութեան զգացումը հարազատ է: Գիտակցութեան նշան է այդ: Ազգային խորհրդի մի կոչը բաւարար է, որ նա իր համար այդ ազիզ օրին թողնի տուն ու տեղ եւ շտապի զէնքի տակ, երբ ստիպողական, հարկադրական ոչինչ չկայ: Մինչդեռ ռուս կառավարութեան զօրակոչը գլուխ էր գալիս ահ ու սարսափի ազդեցութեան տակ: Այսօր Օշականից ինձ մի այսպիսի դէպք պատմեցին: Երբ Ազգային խորհրդի կոչը հասնում է գիւղ, զինակոչի ենթակայ երիտասարդները պատրաստութիւններ են տեսնում Վաղարշապատ գալու՝ արձանագրուելու համար: Գիւղի ունեւորներից մէկը, որ ամբողջ պատերազմի ընթացքում իր որդուն զանազան միջոցներով ազատել էր զօրակոչից, Ազգային խորհրդի կոչը կարդալով՝ կանչում է որդուն եւ ասում. «Բալա, էլ Աստուած ինձ ղաբուլ չի անի, որ պահուես: Պատրաստուիր եւ Աստուած հետդ, բարի ճանապարհ, ո՛չ ոքից յետ չմնաս:
«Ես մի բանից եմ վախենում, շարունակեց Արամը, վախենում եմ՝ մենք սեւերես դուրս գանք մեր ժողովրդի առջեւ, չկարողանանք կազմակերպել գործը եւ կորցնենք նրա հաւատն ու վստահութիւնը»:
Այս աստիճան պարտքի եւ պատասխանատուութեան զգացումով սեփական ժողովուրդին պաշտող Արամը անտարակոյս պիտի յաջողէր իր առաքելութեան մէջ եւ այդպէս ալ եղաւ:
Հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ընդառաջեց Արամի պատմական կոչին, իսկ ինք՝ հայոց անզուգական ղեկավարը արժանաւորապէս առաջնորդեց հայութիւնը դէպի հայրենակերտ յաղթանակ:
Արամի անփոխարինելութեան խոր համոզումը ունէր հայ ժողովուրդի ռազմական տաղանդին բացառիկ ներկայացուցիչներէն զօրավար Սիլիկեան, որ Մայիսեան յաղթանակներուն ընդհանուր հրամանատարը եղաւ: Երբ 1917ի ձմեռնամուտին Թիֆլիսի մէջ բուռն քննարկումներ տեղի կ՛ունենային ռուսական բանակին կողմէ լքուած հայ–թրքական սահմանին համար զինուորական վարիչի պաշտօնին յարմար թեկնածու գտնելու հարցին շուրջ, Արամի նշանակման ընդդիմացող եւ փոխարէնը իր անձնական թեկնածութեան վրայ պնդող շրջանակներուն զօր. Սիլիկեան կը պատգամէր.
«Դժգոհները չեն ճանաչում Արամին: Երբ ճանաչեն, կը համոզուեն, որ ներկայումս նա ՄԻԱԿ կարող մարդն է այդ պաշտօնին համար: Ես ինչո՞ւ եմ հրաժարւում. որովհետեւ մէկ է՝ ես ինքս առանց Արամի ոչինչ չեմ անելու: Ես այժմ էլ առանց Արամի հետ խորհրդակցելու՝ ոչ մի կարեւոր քայլ չեմ առնում. իսկ վարիչի պաշտօնը յանձն առնելու պարագայում, գրասենեակս տեղափոխելու եմ նրա մօտ: Ոչ մի զինուորական վերարկու ո՛չ ոքի չի տայ այն՝ ինչ որ ունի Արամը»:
Այսօրինակ ազգային ղեկավար ու քաղաքական առաջնորդ էր Արամ եւ կենսագիրները միահամուռ կը վկայէն, որ եթէ անողոք հիւանդութիւնը չկտրէր կեանքի թելը Արամին, հայոց նորագոյն պատմութեան այս հսկան ի վիճակի պիտի ըլլար նաեւ առողջացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերը՝ մեր ժողովուրդին ազգային–հասարակական միասնութեան եւ կենսունակութեան ներքին շաղախը: Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքն ու ուժը ջլատող ցեցերու դէմ պայքարի մեծ գործ կար տակաւին եւ յատկապէս Արամ ի վիճակի էր պատուով յաղթական իր աւարտին առաջնորդելու այդ պայքարը:
Բայց ճակատագիրը ընդհատեց Արամի կեանքը եւ անաւարտ թողուց անոր ձեռնարկած մեծ գործը: Հայ ժողովուրդը արժանավայել յուղարկաւորութեամբ Արամը յանձնեց իր այնքան պաշտած մայր հողին: Այնքա՜ն դիպուկ է Արշալոյս Աստուածատրեանի նկարագրականը.
«Արամի յուղարկաւորութիւնը ժողովրդական մեծ սգի արտայայտութիւն էր: Հազարաւոր մարդիկ եկել էին վերջին յարգանքը մատուցանելու այն մարդուն, որին վստահել էին իրենց բախտը ամենածանր օրերին: Ես գիտեմ, թէ ի՛նչ է եղել Արամը՝ Երեւանի համար, բայց եւ այնպէս, երբ դագաղը դուրս բերինք բնակարանից, այն, ինչ տեսայ դուրսը՝ մի վայրկեան սթափեցրեց մեծ կորուստի ազդեցութիւնից ու զարմանք պատճառեց. աչքդ որ կողմ ուղղում էիր՝ ծով բազմութիւն. փողոց, տանիք, լուսամուտ, պատշգամ՝ բոլորը բռնուած էին մեծ տարածութեան վրայ. ամբողջ քաղաքը՝ մեծ ու փոքր՝ դուրս էին եկել փողոց: Պօղոս–Պետրոս եկեղեցուց սկսած մինչեւ հանգստարան, դիակառքը մնաց դատարկ. դագաղը տանում էին ձեռքերի վրայ, եւ տանողները գլխաւորապէս վանեցիք էին, որոնք յատուկ սէր ու գուրգուրանք ունէին Արամի հանդէպ: Դաշնակցութեան տան առջեւ դամբանականներ խօսուեցին: Հոյակապ էին եւ անմոռանալի Նիկոլ Աղբալեանի խօսքերը: Հանգստարանում խօսեցին Յ. Քաջազնունին եւ Ա. Գիւլխանդանեանը: Այդ օրը Հայաստանի մայրաքաղաքը խորունկ սուգի մէջ էր…»:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է