Մայիսեան յաղթանակի դրօշակը

By Asbarez | Tuesday, 27 May 2014

 

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Դրօշակը, որուն մասին կ՛ուզեմ խօսիլ, այն պարզ դրօշակը չէ, որ հասարակ ձողի մը վրայ կախուած, օրուան քմահաճ հովերուն հետ կը խաղայ:
Այս այն դրօշակն է, որ օր մը մեր տան մէջ ապագայի սեւեռում ունեցող եւ հայ ըլլալու տառապանքը զգացնող երազ եւ հաւատք բերաւ իր հետ ու մէջս նոր եւ գեղեցիկ զգացումներ արթնցուց:


Մեր ազատութեան տենչը արտայայտող դրօշակ մըն է այս մէկը, որուն պատմական գոյներուն մէջ կային նաեւ հրաշքի մը ոդիսականը եւ որ իր ծնունդէն ի վեր ամէն տարի մարդիկ գրած են իր մասին եւ երկարօրէն պարզած իր անկիւնադարձային իրականութիւնը:

Չեմ կարծեր, որ մինչեւ հիմա բան մը մոռցուած մնացած է իր մասին:

Գիտեմ նաեւ, որ արդէն ըսուած է ամէն բան ու թուղթին յանձնուած է ապրուած կեանքի մը պատմութիւնը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ազատ Հայաստանի մը անկախութեան կերտումը:

Բայց կը հաւատամ նաեւ, որ իմ դրօշակս ուրիշ է, տարբեր՝ միւսներէն:

Ակնարկս կ՛երթայ այն դրօշակին, երբ մենք տակաւին նախակրթարանի առաջին կարգերու աշակերտներ, գծագրութեան մեր պահուն, ուսուցիչին «ուզած նիւթերնիդ գծեցէ՛ք»ը հազիւ լսած, բոլորս ինքնակամ, մեր տետրակներու ճերմակ էջերուն վրայ, ներքին անյայտ եւ խոր մղումէ մը թելադրուած, արագօրէն նախ կը գծէինք իր երկու գագաթներով հսկայ եւ սրբազան լեռ Արարատը, ապա անոր ճիշդ մէջտեղը, նոր ծագող արեւ մը, իսկ արեւուն վրայ նիհար, ծուռիկ մուռիկ ձող մը, որուն վրայ բարձրացուցած կ՛ըլլայինք երեք գոյներու յատուկ տեղ ունեցող դրօշակ մը: Ապա բոլորս մէկ, առանց հրահանգի մը սպասելու, իւրաքանչիւրս իր թուղթին վրայ, խնամքով եւ ուշադիր գիծէն դուրս չելլելու եւ սրբանկար մը ներկելու բծախնդրութեամբ՝ նախ կարմիրը կը ներկէր, ապա կապոյտը եւ ապա վարի բաժինը՝ նարնջագոյնը, որմէ ետք հպարտանքով գիրուկ, բարձրահասակ գծագրութեան ուսուցիչին տանելով, ցոյց կու տայինք զայն համարձակօրէն:

Շատեր նոյնիսկ իրենց այս գծագրութեան թուղթին վրայ «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան», իսկ ուրիշներ ալ գունաւոր մատիտներով լերան տակը կամ արեւուն վրայ մեծատառ գրած կ՛ըլլային Մայիս 28, 1918:

Խօսքս ահա այս դրօշակի մասին է, որ ժամանակին մեր անմեղ օրերուն, մեր դպրոցէն եւ ակումբէն սրբութեան մը նման տուն բերած էինք եւ առանց անդրադառնալու, զայն շուտով մը ամրօրէն պահած մեր հոգիներուն խորը գտնուող հայկականութիւն կոչուած գանձատունին մէջ:

Այդ օրերուն մեր պատմութիւնն էր, որ մեր տարիքին հետ սկսած էր մեզի հետ պտտելու, մեզի հետ ապրելու եւ շնչելու, նոյնիսկ դառնալու ամէնօրեայ գեղեցիկ ներկայութիւն: Ու իսկապէս, երանելի օրեր էին: Հապա, երբ այս դրօշակին տարեդարձը հասնէր, մեր ծնողներուն ձեռքէն ամուր բռնած, խճողած հայ ամբոխը ճեղքելով, քաղաքի մեծ հանդիսասրահը կը մտնէինք՝ լսելու եւ տեսնելու նոյն այդ դրօշակի ծննդեան մանրամասնութիւնները՝ Եգիպտոսէն, Ամերիկայէն հրաւիրուած կամ մեր ակումբէն՝ «մեծ» մարդու մը կողմէ:

Տուն վերադարձին, սրահի մուտքին մեր կուրծքերուն վրայ, իբրեւ օրուան յիշատակելի նշանախորհուրդ կցուած «քոքարթ» զարդը, խնամքով կը պահէինք հայոց պատմութեան մեր գիրքին մէջ, յաջորդ օրը, ձեռնարկին ներկայ չեղող մեր դասընկերներուն ցոյց տալու, մեր այս գանձը, որ ոսկեղէն իրի մը չափ անգին էր մեզի համար:

Այսպէս, մեր տարիքին հետ, երկրորդականի մեր տարիներուն, այս փոքր յիշատակելի թղթիկը պզտիկ կտորէ շինուած եռագոյն դրօշակով մը կը փոխարինուէր:

Դրօշակ մը, որ այս անգամ մեր տունը կը մտնէր իբրեւ շրջանաւարտի վկայականի յատուկ նուէր:

Անկէ ետք, համալսարանի տարիներուն, օտար քաղաքի մեր ցուրտ ու խոնաւ սենեակին պատի գորգին վրայ, իբրեւ գեղեցիկ զարդ, գնդասեղներով ամրացուած կը պահէինք այս եռագոյնը, մեր հետ բերած տախտակէ խաչին ճիշդ կողքին՝ իբրեւ յայտարար նշան այս դրօշակի սրբութեան:

Տակաւին Մայիսեան այս իրական զարդին հանդէպ այլամերժներու դէմ վէճեր, վիճաբանութիւններ, քէներ, ժխտումներ, թունաւոր խօսքեր եւ սրտնեղութիւն:

Այս բոլորը յայտարար նշան էին, որ դրօշակը, թէեւ ինծի նման հազարաւորներ ունեցած էր իբրեւ պաշտող, բայց նոյնքան թիւով ալ ժխտողներ, որոնք ամէն առիթով կը փորձէին ոտնակոխ ընել զայն:

Բայց հակառակ այս բոլորին, ոչ ոք կրցաւ մեզ յուսալքել: Ընդհակառակն, մարդիկ հայ կամ օտար, որչափ ատէին զայն, այնքան մենք հոգիով ու սրտով մեզի աւելի մօտիկ կը պահէինք: Անոր արթուն պահակն էինք, մեր տրամաբանութենէն եւ խիղճէն մեզի վստահուած անգիր պաշտօնի մը նման: Աւելին, ոչ ոքի իրաւունք կու տայինք, որ փոշի ցաներ պատմական դրօշակին հանդէպ մեր ունեցած զգացումներուն վրայ: Մեր ծնողներուն կողքին, մեր վարժարանն ու ակումբը մեզի այս մէկը սորվեցուցած էին եւ նոյնիսկ մեր միտքերուն մէջ արմատացուցած՝ թէ ազատութիւնը մարդ էակին ամէնէն նուիրական պահանջն ու զգացումն է եւ թէ այս դրօշակը հայու ազատութեան շունչէն ծնած է:

Անոր համար, երբ ամէն տարի կը տօնէինք եռագոյնին ծնունդը, վայրկեանին մեր միտքերը ինքնաբերաբար կ՛երթային սաւառնիլ այն երեք ճակատամարտներու երկինքին վրայ, ուր թշնամին հայութեան մնացորդը փորձած էր բնաջնջել: Այդ վայրկեանին էր, որ յանկարծ կ՛անդրադառնայինք հրաշքի գերբնական ուժին, որ փոխած էր մեր դիմագիծը ու մեզ վերածած ինքնիշխան պետութեան, որ իր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն հաւաքական գոյամարտի արիւնով կեանքի նոր աւիշ տուած էր: Ազատ եւ անկախ ապրելու աւիշը: Այդ օրերուն էր, որ մեր ժողովուրդը վայելած էր ազատութիւնը ու իր վաղուան երազը սկսած էր հիւսելու Արարատի փէշերուն տակ, նոր սէրերով ու նոր տեսիլքներով փայլեցուցած իր աչքերը ու այս ձեւով իր գոյութիւնը իմաստաւորած:

Դրօշակս: Ու այս օրերուն ազատութեան եւ միութեան խորհուրդէն թելադրուած, ապրելու, վերապրելու, տոկալու եւ դիմանալու հպարտ խորհրդանիշով ծնած եռագոյնս, իբրեւ հաստատ իրականութիւն եւ իբրեւ հայրենի կենդանութեան եւ գոյատեւման ազդանշան հպարտօրէն կը ծածանի ամէն տեղ:

Նոյն այս դրօշակն է, որ այսօր դարձած է համայն հայութեան միակ դրօշակը: Դժբախտաբար սակայն այս ժառանգը մեզի փոխանցողները չտեսան այս օրերուն ազատ պետականութեան շէնքերու ճակատներուն անոր պանծալի ծածանումը: Բայց անկասկած նոյն այդ մեր մեծերը իրենց հոգիի, յոյսի եւ հաւատքի աչքերով տեսած էին այս բոլորը:

Անոնք էին, որ մեզի հաստատօրէն վստահեցուցին, թէ օր մը, անպայման օր մը, այս դրօշակը պիտի գտնէ իր պայծառութիւնն ու իր արժանավայել տեղը մեր բոլորին միտքերուն մէջ:

Դրօշակս: Աւելի ճիշդ եռագոյն դրօշակս, որ ազգիս համար այլեւս դարձած է հողի ազատութեան եւ մեր ինքնութեան խոր-հրդանիշը:

Դարձեալ Մայիս 28 է: Դարձեալ ազգային մեծ հրաշքի իրագործման սրբազան խորհուրդը կրող իմ ժողովուրդիս դրօշակի տօնն է:

Ուստի, տօնդ շնորհաւոր հայ ժողովուրդ:


comments